Շանթ Քէշիշեան
Շանթ Քէշիշեան ծնած է Դամասկոս 8 Սեպտեմբեր 1970-ին: Դաշնակահար, Քնար Երգչախումբին Խմբավար[1]: Դամասկոսի Պետական համալսարանէն վկայեալ Տնտեսագէտ: Համայնքային գործիչ, Գործարար սեփանակատէր:
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՇանթ Քէշիշեան ծնած է Դամասկոս 8 Սեպտեմբեր 1970-ին: Նախնական կրթութիւնս ստացած է Դամասկոսի հայ կաթողիկէ «Փարոս» վարժարանին մէջ, ապա միջնակարգ ու երկրորդական ուսումները հայ կաթողիկէ «Լոյս» ճեմարանին մէջ։ Համալսարանական ուսումը լրացուցած՝ աւարտելով Դամասկոսի պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը, միեւնոյն ժամանակ ամբողջացնելով Ֆրանսայի ակնոցի մասնագէտներու միութեան դպրոցի (UNSOF) հեռակայ (optique)-ի դասընթացքները (EPOD)։
Մինչ օրս մաս կը կազմեմ Հայ կաթողիկէ միութեան խորհուրդին ու կը շարունակեմ համեստ մասնակցութիւնս բերել միութենական գործունէութիւններու եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան, յուսալով որ մօտ օրէն ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը կը հաստատուին մեր երկրի Սուրիոյ մէջ ու կարելիութիւն կը ստեղծուի եռանդուն գործունէութիւն ունենալ հայապահպանման ու մեր մշակութային արժէքները պահելու ուղղութեամբ:
Ծնողները՝ Սարգիս Քէշիշեան եւ Շաքէ Ասատուրեան: Ունի քոյր մը Նայիրի Քէշիշեան, ամուսնացած Արա Խաչերեանի հետ, կը բնակին Պրիւքսէլ, Պելճիքա:
Աշխատանքի ասպարէզս մեր ընտանեկան ակնոցի «Ժոզէֆ» հաստատութեան մէջ է ուր կ՝աշխատիմ որպէս վաճառատան պատասխանատու եւ (opticien) տեսողութեան դժուարութիւններու սրբագրման մասնագէտ։
Երաժշտական կրթութիւն
ԽմբագրելՇանթ Քէշիշեան փոքր տարիքէն ունենալով սէր հանդէպ երաժշտութեան ու ըլլալով երաժշտասէր ընտանիքի զաւակ, ծնողներուն քաջալերանքով ստացած է երաժշտական կրթութիւն՝ յաճախելով Դամասկոսի արաբական (այժմ Սուլհի Ալ Ուատի) երաժշտական ուսումնարանը, հետեւելով դաշնամուրի դասընթացքներուն (1977-1988), ապա հետեւած եմ մասնաւոր դասերու Ռուս մասնագէտ Վիքթոր Պապենքոյի մօտ ներդաշնակութեան (հարմոնի) եւ խմբավարութեան:
Դամասկահայ համայնքային գործունէութիւն
ԽմբագրելՇանթ Քէշիշեան փոքր տարիքէն ընդգրկուած է դամասկահայ համայնքային կեանքին մէջ, ներկայ գտնուելով ու մասնակցելով զանազան ձեռնարկներու ու մշակութային հանդիսութիւններու ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծառայութեան, ապա որպէս միութենական մասնակցութիւն բերած եմ բազմաթիւ միջ միութենական հայկական ձեռնարկներու կազմակերպութեան:
Հայ կաթողիկէ միութեան Ս. Վարդան սկաուտական վաշտի՝ Պատանեկան ընդհանուր պատասխանատու
ԽմբագրելՄաս կազմած է Դամասկոսի հայ կաթողիկէ միութեան Ս. Վարդան սկաուտական վաշտին, ապա եղած է ընդհանուր պատասխանատու միութեան Պատանեկան բաժնի մինչեւ 2007 թուական:
Դաշնակահար եւ օգնական խմբավար հայրենի արուեստագէտներու ելոյթներուն հետ
Խմբագրել1986 թուականին հօրը՝ Սարգիս Քէշիշեանի ջանքերով ու այլ միութենականներու գործակցութեամբ նոր թափ տուած են միութեան «Քնար» երգչախումբի (հիմնադրուած 1962-ին Հայր Անդրանիկ Կռանեանի կողմէ) գործունէութեան:
1986 թուականէն սկսեալ ընկերակցած է Քնար երգչախումբին որպէս դաշնակահար եւ վարած օգնական խմբավարի պաշտօնը երբ Հայաստանէն հրաւիրած են հայրենի արուեստագէտներ Պարոն Ժիրայր Ալթունեանը, ապա Օրդ․ Գայանէ Պաղտասարեանը որպէս մասնագէտ խմբավարներ (1990 -2002) միասնաբար ունենալով բազմաթիւ ելոյթներ ու համերգներ:
