«Folklore» (Անգլ. թարգմանութիւն՝ «Աւանդավէպ»), Ամերիկացի երգչուհի եւ երգերու հեղինակ Թէյլըր Սուիֆթի ութերորդ ալպոմն է։ Ալպոմը հրատարակուած է 24 Յուլիս, 2020 թուականին, Republic Records ձայնագրման ընկերութան միջոցաւ: Ան հրատարակուեցաւ Սուիֆթի եօթներորդ ալպոմէն՝ «Lover»-էն տաս ամիս ետք։ Ալպոմը ձայնագրուած է Թէյլըր Սուիֆթի տան մէջ, COVID-19 համաճարակին պատճառաւ: Առցանց միջոցներով, անոր ձայնագրութեան մաս կազմած են նաեւ Աարոն Տեսներ եւ Ճաք Անթոնոֆը որպէս հեղինակներ:

"Folklore"
Song
Թողարկուած 24 Յուլիս, 2020
Ժանր «Indie»
Արտադրիչ Թէյլըր Սուիֆթ, Աարոն Տեսներ, Ճաք Անթոնոֆ

Նախապատմութիւն եւ հրատարակում Խմբագրել

«Folklore» ալպոմը գրուած ու ձայնագրուած է COVID-19 համաճարակի ժամանակաընթացքին: Ալպոմի ստեղծագործման ընթացքին, Թէյլըր գրած ու ներդրած է իր բոլոր երազանքները եւ վախերը եւ անոնք վերածած է երգերու[1]:

23 Յուլիս, 2020-ին Թէյլըրը Instagram-ի վրայ հրապարակեց 9 նկարներ առանց բացատրութեան: Այդ 9 փոքր քառակուսի նկարները մեծ եւ ամբողջական պատկեր մը ստեղծեցին անոր հաշիւին վրայ: Այդ ամբողջական պատկերը ի վերջոյ եղաւ ալպոմին կողքի նկարը[2]: 9 նկարներէն ետք, ան հրապարակեց ուրիշ նկար մը որուն միջոցաւ յայտարարեց թէ ալպոմը պիտի հրատարակուի նոյն օրը, կէս գիշերին:

Պոն Իվեր երգիչը մաս կազմած է «Exile» երգին, որ ալպոմին մէջ 4րդ երգն է[3]:

Երգացանկ Խմբագրել

# ԱնուանումՀեղինակ(ներ)Արտադրիչներ Տեւողութիւն
1. «the 1»  Թէյլըր Սուիֆթ եւ Աարոն ՏեսներՏեսներ 3:30
2. «cardigan»  Թէյլըր Սուիֆթ եւ Աարոն ՏեսներՏեսներ 3:59
3. «the last great american dynasty»  Թէյլըր Սուիֆթ եւ Աարոն ՏեսներՏեսներ 3:51
4. «exile» (Պոն Իվեր-ի մասնակցութեամբ)Թէյլըր Սուիֆթ, Ուիլիըմ Պուէրի եւ Ճասթըն ՎերնընՏեսներ 4:45
5. «my tears ricochet»  Թէյլըր ՍուիֆթՃաք Անթոնոֆ 4:15
6. «mirrorball»  Թէյլըր Սուիֆթ եւ Ճաք ԱնթոնոֆՃաք Անթոնոֆ 3:29
7. «seven»  Թէյլըր ՍուիֆթՏեսներ 3:28
8. «august»  Թէյլըր Սուիֆթ եւ Ճաք ԱնթոնոֆՃաք Անթոնոֆ 4:21
9. «this is me trying»  Թէյլըր Սուիֆթ եւ Ճաք ԱնթոնոֆՃաք Անթոնոֆ 3:15
10. «illicit affairs»  Թէյլըր Սուիֆթ եւ Ճաք ԱնթոնոֆՃաք Անթոնոֆ 3:10
11. «invisible string»  Թէյլըր Սուիֆթ եւ Աարոն ՏեսներՏեսներ 4:12
12. «man woman»  Թէյլըր Սուիֆթ եւ Աարոն ՏեսներՏեսներ 3:57
13. «epiphany»  Թէյլըր Սուիֆթ եւ Աարոն ՏեսներՏեսներ 4:49
14. «betty»  Թէյլըր Սուիֆթ եւ Ուիլիըմ ՊուէրիՏեսներ եւ Անթոնոֆ 4:54
15. «peace»  Թէյլըր Սուիֆթ եւ Աարոն ՏեսներՏեսներ 3:54
16. «hoax»  Թէյլըր Սուիֆթ եւ Աարոն ՏեսներՏեսներ 3:40
63:29

Նշումներ Խմբագրել

  • Բոլոր երգերը գրուած են փոքրատառով։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Kaufman Gil, Kaufman Gil (2020-07-23)։ «Taylor Swift ‘Folklore’ Collaborator Reveals How They Wrote Songs in Just Hours»։ Billboard (en-US)։ արտագրուած է՝ 2022-02-12 
  2. «Taylor Swift announces surprise album, recorded "in isolation"»։ www.cbsnews.com (en-US)։ արտագրուած է՝ 2022-02-12 
  3. «Taylor Swift Was Bummed About Her Summer Plans Not Panning Out, So She's Releasing A New Album... Tonight | Billboard»։ web.archive.org։ 2020-07-23։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-23-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-12