Ալիսը Հրաշքներու Աշխարհին Մէջ
«Ալիսը հրաշքներու աշխարհին մէջ» (անգլերէն՝ Alice's Adventures in Wonderland), Անգլիացի թուաբանագէտ եւ գրող Լուիս Քերըլի գիրքը։
Հեղինակ | Լուիս Քերըլ |
---|---|
Թարգմանիչ | Հայերէնի՝ Սոնա Սէֆէրեան եւ Սամուէլ Մկրտիչեան |
Պատկերազարդող | Ճոն Տանիէլ |
Երկիր | Միացեալ Թագաւորութիւն |
Լեզու | Անգլերէն |
Հրատարակչական թուական | 1865 |
Գիրքի տեսակ | Մանկական վէպ եւ գրականութիւն |
Յաջորդ գիրք | Ալիսը հայելիի աշխարհին մէջ |
Գրուած է 1865-ին։
Կայ նաեւ գիրքին շարունակութիւնը՝ «Ալիսը Հայելիի Աշխարհին Մէջ»։
Գիրքը հայերէնի թարգմանած են Սոնա Սէֆերեանը եւ Սամուէլ Մկրտիչեանը։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԳիրքին պատմութիւնը կը սկսի հետեւեալ ձեւով՝ Ալիս անունով աղջիկ մը կը վազէ սպիտակ ճագարի մը ետեւէն եւ անսպասելիօրէն կ'իյնայ նապաստակներու խոր փոսի մը մէջ, ուրկէ կը հասնի փակ դուռներով խորհրդաւոր սենեակ մը։
Դուռներէն մէկուն ետեւը ան կը տեսնէ գեղեցիկ պարտէզ մը, բայց չի կրնար հոն մտնել, որովհետեւ դուռը շատ փոքր էր։ Այնուհետեւ Ալիսը սենեակին մէջ դրուած տարբեր կարկանդակները ուտելով, ինչպէս նաեւ՝ հեղուկները խմելով, կը նկատէ, որ անոնց հետեւանքով, կամ բարձրահասակ կը դառնայ, կամ ալ կը փոքրանայ։
Փոքրանալով ան կը յայտնուի տարբեր արարածներով լեցուն հեքիաթային աշխարհի մը մէջ, ուր կը հանդիպի այդ նոյն Սպիտակ Ճագարին, Չեշիրեան Կատուին, Որդերու Թագաւորին, Մարտեան Նապաստակին, Տոտոյին, Կրիային, եւ այլ շատ ապշեցուցիչ կերպարներու։
Իր հերթական արկածներէն մէկուն ընթացքին ան կ'արթննայ եւ կը հասկնայ, որ այս ամբողջը երազ էր։
Գիրքը յօրինելու շարժառիթը
ԽմբագրելՉարլզ Տոճսոն իր նշանաւոր գիրքը ստեղծած է Ուրբաթ, 4 Յուլիս 1862-ին[1], երբ իր ընկերոջ երեք զաւակներուն՝ 13 տարեկան Լորինին, 10 տարեկան Ալիսին, եւ 8 տարեկան Էտիթին հետ նաւակով կը շրջէր:
Շրջելու ընթացքին, Չարլզ իր ուղեկիցներուն կը պատմէր Ալիս անունով աղջկայ մը արկածներուն մասին: Աղջիկները այդքան կը հաւնին պատմութիւնը, որ Ալիս Չարլզէն կը խնդրէ, որ այդ մէկը գրի առնէ:
Հրատարակութիւն
ԽմբագրելԳիրքը լոյս կը տեսնէ ճիշդ երեք տարի ետք՝ 4 Յուլիս 1865-ին։ Մինչ այդ, 26 Նոյեմբեր 1864-ին Չարլզ, Ալիսին յանձնած էր իր պատկերազարդումներով եւ «Ալիսի արկածները հրաշքներու աշխարհին մէջ» վերնագիրով ձեռագիր գիրքը։
Փաստեր
ԽմբագրելՍտեղծագործութիւնը մեծ արձագանք կը գտնէ ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ թարգմանուած է տարբեր լեզուներու։ Անիկա մեծ ազդեցութիւն ունեցած է համաշխարհային մշակոյթի տարբեր ոլորտներու վրայ: Գիրքին հիման վրայ նկարահանուած են շարժապատկերներ, նկարուած են հերոսներու կտաւներ, գրուած են բանաստեղծութիւններ ու արձակ գրութիւններ, ստեղծուած են տարբեր երաժշտական երկեր, նոյնիսկ ստեղծուած են համակարգչային խաղեր։
- «Ալիսը Հրաշքներու Աշխարհին Մէջ» գիրքը ամէնէն շատ երեւակայական ստեղծագործութիւններէն է։ Տարբեր երկիրներու կողմէ գիրքը նկարահանուած է աւելի քան 40 խաղարկային շարժապատկերներու։
- Գիրքը աշխարհի առաջին դիրքերէն մէկը կը գրաւէ նաեւ՝ նկարիչներու կողմէ ստեղծագործուած իր զանազան հերոսներու պատկերներով։
- 1931-ին Չինաստանի նահանգներէն մէկը կ'արգիլէ գիրքին ընթերցումն ու վաճառքը, քանի որ ըստ նահանգին ղեկավարութեան, կարելի չէր մարդիկը եւ անասունները դնել հաւասար դիրքերու վրայ եւ ըսել, թէ անասունները կը խօսին մարդկային լեզուով։
- Գիրքը կարդալէ ետք, Անգլիոյ ժողովուրդը կը փափաքի ծանօթանալ Լուիս Քերըլի միւս գրութիւններուն, գիտնալով, որ անոնք միայն թուաբանութեան վերաբերող յօդուածներ են։
- 1928-ին գիրքին ձեռագիր պատմութիւնը վաճառուած է 15,400 փաունտ սթերլինով։
- Առիթով մը Լուիս Քերըլը իր մասին ըսած է. «Ես որոշած էի ուսողագիր դառնալ, սակայն իմ երեւակայութիւնս թոյլ չտուաւ եւ ես դարձայ վիպագիր։»
- Կայ նաեւ՝ Ալիսը հրաշքներու աշխարհին մէջ ախտանշան (անգլերէն՝ Alice in Wonderland syndrome, AIWS ) անունով հիւանդութիւն մը: Հիւանդները իրենց շրջապատին առարկաները կը տեսնեն փոքր եւ անոնց կը թուի, թէ անոնք կը գտնուին ուրիշ հրաշալի աշխարհի մը մէջ, քան՝ իրական։
Պատկերազարդումներ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Story Museum – The real Alice»։ www.storymuseum.org.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 17-11-2010-ին։ արտագրուած է՝ 24 Ապրիլ, 2010
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- «Ալիսը Հրաշքներու աշխարհին մէջ»ը գրապահարանին մէջ Archived 2016-04-14 at the Wayback Machine.