Ահմետ-Ճեւտեթ փաշա

Ահմետ-Ճեւտեթ փաշա (թրք.՝ Ahmed Cevdet Paşa, Մարտի 27, 1822 - Մայիսի 25, 1895), Օսմանեան կայսրութեան թուրք տարեգիր։ Օսմանեան կայսրութեան

Ահմետ-Ճեւտեթ փաշա
Ծնած է 22 Մարտ 1822(1822-03-22)[1]
Ծննդավայր Լովեչ, Rumelia Eyalet, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 25 Մայիս 1895(1895-05-25)[1] (73 տարեկանին)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[3]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն պատմաբան, քաղաքական գործիչ, ընկերաբան, իրաւաբան
Երեխաներ Ֆաթմա Ալիյե Թոփուզ? եւ Էմինե Սեմիե Օնասյա?

Վաղ կեանք եւ կրթութիւն

Խմբագրել

Ահմետ-Ճեւտեթ փաշա (յայտնի է նաեւ Հաճի Իսմայիլ Զատե անունով) ծնած է 1822 թ. Մարտի 27-ին, Պուլկարիայի Լովեչ քաղաքը։ Անոր սերունդը Եուլարկիրանօղլու նշանաւոր տոհմէն էր, որու անդամները պետական ծառայողներ էին եւ կը վարէին ռազմական, վարչական եւ կրօնական պաշտօններ։ Անոր պապը՝ Հաճի Ալի Էֆենտին կը փափաքէր, որ Ահմետ-Ճեւտեթը դառնար կրօնական ծառայող։ Ահմետ-Ճեւտեթ փաշան կրթութիւն կը սկսի ստանալ շատ վաղ տարիքէն։ Ան իր կրթութիւնը կը սկսի արաբերէնի քերականութիւնէն՝ Հաֆըզ Օմեր Էֆենտիի քով, որ Լովեչ քաղաքի մուֆթին էր (բարձրաստիճան հոգեւորական իրաւագետ-կրօնագետ եւ Ղուրանի մեկնաբան, որ սովորաբար գլխաւոր դատաւորի դեր կը կատարէր կրօնական-իրաւական գործերու քննութեան ժամանակ)։ Շատ շուտով ցուցաբերելով բարձր առաջադիմութիւն, Ահմետ-Ճեւտեթը կ'անցնի իսլամական գիտութիւններու ուսումնասիրմանը։

1836-ին ան կը սկսի ընթերցանութեամբ զբաղուիլ՝ Լովեչի դատաւորի տեղակալ Հաճի Էսրեֆի Էֆենտիի քով, որ Ահմետի տարիքին որդի ունէր։ Տղաները, որոնց երկուքի անունն ալ Ահմետ էր, հետագային յայտնի կը դառնան Ահմետ-Ճեւտեթ փաշա եւ Ահմետ Միտաթ փաշա անուններով։ Ահմետ-Ճեւտեթ փաշայի տարրական կրթութեանը կը յաջորդէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ընդունուած աւանդական իսլամական կրթութիւնը։ 1839 թուականէն անոր կրթութիւնը ալ աւելի կատարելագործուեցաւ, երբ ան տեղափոխուեցաւ Սթամպուլ եւ սորվեցաւ ու աւարտեց տեղի կրթական հաստատութիւնը՝ մետրեսեն՝ ստանալով տիպլոմ եւ իլմիի որակաւորում։ Սակայն ան միայն այսքանով չբաւարարուեցաւ այլ մետրեսեի կրթութեանը զուգահեռ, ուսումնասիրեց նաեւ մաթեմաթիկական գիտութիւններ՝ Կայսերական Ռազմական ճարտարագիտութեան դպրոցին մէջ։ Բացի ատկէ, Ահմետ-Ճեւտեթ փաշան նաեւ մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր պատմագիտութեան նկատմամբ՝ որպէս տարբեր աղբիւրներու միջոցով մարդկութեան տարբեր բնագաւառներու փորձն ուսումնասիրելու միջոց։ Ան նոյնիսկ մինչեւ 30 տարեկանը լրացուց իր գիտելիքները՝ ուսումնասիրելով իսլամական, եւրոպական եւ միջազգային օրէնքները։

