Քինկսթըն (անգլերէն՝ Kingston), Ճամայքայի մայրաքաղաքը։ Կը գտնուի Ճամայքա կղզիի հարաւային ափը։ 1976 թուականին ունէր 614 000 բնակչութիւն (արուարձաններով), իսկ 2010-ին՝ 936 600։ Սենթ Անտրուի հետ կ'առաջացնէ առանձին վարչական միաւոր։ Կը հանդիսանայ երկրի գլխաւոր առեւտրա-արդիւնաբերական եւ մշակութային կեդրոնը, նաւահանգիստը, երկաթուղային եւ ինքնաշարժներու ուղիներու հանգոյցը։

Բնակավայր
Քինկսթըն
անգլերէն՝ Kingston
A city which hath foundations
Երկիր  Ճամայքա[1]
Հիմնադրուած է՝ 1692
Տարածութիւն 480 000 000 քառակուսի մետր
ԲԾՄ 9±1 մեթր
Բնակչութիւն 580 000 մարդ (2009)[2]
Կը գտնուի ափին Քարիպեան Ծով
Ժամային գօտի UTC-5
Անուանուած է Քինգսթոն ապոն Թեմս?
Պաշտօնական կայքէջ ksac.gov.jm

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հիմնուած է 1692 թուականին որպէս Փօրթ Ռոյըլը աւերած երկրաշարժը վերապրածներու համար նախատեսուած վայր մը:

Նախքան երկրաշարժը Քինկսթընին տեղը պարապ վայր մը եղած էր։ Երկրաշարժէն ողջ մնացածները ճամբար մը տեղավորեցին ծովուն դիմացը: Մօտաւորապէս երկու հազար հոգի մահացաւ այդ ատեն մժեղներու տարածած ախտերէն: 1703-ին հրդեհէն Փօրթ Ռոյըլին վերջնական աւերուելէն ետք քաղաքը սկսաւ աճիլ: Կազմուեցաւ Քինկսթընի նախագիծ մը, ըստ որուն քաղաքը կազմուած էր ուղիղ փողոցներու ցանցէ եւ կը սահմանափակուէր չորս փողոցներով:

Առաջին ազատ դպրոցը բացուեցաւ 1729-ինը[3]: Նաեւ կար թատրոն մը, որ կը գործէ մինչ օրս: 1755-ին նահանգապետը որոշեց կառավարութիւնը Սփէնիշ Թաունէն Քինկսթըն տեղափոխել:

XVIII դարու վերջը քաղաքը ունէր 3 000-է աւելի աղիւսէ շենք: Ծովախորշը կը նպաստէր առեւտուրին: Մաս կազմեց XVIII դարու քանի մը ծովային պատերազմներու: Քինկսթըն իր վրայ վերցուց սպանական քաղաքի գործառոյթները, որոնց կարգին գիւղատնտեսութիւնը, առեւտրային, մշակութային եւ գլխաւոր փոխադրային հանգոյցը դէպի կղզիին միւս մասերը:

Կառավարական հաստատութիւնները Քինկսթըն տեղափոխուեցան 1872-ին եւ մայրաքաղաքին կարգավիճակը պահպանուեցաւ, երբ 1962-ին կղզին ձեռք բերաւ անկախութիւն: 1907-ի երկրաշարժէն զոհուեցան 800 հոգի: Այս երկրաշարժը աւերեց գրեթէ բոլոր պատմական շինութիւնները:

Քինկսթընի մէջ ներկայիս կը գտնուին Ուէսթ Ինտիօ համալսարանը, որ կը սպասարկէ Քարիպեան աւազանի երկիրները, նաեւ Պոպ Մարլիի թանգարանը:

Քինկսթընի աղքատ թաղամասերէն ծագում առած է ռէկկեյ (անգլերէն՝ reggae) երաժշտական ուղղութիւնը: 1960-ի Քինկսթըն Պրիթական Համագործակցութեան խաղերը տեղի ունեցած են:

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Քինկսթընի բնակչութեան մեծ մասը ունի ափրիկեան ծագում: Խոշոր ազգային փոքրամասնութիւններ XIX դարու վերջերը որպէս պայմանագրային ծառայողներ, ժամանած՝ Գարիպեան աւազանի երկիրներէն եկածներու եւ չինացիներու ժառանգները կը հանդիսանան: Եւրոպացիները գլխաւորաբար ծագում առած են Գերմանիայէն եւ Մեծ Բրիտանիայէն եկածներէ: Ազդեցիկ էթնիք խումբ կը կազմեն նաեւ սուրիացիները եւ լիբանանցիները: Լիբանանցիներէ ընտրուած է Ժամայքայի վարչապետներէն Էտուարտ Սէակա Edward Philip George Seaga: Սեւամորթ մեծամասնութիւն ունեցող այլ երկիրներուն նման, ճերմակամորթները կը ձեւաւորեն ընկերա-տնտեսական վերնախաւը:

Կրօնքը

Խմբագրել

Քաղաքին մէջ կան շատ տարբեր քրիստոնէական եկեղեցիներ: Մեծ մասը բողոքականներու եկեղեցիներ են, որ ժառանգած են կղզիին բրիտանական գաղութացումէն: Երկրորդը հռոմէա-կաթողիկէ եկեղեցիներն են:

Հրեայ բնակչութիւնը կը սպասարկէ սինակոկ, կան նաեւ պուտտիստներու եւ իսլամներու հոգեւոր շինութիւններ: Քինկսթըն կը գտնուին Ճամայքայի իսլամական խորհուրդը եւ Իսլամական կրթական կեդրոնը:

Քինկսթըն Ապրած Նշանաւոր Անձեր

Խմբագրել

Ծանoթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. https://www.zhihu.com/question/24096994/answer/27544729
  2. https://www.cia.gov/library/publications/the-world-factbook/geos/jm.html
  3. «Wolmers's Boys School»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-02-15-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-15 
  4. 4,0 4,1 Պոպ Մարլի որդին