Քննարկում:Վան Լէօ

Latest comment: 3 տարի առաջ by Azniv Stepanian

Մասնակից Շաքէ Մանկասարեան, գնահատելի է ձեր տարած աշխատանքը, սակայն ըստ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի կանոններուն, կրկին եւ վերջին անգամ, ձեր նկատողութեան կը յանձնենք, որ Ուիքիփետիայի յօդուածները թղթակցութիւներու եւ կամ լրագրողական յօդուածներու պէտք չէ նմանին։ Յօդուածները պէտք է ունենան հանրագիտական ոճ եւ վստահելի աղբիւրներ․ հակառակ պարագային յօդուածները կրնան ջնջման, իսկ յօդուածագիրը՝ արգելափակման ենթարկուիլ։ Այդ կանոնները պարբերաբար խախտուած են եւ կը շարունակուին խախտուիլ ձեր խմբագրած յօդուածներուն մէջ։

Ուստի այս վերջին զգուշացումն է պատշաճ սրբագրութիւնները կատարելու համար։ Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք, որ կրնաք արգելակուիլ, եօթ օրուան ընթացքին սրբագրութիւնները չկատարելու պարագային։--Azniv Stepanian (քննարկում) 10:29, 16 Նոյեմբեր 2020 (UTC)Պատասխանել

Return to "Վան Լէօ" page.