Պետական պաշտօնական գործունէութիւն

Խմբագրել

Մասնագիտական որակաւորում ստանալէն յետոյ Ահմետ-Ճեւտեթ փաշան կապ հաստատեց Մուսթաֆա Ռաշիտ փաշային հետ, որ նոր ստանձներ էր մեծ վեզիրի պաշտօնը։ Այս ծանօթութիւնը խոր հետք ձգեց Ահմետի վրայ։ Սակայն Մուսթաֆա Ռաշիտն այդ ընթացքին կը ձգտէր դառնալ ուլամայի անդամ եւ շատ ժամանակ չէր կրնար տրամադրել՝ Ահմետին իսլամական կրoնական օրէնքները սորվեցնելու համար, որովհետեւ ան կրնար խուսափիլ խնդիրներներէն, երբ ներկայացուեր բարեփոխումներու ծրագիրը։ Ահմետը նաեւ կը զգար այնպիսի անձնաւորութեան մը կարիքը, որ պարզ կերպով եւ կամաւոր իր հետ կը քննարկէր առկայ խնդիրները։ Ահմետը Մուսթաֆայի տան մէջ կը նշանակուի իբրեւ անոր երեխաներու դաստիարակ եւ կը մնայ այդ պաշտոնին մինչեւ 1858 թուականը, երբ մահացաւ Մուսթաֆա Ռաշիտը։

 
Սթամպուլը 19-րդ դար:

Ահմետ-Ճեւտեթ փաշայի նոր ծանօթութիւնն ու կապը բարեփոխումներու կողմնակիցներու միութեան հետ նոր գաղափարներ հաղորդեց իրեն, որոնք կու գային պիւրոքրաթիայի եւ քաղաքականութեան աշխարհէն: Մինչեւ իսկ Ահմետը կը պահէր կապը ուլեմայի հետ, որ հաստատեր էր 1866 թուականէն, սակայն ան արդէն հանդէս կու գար որպէս պիւրոքրաթ՝ զբաղուելով կրթական եւ գաւառներու բարեփոխումներու խնդիրներով (Թանզիմաթ)։ 1850-51 թուականներուն Մուսթաֆա Ռաշիտը անոր նշանակեր էր դպրոցի մը տնօրէնը, որ պաշտօնապէս հաստատուած էր վերապատրաստելու ուսուցիչներուն՝ նոր աշխարհիկ կրթական համակարգի համար։ Ան նաեւ Կրթությեան յանձնաժողովի գրագրութեան պետն էր, որ կը մշակէր նոր օրէնքներ ու կանոնակարգեր՝ աշխարհիկ դպրոցներու համար։ Ըլլալով պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւն, Ահմետ-Ճեւտեթը մօտէն եւ աշխուժօրէն կը մասնակցի XIX դարու պետական-վարչական, քաղաքական-դիւանագիտական, մշակութային եւ կրթական գործերուն։ Միայն իր ծառայութիւններու եւ վարած պաշտօններու թուարկումը ցոյց կու տայ, թէ որքան ընդարձակ եւ բազմակողմանի եղեր է Ահմետ-Ճեւտեթ փաշայի գործունէութեան պետական ասպարէզը։ Մօտ 50 տարի ան ծառայեր է պետական բարձր կառոյցներու մէջ։ Վալիի պաշտօնով ան ծառայեր է Ատանա, Հալէպ, Մարաշեւ Սուրիա։ Վարած է շարք մը նախարարութիւններ՝ Հանրային կրթութեան (4 անգամ), Արդարաատութեան (դարձեալ 4 անգամ), Ներքին գործերու եւ Առեւտուրի։ Ահմետ-Ճեւտեթ փաշայի պետական ծառայութիւններու մէջ կարեւոր տեղ կը բռնէր անոր մասնակցութիւնը տարբեր վարչական-օրէնսդրական յանձնաժողովներու եւ խորհուրդներու մէջ՝ երկրի ռեֆորմներ (բարեփոխումներ) մտցնելու առթիւ (Թանզիմաթի նախապատրաստութիւնները)։ Այդ բոլոր պատասխանատու աշխատանքները չեն խանգարեր իրեն զբաղուիլ նաեւ գրականութեամբ։ Ունի բանաստեղծութիւններ, լեզուի եւ քերականութեան վերաբերող աշխատութիւններ եւ այլն։

