Namib-Naukluft ազգային պուրակ

Namib-Naukluft ազգային պուրակ (անգլ․՝Namib-Naukluft National Park)․ կը գտնուի արեւմտեան Նամիպիա, Ադլանտեան Ովկիանոսի ափին եւ հարաւային Ափրիկէի Մեծ Զառիթափին միջեւ։ Կը պարփակէ Նամիպիոյ անապատէն մաս մը (կը սեպուի աշխարհի ամենէն հին անապատը), Naukluft լեռնաշղթան եւ Sandwich Harbour-ի ծովալիճը։ Հիմնադրուած է 1907-ին։ Պուրակին ամենէն ծանօթ եւ զբօսաշրջիկներ գրաւող մասը Sossusvlei-ն է՝ կաւէ հողաւազան մը, աւազակոյտերէ շրջապատուած, ինչպէս նաեւ Tsauchab վաղանցուկ գետի Sesriem ձորը։ Պուրակին մէջ հաստատուած է Gobabeb՝ անապատի գիտական հետազօտութեան կայանը։

Ազգային պուրակ
Namib-Naukluft ազգային պուրակ
Namib-Naukluft ազգային պուրակ
Երկիր  Նամիբիա
Հիմնադրուած է՝ 1907
Տարածութիւն 49,768քլ քմ²
Քարտէսը կը ցուցնէ Namib-Naukluft ազգային պուրակին դիրքը

Դիրք եւ նկարագրութիւն

Խմբագրել
 
Namib-Naukluft ազգային պուրակ

Namib-Naukluft ազգային պուրակին տարածութիւնը 49,768քլ²։ Կ՛ընդգրկէ Ադլանտեան Ովկիանոսին ծովեզրէն ցամաքամաս մը որ իր մէջ պարփակած է 1․609քլ ծով։ Հիւսիսէն դէպի հարաւ երկարութիւնը 600 քլ է․ Swakop գետէն մինչեւ B4 ճամբան (Նամիպիա)՝ դէպի Lüderitz քաղաքը։

Նամիպ «բաց վայր» կը նշանակէ եւ Նամիպիա անունը յառաջացած է Նամիպ անապատէն․ Նամիպիա՝ «բաց տարածքներու երկիրը»։

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Շրջանը կը յատկանշեն բարձր եւ մեկուսացած որձաքարէ ժայռաբլուրները, որոնք հարուստ են պնդաքարով եւ աւազաքարով։ Ադլանտեան Ովկիանոսէն եկած մառախուղը խոնաւութիւն կ՛առաջացնէ որ իր կարգին անձրեւի նման կը տեղայ շրջանին մէջ (Փետրուարէն՝ Ապրիլ

Աւազին վառ նարնջագոյն գոյնը կը ցուցնէ անոր տարիքը։ Ծովեզրին մօտ են բրգաձեւ աւազակոյտերը, իսկ անոր երկայնքին գտնուող ծովալիճերը, խոնաւ տարածութիւնները եւ ցեխոտ տափաստանները կը ներգրաւեն անհամար թռչուններ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Վայրի կեանք

Խմբագրել

Էակներու բազմաթիւ տեսակներ կ՛ապրին այդ անջրդի շրջանին մէջ, ինչպէս օրինակ՝ օձեր, քարաթոթոշներ, արտառոց միջատներ, բորերիներ, ափրիկեան յամոյրներ, ոստնող վիթեր, ընձառիւծներ, ափրիկեան վայրի կատուներ, ափրիկեան աղուէս, շանագլուխներ (baboons), լուսաններ, թակականջ աղուէսներ (bat-eared fox) եւ գայլաշուներ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել