Airexpo
Airexpo-ն Ֆրանսական տարեկան օդային հանդիպում մըն է։ 1987-էն ի վեր կ'անցնի Թուլուզիի մօտ, Միւրէ-Լհերմի օդակայան[1]։
Միակ օդային հանդիպումն է, զոր կը կազմակերպուի ու կը ղեկավարուի ուսանողներու կողմէ։ Ուստի ISAE-SUPAERO-ի (Institut Supérieur de l'Aéronautique et de l'Espace) եւ ENAC-ի (École Nationale de l'Aviation Civile) առաջին տարուան ճարտարագէտ ուսանողները միասին կը կազմակերպեն այս հանդիսութիւնը։ Airexpo-ն Ֆրանսայի երրորդ ամենամեծ օդային հանդիպումն է, Պուրժէի ու Լա Ֆերթէ-Ալէի հանդիպումներէն ետք։
Ներկայացում
ԽմբագրելՎեց ամսուան ընթացքին, այս երկու դպրոցներէն 40 ուսանողներ կը կազմակերպեն այս հանդիպումը։ Տասը տարիներէ ի վեր, թռիչքի տնօրէնութենէն խումբ մը՝ Դանիէլ Պինարի առաջնորդութեամբ, կ՛օգնէ անոնց։ Այս ծրագիրը ընդարձակ է եւ կը միտի ներկայացնել օդանաւորդութիւնը իր ամբորջութեան մէջ։ Այս հանդիսութեան ընթացքին, թռիչք կ'առնեն Robin DR-400, Piper Cub ու Boeing-Stearman Model 75 օդանաւերը։ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն «կործանիչ օդանաւեր» յաճախ կը մասնակցին, ինչպէս՝ Supermarine Spitfire եւ North American P-51 Mustang։ Առեւտրական օդանաւորդութեան ներկայացուցիչներն են ATR 72 ու Airbus-ի նաւատորմէն բազմաթիւ ինքնաթիռներ՝ Airbus A320, Airbus A380, Airbus A350 XWB։ Զինուորական օդանաւորդութեան վերաբերեալ, McDonnell Douglas F/A-18 Hornet ու Dassault Mirage 2000 «կործանիչ օդանաւեր» արդէն թռիչք առած են Airexpo-ի ատեն։ Ճարտար օդաչուութեան ջոկատներ մասնակած են վերջին ներկայացումներուն՝ Ֆրանսական Ջոկատը -«Patrouille de France»-, Breitling Ջոկատը, Կանաչ Երթին Ջոկատը -«Patrouille de la Marche Verte»- եւ Կարմիր Սլաքները։
Ֆրանսական սաւառնագիտութեան դեսպան
ԽմբագրելAirexpo հանդիպումը դարձած է Ֆրանսական սաւառնագիտութեան դեսպանը։ Բազմաթիւ ինքնաթիռներով Թուլուզցիներ կարելիութիւն կ՛ունենան աւելի ճանչնալու սաւառնագիտութեան աշխարհը։ Ուստի ISAE-SUPAERO-ի եւ ENAC-ի ճարտարագիտութեան ուսանողները կը բարձրացնեն օդանաւորդութեան ու անջրպետային ճարտարարուեստի որակը, եւ իրենց խանդավառութիւնը կը բաժնեն ժողովուրդին հետ։ Airexpo-ի ընթացքին ոեւէ անձ կրնայ անոնց հետ խօսիլ տեղեկութիւն ստանալու համար սաւառնագիտութեան արհեստներուն մասին։
Airexpo հանդիպումները
ԽմբագրելԼազպորտէն մինչեւ Միւրէ-Լհերմ
ԽմբագրելԱռաջին ցուցադրութիւնները կազմակերպուած են Թուլուզ-Լազպորտի օդակայանին մէջ։ Ժամանակի ընթացքին, այցելողներուն թիւը կը բազմանայ եւ վայրը փոքր կը թուի մեծ թիւով ժողովուրդ ընկալելու համար։ Կազմակերպութիւնը կ՛որոշէ Միւրէ-Լհերմի օդակայանին մէջ շարունակել գործընթացը։ ։
16-րդ ու 17-րդ ցուցադրութիւններ (2002-2003 թուականներուն)
Խմբագրել1 Յունիս, 2002-ին, 16-րդ ցուցադրութեան, Ֆրանսական Ջոկատը իր մասնակցութիւնը կը բերէ։ 3 Մայիս, 2003-ին, 17-րդ հանդիպումին, 8 ԱլֆաՃէթեր դարձեալ կը մասնակցին Ֆրանսական Ջոկատի 50-րդ տարեդարձի ի պատիւ կազմակերպուած յատուկ հանդիսութեան։
20-րդ ու 21-րդ ցուցադրութիւններ (2006-2007)
Խմբագրել13 Մայիս, 2006-ին, 20-րդ հանդիպումը 30.000-է աւելի մարդ կը հիւրընկալէ։ Շաբաթ, 12 Մայիս, 2007-ին, 21-րդ Airexpo-ն տեղի կ՛ունենայ, որու ներկայ կը գտնուին 33.000 հանդիսատեսներ։
22-րդ ցուցադրութիւն (2008)
Խմբագրել22-րդ իւրայատուկ ցուցադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ Թուլուզ-Ֆրանքազալ 101-րդ օդային կեդրոնին մէջ, ուր մասնաւորապէս թռիչք կ'առնեն՝ Douglas DC-3, Noratlas, Dassault Rafale ու Airbus A330-600ST Beluga օդանաւերը[2]։ Ցուցադրութիւնը կը փակուի Airbus A380-ին ներկայացումով։
Բացի ասկէ, ուսանողները կը ներկայացնեն՝ AirExpose յառաջադրումը. Ժողովուրդը կը համախմբուի Ստեփան Ռուսոնին թեւի ուժով շարժող գնդակին շուրջ։
23-րդ ցուցադրութիւն (2009)
Խմբագրել30 Մայիս, 2009-ին, 23-րդ ցուցադրութիւնը դարձեալ Միւրէի մէջ տեղի կ՛ունենայ։
Բազմաթիւ ինքնաթիռներ կը ներկայացուին, ինչպէս՝
- Ֆրանսական Ջոկատը (ԱլֆաՃէթ),
- Airbus A380,
- ATR 72,
- P-51 Mustang,
- Փորթուկալի Rotores ջոկատը։
24-րդ ցուցադրութիւն (2010)
Խմբագրել29 Մայիս, 2010-ին, 24-րդ ցուցադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ Միւրէ-Լհերմի օդակայանին մէջ, հինգ ժամ տեւողութեամբ, 30 օդային ցուցադրութեամբ։
Մասնակցող ինքնաթիռներուն մէջ կային՝
- մարդատար ինքնաթիռներ՝ Airbus A380, Airbus Beluga, ATR 72, ATR 42,
- Ֆրանսական Ջոկատը, որու գլխաւոր օդաչուն առաջին անգամ ըլլալով կին էր,
- զինուորական օդանաւեր՝CASA C-295, CASA CN-235, F18,
- առասպելական օդանաւեր՝ Supermarine Spitfire, FW 190, Sea Fury, Douglas DC-3,
- ճարտար օդաչուութեան օդանաւեր՝ Extra 330, Cap 232, Pitts S-2A,
- սահող առանց շարժական ուժի օդանաւեր ու պզտիկ օդանաւեր։
Այդ տարի, 2010-ին յատուկ կերպով Ֆրանսայի Գեղեցկուհին ներկայ կը գտնուի։
25-րդ ցուցադրութիւն (2011)
Խմբագրել28 Մայիս, 2011-ին 25-րդ ցուցադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ 25-րդ տարեդարձի առիթով։ 20 թռիչքներէն կային՝
- «Ոսկի Փամբփուշտ» ճարտար օդաչուութեան ջոկատը,
- Պերճանքի ջոկատները՝ Breitling Ջոկատը եւ Կարմիր Սլաքները,
- Առաջին անգամ ըլլալով EC175
- Airbus A400M,
- Airbus A380,
- հին «կործանիչ օդանաւեր»՝ Curtiss P-40, Mistubishi A6M, Douglas AD Skyraider,
- Սահող առանց շարժական ուժի ճարտար օդաչուութիւն։
26-րդ ցուցադրութիւն (2012)
Խմբագրել12 Մայիս, 2012-ին, 26-րդ ցուցադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ։ 20 թռիչքներերուն ընթաքին կար՝
- Airbus Beluga,
- Airbus A380,
- Breitling եւ Ոսկի Փամփուշտ ջոկատները,
- Նոր ինքնաթիռներ՝ ինչպէս Eurocopter EC-130 T2 ու ATR 42-600,
- Հին «կործանիչ օդանաւեր»,
- Ճարտար օդաչուութիւն։
27-րդ ցուցադրութիւն (2013)
Խմբագրել8 Յունիս, 2013-ին, 27-րդ ցուցադրութիւնը արձանագրուած էր[3]. Airbus A380, Airbus Beluga, Ֆրանսական Ջոկատը ու Ֆրանսական օդային բանակի ճարտար օդաչուութեան խումբերը պիտի մասնակցէին, բայց հանդիսութիւնը տեղի չ՛ունենար կարկուտի պատճառով։ Յաջորդ օրը, հաշմանդամ երեխաներուն համար Les Citoyens du Ciel կազմակերպութեան ծրագրած թռիչքները եւս տեղի չեն ունենար։
28-րդ ցուցադրութիւն (2014)
Խմբագրել28-րդ ցուցադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ 30 Մայիս, 2014 Միւրէ-Լհերմի օդակայանին մէջ։ 20.000 ժողովուրդ կրցան նայիլ 30 օդային ցոյցէն աւէլի։
29-րդ ցուցադրութիւն (2015)
Խմբագրել29-րդ ցուցադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ 30 Մայիս, 2015 Միւրէ-Լհերմի[4][5], օդակայանին մէջ։ Մարոքի Կանաչ Երթին Ջոկատը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի։ Airbus A350ը եւ Ոսկի Փամփուշտ Ջոկատը դարձեալ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն։ Յուցադրութեան ղեկավարն էր ճարտար օդաչուութեան յաղթականը՝ Մելանի Ասլ։
30-րդ ցուցադրութիւն (2016)
Խմբագրել12 Մայիս, 2016-ին, 30-րդ ցուցադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ Միւրէ-Լհերմի օդակայանին մէջ։ Ֆրանսական Ջոկատը դարձեալ կը մասնակցի։