Քուլիս (հանդէս)
Քուլիս, թատերական, գրական եւ գեղարուեսաական երկշաբաթեայ պատկերազարդ հանդէս։ Լոյս տեսած է 1946-1999 թուականներուն, Պոլիս։ Խմբագիր եւ հրաաարակիչ՝ Յակոբ Այվազ։
Քուլիս | |
---|---|
Տեսակ | Շաբաթաթերթ |
Խմբագիր | Յակոբ Այվազ |
Հիմնադրուած է | 1946 |
Հրատարակիչ | Յակոբ Այվազ |
Պատմութիւն
Խմբագրել«Քուլիս»ի ուղին սկսած է 1946-ին, Ղալաթիոյ «Կիւլ» խանէն։ Յակոբ Այվազ, Զարեհ Արշակի եւ Նազարէթ Տօնիկեանի հետ, ձեռնարկած է հրատարակել արուեստի ու մշակոյթի հանդէս մը։
Առաջին թիւը ունեցած է 16 էջ ու 500 տպաքանակ, իսկ կողքը ձեւաւորած է Պերճ Կիւրթեն, որ Պապ-ը Ալիի գծագրիչներէն էր։ Առաջին տարիէն ետք Այվազ սկսած է առանձինն հրատարակել հանդէսը եւ տպաքանակը հասցուցած է 2500-ի։
Այվազ1948-ին այցելած է Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Իրան, Յունաստան եւ Եգիպտոս՝ հանդէսը ծանօթացնելով տեղւոյն գաղութներուն, որոնցմէ հաւաքած մշակոյթի ու արուեստի նիւթերը տարածած է աշխարհացրիւ ընթերցողներուն՝ ըլլալով արուեստագէտներու ու արուեստասէրներու միջեւ ամուր փոխազդեցութեան մը նախաձեռնողը։
1946-1996 թուականներուն անընդմէջ հրատարակուած «Քուլիս» եղած է ներշնչանքի աղբիւր մը անկախ հրատարակիչներու համար՝ որպէս արուեստի ու մշակոյթի հրատարակութիւններու յաջողած հազուագիւտ օրինակ մը։
Բովանդակութեամբ ու աշխատակիցներով «Քուլիս» յաջողած է մատչելի դառնալ հազարաւոր ընթերցողներու։ Պոլսահայ գրաւոր մշակոյթի պատմութեան մէջ «Քուլիս» ունեցած է անփոխարինելի տեղ մը։ Իր 1104 թիւերը մշակոյթի ու արուեստի հսկայ արխիւ մըն են Թուրքիոյ թատերական կէսդարեայ յիշողութեան մէջ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Koleksiyon | Hrant Dink Vakfı Arşivi»։ archive.hrantdink.org։ արտագրուած է՝ 2021-05-05