Ֆրետերիք Թէյլըր
Ֆրետերիք Ուինսլու Թէյլըր (անգլերէն՝ Frederick Winslow Taylor, 20 Մարտ 1856[1][2][3][…], Ճըրմըն Թաուն, Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 21 Մարտ 1915[1][2][3][…], Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4]), ամերիկացի ճարտարագէտ, աշխատանքի եւ ղեկավարութեան գիտական կազմակերպման հիմնադիր։
Ֆրետերիք Թէյլըր անգլերէն՝ Frederick Winslow Taylor | |
---|---|
| |
Ծնած է | 20 Մարտ 1856[1][2][3][…] |
Ծննդավայր | Ճըրմըն Թաուն, Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Մահացած է | 21 Մարտ 1915[1][2][3][…] (59 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4] |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ուսումնավայր |
Ամերիկայի Ֆիլիփս Էքզիթըր Ակադեմիա Արհեստագիտութեան Սթիվընս Հիմնարկ |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | The Principles of Scientific Management? |
Մասնագիտութիւն | տնտեսագէտ |
Աշխատավայր |
Tuck School of Business? Midvale Steel? |
Անդամութիւն | Ամերիկեան Փիլիսոփայական Ընկերութիւն եւ Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ |
Ծնողներ | հայր՝ Franklin Taylor?[5] |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՖրետերիք Ուինսլու Թէյլըր ծնած է իրաւաբան ընտանիքի մը մէջ։ Կրթութիւնը ստացած է Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, ապա՝ Նիւ Հէմփշըրի մէջ գտնուող Ֆ. Էքզիթըրի կաճառին մէջ։ 1876-ին աւարտած է Հարվըրտի իրաւաբանական քոլէճը, բայց տեսողութեան հարցերու պաճառով չէ կրցած շարունակել ուսումը եւ աշխատանքի անցած է Ֆիլատելֆիոյ ջրաբաշխական չափագիտութեան սարքաւորումներու գործարանի արտադրական արհեստանոցին մէջ։ 1878-ին՝ տնտեսական ճգնաժամի գագաթնակէտին, կ'աշխատի Միտվելեան պողպատի գործարանին մէջ։
1882-1883 թուականներուն իբրեւ ղեկավար աշխատած է մեքենաշինութեան արհեստանոցին մէջ։ Զուգահեռաբար ստացած է գիտական կրթութիւն (ճարտարագէտ - մեքենագէտի աստիճան, Սթիվընսի արհեստագիտական հիմնարկ, 1883)։ 1884-ին Թէյլըր դարձած է ճարտարագէտ, նոյն թուականին ալ ան առաջին անգամ մշակած է աշխատանքի արտադրողականութեան համար տրուող վճարման համակարգը։
1890-1893 թուականներուն եղած է Ֆիլատելֆիոյ մէջ գտնուող Արտադրողական ներդրումներու կազմակերպութեան գլխաւոր ղեկավարը, Մենի եւ Ուիսքոնսընի թուղթի արտադրութեան հաստոցներու սեփականատէրը, կազմակերպած է կառավարչական խորհուրդի ոլորտին սեփական գործը՝ առաջինը կառավարութեան պատմութեան մէջ։
1906-ին Թէյլըր դարձած է ճարտարագէտ-մեքենագէտերու ամերիկեան ընկերութեան նախագահ, իսկ 1911-ին հիմնած է գիտական կառավարաբանութեան աջակցութեան ընկերութիւնը։
1895-էն Թէյլըր կը սկսի իր հանրայայտ հետազօտութիւնները աշխատանքին գիտական կազմակերպման։ Կազմած է մօտաւորապէս իր հարիւր յայտնագործութիւններուն արտօնագրերը։
Մահացած է 21 Մարտ 1915-ին, թոքերու բորբոքումէն Ֆիլատելֆիոյ մէջ։
Հիմնական ներդրումը
ԽմբագրելԹէյլըր ժամանակին ԱՄՆ-ի մէջ ենթարկուած է բազմաթիւ քննադատութիւններու։ «Համընդհանուր արհամարհանքի» քարոզարշաւը, որ բարձրացուած էր արհիմիութենական ղեկավարութեան կողմէ՝ ընդդէմ Թէյլըրի, որ կը համարուի ամէնէն դաժաններէն մէկը Ամերիկայի պատմութեան մէջ։ Ըստ Թէյլըրի, իւրաքանչիւր որակաւորուած եւ չորակաւորուած աշխատանք կրնայ վերլուծութեան ենթարկուիլ, համակարգուիլ եւ ուսուցման գործի ընթացքին փոխանցուիլ։ Անոր գաղափարներու հետեւանքով կը յառաջանայ ժամանակաւոր մասնագիտական արհեստագիտական ուսուցման համակարգը։ Այդ օրերու արհիմիութիւններն ալ հիմնականին մէջ խաւային կրթութիւն ստացածներն էին, որոնք սրբօրէն կը պահպանէին իրենց «վարպետութեան գաղտնիքները», չէին համակարգեր իրենց գիտելիքները եւ տուեալ պահուն չունէին անոնց գրաւոր ապացոյցը։ Թէյլըրի գաղափարները այնքան կը շօշափէին անոնց հետաքրքութիւնները, որ արհիմիութենական առաջնորդները կը հասնին Քոնկրէսի այն որոշման, որ կ'արգիլուին «աշխատանքային գործընթացներու հետազօտութիւնները» զէնքի պետական գործարաններուն եւ նաւերուն մէջ։ Ժողովրդավարական Ամերիկայի պատմութեան մէջ, այսպիսի նախադէպեր չափազանց հազուադէպ էին։ Այս արգելքները կը գործուէին նոյնիսկ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք։ Դրամատէրերը կը քննադատէին Թէյլըրը, որ «կառավարման գիտական մեթոտներու» ներդրումէն գոյացած եկամուտերու հսկայ բաժինը կը հասնի ոչ թէ աշխատողներուն, այլ կազմակերպութեան ղեկավարներուն[6]։
Թէյլըր իր աշխատանքներուն մէջ կը գրէր.
Կազմակերպութեան կառավարման գլխաւոր խնդիրը պիտի ազդէ առաւելագոյն շահոյթի ստացումը արտադրողին համար՝ աւելցնելով տուեալ կազմակերպութեան աշխատող իւրաքանչիւր աշխատակիցի առաւելագոյն բարեկեցութիւնը։ |
Թէյլըր նաեւ կը համարէր, որ կազմակերպութեան իշխանութիւնը պէտք չէ պատկանի միայն սեփական տիրոջ՝ հիմնելով մեքենաշինութեան իրաւունքին վրայ։ Պիտի կառավարեն յատուկ պատրաստուած մարդիկ, որոնք ժամանակին եզրաբանութեան մէջ կը կոչուէին կառավարիչներ։ Այդ ժամանակուան դրամատէրերուն համար ան հերետիկոսութիւն կ'ընէր։ Թերթերը՝ ըստ իրեն՝ «ընկերվարական» եւ «խռովարար» էին։ Ամերիկայի այդ ժամանակուան կազմակերպութիւնները, որոնք հերթականօրէն կը ներդրէին Թէյլըրի գիտական օրէնքները, չէին արձանագրած ոչ մէկ գործադուլ կամ որեւէ այլ ընկերային հակասութիւն՝ հակառակ բոլոր այն բարդութիւններուն, որոնց կը հանդիպէին նորարարութիւններու ներմուծման ատեն[7]։ Համագործակցութեան ոգին աշխատողին եւ ղեկավարին միջեւ դարձած էր աշխատանքի մարդասիրական հիմք։ Անոր արտադրական կառավարման կեդրոնական գործօնը դարձած է մարդկային գործօնը։ Թէյլըր կը գրէր.
Չկան երկրիներ աղքատ ու հարուստ, կան երկիրներ՝ կիրթ ու անկիրթ։ |
Գրականութեան մէջ
Խմբագրել- Եւկենի Զամյատինին Ֆրետերիք Ուինսլու Թէյլըրը կը համարէ հին ժամանակներու մեծագոյն անձնաւորութիւնը։
- «Թէյլըր ամերիկեան ճարտարագէտ էր եւ վառ, անհաւասարակշռուած անձնաւորութիւն մը։ 1915-ին իր մահուան պահուն ան նուաճած էր «աշխատաւորներու գլխաւոր թշնամի»ին հեղինակութիւնը, այն բանէն ետք, երբ 1911-ին զինք հրաւիրած էին պաշտպանելու իր կառավարման համակարգը ԱՄՆ-ի Պալատի ներկայացուցիչներուն դիմաց։ Ամէնէն քննադատուող կազմակերպման տեսաբաններէն մէկը՝ ա կը դառնայ ամէնէն ազդեցիկներէն մէկը։ Գիտական կառավարաբանութեան անոր սկզբունքները անկիւնաքար էին աշխատանքի կազմակերպման գործին Ի. դարու առաջին կէսին, որոնք յաճախ կը գերիշխեն մինչեւ օրս»:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Mee J. F. Encyclopædia Britannica
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Բրոքհաուզի հանրագիտարան
- ↑ 4,0 4,1 4,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #11880149X // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
- ↑ 5,0 5,1 Geni — 2006.
- ↑ Ֆրետերիք Թէյլըրի աշխատութիւնները
- ↑ «Գիտական կառավարաբանութեան սկզբունքները» Ֆրետերիք Ուինսլոու Թէյլըր
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Կաղապար:Gutenberg author
- Յատուկ հաւաքածոներ. Ֆ. Ու. Թէյլըրի հաւաքածոյ Archived 2009-02-23 at the Wayback Machine.