Քնար երգչախումբ

Քնար երգչախումբ: Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան «ՔՆԱՐ» երգչախումբը հիմնադրուած է 1962-ին Հայր Անդրանիկ Կռանեան ի ջանքերով։ Երգչախումբը ներկայացուցած է հայ ազգային ու ժողովրդական երգացանկ ու կատարած զանազան համերգներ այդ օրերուն, ինչպէս նաեւ ելոյթներ ունեցած է պետական հեռուստակայանէն։

Սիրողական այս խումբը որու անդամները մինչ այդ մաս կը կազմէին եկեղեցւոյ երգեցիկ խումբին, իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է հայ խմբերգային արուեստը ծանօթացնելու ու սիրցնելու գործին մէջ։ Կարճ շրջանի մը համար խումբը ղեկավարած է խմբավար Պօղոս Ապաճեանը 70ական թուականներուն, ապա 80 ական թուականներուն խումբը վերակազմած է Անթուան Քէշիշեանը ու սկսած փայլուն գործունէութեան շրջան մը։

Խումբը միշտ իր ելոյթները ունեցած է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկան «Ամինեան» սրահին մէջ։ «ՔՆԱՐ» երգչախումբը մինչեւ օրս ամէն կիրակի եւ տօնական օր կը կատարէ Ս․ Պատարագի բազմաձայն երգեցողութիւնը Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Քնար երգչախումբի ղեկավարութիւնը 1986 թուականին

Խմբագրել

1986 թուականին խումբի ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ Սարգիս Քէշիշեանը, որ «ՔՆԱՐ»ի շուրջ կը հաւաքէ երիտասարդ անդամներ ու կը սկսի նոր շրջան մը աշխատանքի ու գործունէութեան։ Տարիներ շարունակ երգչախումբը կ՝ունենայ համերգներ ու մասնակցութիւններ զանազան հանդիսութիւններու ու տօնակատարութիւններու։

Քնար երգչախումբի ղեկավարութիւնը 1990 թուականին

Խմբագրել

1990 թուականին ՀԿՄ ի վարչութիւնը որ կը տնօրինէ երգչախումբը մայր հայրենիքէն կը հրաւիրէ արուեստագէտ պրն․ Ժիրայր Ալթունեանը խմբավարելու երգչախումբը։ Պրն Ալթունեանի աշխատանքը նոր որակ կը հաղորդէ երգչախումբի կատարումներուն ու ան մինչեւ 2001 թուական, ամէն տարի այցելելով Դամասկոս ու աւելի քան մէկ ամիս աշխատելով խումբին հետ կը պատրաստէ տարեկան ելոյթը ու կը ներկայացնէ զանազան համերգներ։

Այս հանգրուանին որպէս օգնական խմբավար ու խումբի ընկերակցող դաշնակահար Շանթ Քէշիշեանը կ՝ունենայ իր կարեւոր մասնակցութիւնը։ Երգչախումբը այս շրջանին ունեցած է շատ ելոյթներ, հիւրախաղերով մեկնելով, Հալէպ,Պէյրութ, Քեսապ, Լաթաքիա ու մասնակցութիւն բերած շատ մը փառատօներու։

Քնար երգչախումբի ղեկավարութիւնը 2002 թուականին

Խմբագրել

2002 թուականին խումբի ղեկավարութիւնը յանձն կ՝առնէ հայրենի խմբավարուհի Գայանէ Պաղտասարեանը, որ իր լուրջ աշխատանքով նոր փայլ մը կուտայ երգչախումբի կատարումներուն։

Քնար երգչախումբի ղեկավարութիւնը 2003 թուականին

Խմբագրել

2003 թուական սկսեալ երգչախումբի խմբավարն է Շանթ Քէշիշեանը որ կը շարունակէ աշխատիլ երգչախումբին հետ մեծ սիրով ու համբերութեամբ։ 2004 թուականին «Քնար»ը կը մեկնի Մայր Հայրենիք ու կը մասնակցի մեծ յաջողութեամբ «Մէկ ազգ,մէկ մշակոյթ» համահայկական առաջին փառատօնին, երգչախումբի պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրելով անմոռանալի ու յիշատակելի ելոյթներ ու այցելութիւններ։

Քնար երգչախումբի հիմնադրութեան 50 ամեակը

Խմբագրել

2012 թուականին երգչախումբը կը նշէ հիմնադրութեան 50 ամեակը տպաւորիչ համերգով մը Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

10 Յունիս 2012-ին, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական համերգ` «Քնար» երգչախումբին կատարմամբ, նուիրուած երգչախումբին հիմնադրութեան յիսնամեակին (1962-2012):

Սուրիոյ տագնապը եւ մշակոյթի պահպանման ճիգերը շնորհիւ Քնար երգչախումբի կազմին

Խմբագրել

Սուրիոյ ներկայ տագնապալի ու անապահով իրավիճակը ցաւալի ազդեցութիւն կ՝ունենայ հայապահպանման ու մշակոյթի պահպանման աշխատանքներուն վրայ։ Սակայն «Քնար երգչախումբ»ի անդամները կը հաւատան որ խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի ու երգչախումբի ձայնը լսելի պիտի դառնայ տակաւին երկար տարիներ։

Սուրիոյ Արաբ երաժշտանոցի դրուատանքը

Խմբագրել

«Քնար»ը իր գոյութեան երկար տարիներու ընթացքին մեծապէս գնահատուած է թէ հայ համայնքի կողմէ, թէ տեղացի արաբ երաժշտասէրներու կողմէ։ Անոր մասին բազմիցս դրուատիքով արտայայտուած են շատ մը տեղացի երաժիշտներ, մանաւանդ Սուրիոյ երաժշտանոցի հիմնադիր տնօրէն Սուլհի ալ Ուատին։

Պարգեւներ եւ Պատւոյ գիրեր

Խմբագրել

Քնար Երգչախումբը ստացած է բազմաթիւ շնորհաւորագրեր ու Պատուոյ գիրեր։ 2011-ին ստացած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան Պատուոյ գիրը:

2012 թուականին Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան Ոսկէ մետալը։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել