Ազգային Կեդրոնական Դպրոց (Նոր Ջուղա)
Ազգային Կեդրոնական Դպրոց, տարրական, ապա միջնակարգ դպրոց։ Հիմնադրուած է 1880 թուականին, Նոր Ջուղայի Չարսու թաղամասին մէջ՝ Իրանա-Հնդկաստանի թեմի առաջնորդ Գրիգորիս արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի նախաձեռնութեամբ։ Կը միաւորէ, մինչ այդ Նոր Ջուղայի մէջ գործող, երեք դպրոցներ՝ Հ. Աբգարեանի հիմնած Հայկեան հայրենասիրականը, Մարիամ Հայաւթիւնեանի եւ Մարգար Սուքիասեանի հիմնած դպրոցները։ 1892 թուականին ընդգրկած է նաեւ Ս. Կատարինեան իգական դպրոցը՝ կոչուելով Նոր Ջուղայի Ազգային Երկսեռ Դպրոց։ Սակայն Ազգային Կեդրոնականը հիմնականին մէջ եղած է արական տարրական դպրոց։ 1936 թուականին, երբ Ազգային դպրոցները պետականացուած են, վերոյիշեալ դպրոցները սկսած են կոչուիլ «Շահ Աբրաս Մեծ» անունով։ Հետագային կրկին դարձած են ազգային։ 1970-1971 թուականներուն Նոր Ջուղայի բոլոր ազգային դպրոցներուն մէջ աշակերտութեան թիւը հասած է 1454-ի, ոաուցիչներուն թիւը՝ 100-ի (38-ը՝ հայ, 61-ը՝ պարսիկ)։ Մինչեւ 1936 թուականը դասաւանդութիւնները եղած են հայերէն. պետական ծրագիրը որդեգրուելէ ետք մայրենի լեզուի ուսուցումը սահմանափակուած է։ Դասաւանդուած են հայերէն, հայոց պատմութիւն, կրօն, անգլերէն, ֆրանսերէն, պարսկերէն, հանրահաշիւ, երկրաչափութիւն, բնագիտութիւն, քիմիագիտութիւն, ընդհանուր պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, երաժշտութիւն, նկարչութիւն եւ այլն։
Մինչեւ 19-րդ դարու վերջը Նոր Ջուղայի ազգային դպրոցները ղեկավարած է առաջնորդը կամ հոգաբարձութիւնը, հետագային՝ ւյատուկ նշանակուած տեսուչները (բոլոր դպրոցները կը ղեկավարուին շէկ տեսուչով):1936 թուականէն ետք տեսուչի պաշտօնը ստանձնած են պարսիկներ, իսկ 1955 թուականէն ետք՝ երբեմն նաեւ հայեր։ Դպրոցը ունեցած է գրադարան, երգչախումբ, պարախումբ, կազմակերպուած են թատերական ներկայացումներ։