Քննարկում:Սարգի Մուրատեան

Սարգի Մուրատեան
Ծնած է Նոյեմբեր 15, 1931ին
Ծննդավայր Պէյրութ
Մահուան վայր Լոս Անճելըս
Քաղաքացիութիւն ԱՄՆ
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն Պատկերասփիւռի հայերէնով առաջին յայտագիրներ արտադրիչ, Երաժիշտ, բեմադրիչ, դերասան, երգերու եւ թատերգութիւններու հեղինակ
Մասնագիտութիւն Շարժանկարի եւ հեռուստատեսիլի արտադրիչ
Գործունէութիւն Բեմադրած է՝ «Սասունի Զաւակներ» (1973), «Երջանկութեան Արցունքները» (1975), «Սիրոյ Խոստում»ը (1978), «Մուսա Տաղի 40 Օրերը» (1982), «Ալիսիա» (2002) եւ այլ ֆիլմեր։

Սարգի Մուրատեան ծնած էր Նոյեմբեր 15 1931ին, Պէյրութ, Լիբանան - մահացած՝ Փետրուար 10 2022ին, Լոս Անճելըսի մէջ: Շարժանկարի եւ հեռուստատեսիլի հանրածանօթ արտադրիչ եւ բեմադրիչ, երաժիշտ եւ Դերասան:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սարգի Մուրատեան ծնած էր Պէյրութ 1931-ին եւ փոքր տարիքէն երաժշտութեան եւ թատրոնի մէջ մտած էր։ Յօրինած էր զանազան ժողովրդական երգեր եւ բեմադրած՝ թատրերգութիւններ, նաեւ ինքն ալ դերեր ստանցնելով։ 1955ին փոխադրուած է Պոսթըն իր երաժշտական հմտութիւնը զարգացնելու համար, իսկ 1960ին՝ Լոս Անճելըս, հետեւելով «Արուեստներու թատրոն»ի դասընթացքներուն. ան ապա հոն դերեր ստանձնած է եւ աշխատած շարժապատկերի բնագաւառէն ներս։

Քանի մր տարի ետք պատրաստեց իր առաջին շարժանկարը 1965-ին «Պաղտասար Աղբար»ը՝ լայն ժողովրդականութիւն ապահովելով։ Ապա բեմականացուց նաեւ այլ շարժանկարներ – «Սասունի Զաւակներ» 1973-ին, «Երջանկութեան Արցունքները» 1975-ին, «Սիրոյ Խոստում»-ը 1978-ին, եւ «Մուսա Տաղի 40 Օրերը» 1982-ին, «Ալիսիա» (2002) եւ այլ ֆիլմեր

Մուրատեան 1978-ին հաստատեց «Հայկական Հեռուստաժամ» (Armenian Teletime) յայտագիրը։

Պատկերասփիւռի հայերէնով առաջին յայտագիրները արտադրած Սարգի Մուրատեան նաեւ շարժապատկերներ արտադրած եւ բեմադրած է, հեղինակած է երգեր եւ թատերգութիւններ, ինչպէս նաեւ դերասանութիւն կատարած է։

Պարգեւներ

Խմբագրել

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը 2016ին մեծարած էր Մուրատեանին։

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ոչ Եւս Է Պատկերասփիւռի Հայերէնով Յայտագիրներ Արտադրած Սարգի Մուրատեան

Ոչ եւս է Սառգի Մուրատեան

Return to "Սարգի Մուրատեան" page.