Քնար Երգչախումբի Խմբավար
Խմբագրել2003 թուականէն սկսեալ կը վարէ «Քնար» երգչախումբի խմբավարութիւնը, ունենալով տարեկան ելոյթներ ու մասնակցութիւններ զանազան միջոցառումներու ու երաժշտական փառատօներու։ Համերգներ Հալէպ,Լաթաքիա,Պէյրութ եւ Քեսապ:
Համահայկական փառատօններու մասնակցութիւն՝ ելոյթներ
Խմբագրել2004 թուականին Շանթ Քէշիշեան մասնակցած է Քնար երգչախումբին հետ Հայաստանի մէջ կայացած «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» համահայկական առաջին փառատօնին ունենալով անմոռանալի համերգներ ու այցելութիւններ Մայր Հայրենիքի կարեւորագոյն պատմամշակութային վայրերը։
2006 թուականին ներկայ գտնուած է «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» Համահայկական երկրորդ փառատօնին ընդառաջելով կազմակերպիչներու հրաւէրին:
Քնար երգչախումբի 50-րդ ամեակը եւ Հայաստանի Դեսպանատան Ոսկէ Մետալը
Խմբագրել2012-ին ի հեճուկս երկրի մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն համերգով մը նշեցինք Քնար երգչախումբի 50-ամեակը, այդ առիթով մեծ շնորհակալութեամբ ձեռամբ ՀՀ Դեսպան Դոկտ․ Արշակ Փոլատեանի ստանալով Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ոսկէ մետալը:
Շնորհակալագիր եւ Պատւոյ գիրեր
ԽմբագրելԶանազան առիթներով Քնար երգչախումբը ստացած է շնորհակալագիրեր՝ որոնցմէ կարեւորագոյնը՝
2011 թուականին Հայաստանի անկախութեան 20 ամեակին առթիւ Քնար երգչախումբին տրուած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան Պատուոյ գիրը։ Այստեղ նշեմ թէ Հայաստանի դեսպանութիւնը Դամասկոսի մէջ եղած է միշտ մեզ քաջալերող ու զանազան առիթներ ստեղծած մասնակից դառնալու մշակութային ձեռնարկներու։
Շանթ Քէշիշեան կը ստանայ Ոսկէ Մետալ Հայաստանի հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարարութեան կողմէն
Խմբագրել2014 թուականի սեպտեմբերին ՀՀ անկախութեան տօնի առիթով, Շանթ Քէշիշեան ձեռամբ դոկտ․ Արշակ փոլատեանի ստացած է Հայաստանի հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարարութեան ոսկէ մետալը շնորհուած Մշակոյթի Նախարար տիկին Յասմիկ Պօղոսեան կողմէ,
Շանթ Քէշիշեան կը ստանայ Պատուոյ Գիր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն
Խմբագրել2016 թուականին, ստացած եմ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրը, որպէս անդամ Դամասկոսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման միջ միութենական մարմնին։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Դամասկոս. «Քնար» Երգչախումբի Յիսնամեակին Նուիրուած Համերգ
- Սուրիոյ Եւ Լիբանանի «Քնար» Եւ «Կռունկ» Երգչախումբերու Միացեալ Երգահանդէսը Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.
- «Քնար» երգչախումբի մասնակցութիւնը 24 Ապրիլ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած դամասկահայութեան կեդրոնական յուշահանդէսին,«Ամինեան» սրահ։[permanent dead link]
- Մամուլի հաղորդագրություններ Սիրիայում տեղի է ունեցել Հայաստանի մշակութային օրերի պաշտոնական բացումը 01.12.2008[permanent dead link]
- Դամասկոսի Հայ Կաթողիկե Միության “Քնար” երգչախումբ Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.
- Շանթ Քեշիշեանը պարգեւատրուել է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան Ոսկե մետալով
- News > Syrian Armenians > Sarkis Keshishian: Our sole interest is to keep the Armenian identity alive