Ահմետ-Ճեւտեթի պատմագրութիւնը

Խմբագրել
 
Ահմետ-Ճեւտեթ փաշայի լուսանկարը՝ Ապտուլլահ եղբայրներու լուսանկարչական տանը

Իբրեւ պատմագիր Ահմետ-Ճեւտեթ փաշան կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ Օսմանեան տարեգրութեան ասպարէզի մէջ։ Անոր պատմագրական գործունէութիւնը սկսած է 1852 թուականին։ Ինչպէս տեսանք, ան ընդգրկուած էր պետութեան տարբեր կարեւոր բնագաւառներու գործունէութեան մէջ, ուստի իրեն յանձնարարուեցաւ կազմել Օսմանեան պետութեան տարեգրութիւնը՝ սկսելով Քիուչիւկ Քայնարճայի պայմանագրէն (կնքուած էր Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւններու միջեւ 1774 թ. Յուլիսին) մինչեւ Ենիչերիներու ջոկատի վերացումը, այսինքն՝ 1774-1826 թթ. տարեգրութիւնը (53 տարուայ պատմութիւն)։ Ան պաշտօնական տարեգիր (Վաքա-նիուվիս) եղեր է 1853-1856 թթ.։ Անոր պատմութիւնը, որ պատմագրութեան մէջ յայտնի է «Թարիխի Ճեւտեթ» անունով, բաղկացած է 12 ստուար հատորէ։ Ըստ կարգի, Ճեւտեթ փաշան 27-րդ տարեգիրն է Օսմանեան կառավարութեան պաշտօնական տարեգիրներու շարքին։ Ճեւտեթ փաշայի «Պատմութեան» ընդգրուած ժամանակաշրջանը կը զուգադիպի պատմական խոշոր, համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող դէպքերու, ինչպիսիք են Ֆրանսական մեծ յեղափոխութիւնը եւ ատոր հետ կապուած բազմաթիւ իրադարձութիւնները, որոնց քիչ թէ շատ առնչութիւն ունէր թրքական կառավարութիւնը, եւրոպական երկիրներու, ինչպէս նաեւ Օսմանեան պետութեան եւ Ռուսաստանի միջեւ տեղի ունեցող պատերազմները եւ այլն։ Թուրքիան, իբրեւ Միջին Արեւելքի խոշոր իսլամական պետութիւն, այդ ժամանակամիջոցին կ'ապրէր իր քայքայման եւ կազմալուծման ամենածանր շրջանը։ Պետութեան եւրոպական մասը (կը կոչուէր Ռումելի) անոր տարածքներն աստիճանաբար կը կրճատուէին, քանզի պալքանեան ժողովուրդներու մէջ կը զարգանային ազատագրական տրամադրութիւններն ու պայքարը։ Ենիչերիներու անկարգութիւնները, բանակի լրիւ քայքայումն ու այլասերումը, վարչական շրջանակներուն մէջ (էյալեթներու մէջ)՝ յատկապես Արեւելքի մէջ, վեզիրներու, փաշաներու, միւթասարիֆներու եւ այլ պետական պաշտօնեաներու յաճախակի ապստամբութիւնները եւ իրարու դէմ մղած պատերազմները, ցեղերու անվերջ խլրտումներն ու կողոպուտները երկիրը հասցուցեր էին կործանման եզրին։ Պարզ է, որ երկրի ներքին այդ ծանր վիճակն առաւել դժուար կացութեան առջեւ դրած էին հպատակ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն՝ հայերուն, յոյներուն։ Ահմետ-Ճեւտեթ փաշան իր «Պատմութեան» մէջ այդ բոլոր իրադարձութիւնները կու տայ բաւական հմտութեամբ եւ պարզութեամբ։ Իբրեւ ազատական գաղափարներու կրող, ան, ի հարկէ, առանց դուրս գալու իսլամական կրօնի եւ սուլթանական միապետութեան շահերու սահմաններէն, կը փորձէ տալ բոլոր դէպքերու քննութիւնն ու քննադատութիւնը։ Իբրեւ պատմագիր, ան բաւականին կը տարբերուի իր նախորդներէն, ինչ որ պայմանաւորուած է իր ժամանակով, ստացած կրթութեամբ եւ պետութեան մեջ գրաւած բարձր դիրքով։ Ահմետ-Ճեւտեթ փաշան իր «Պատմութեան» հսկայածաւալ հատորներուն մէջ պատմական դէպքերը կը լուսաբանէ եւ կը վերլուծէ պաշտօնական փաստաթուղթերու, եւրոպական եւ իսլամական պատմական բազմաթիւ աղբիւրների հիման վրայ։ Ահմետ-Ճեւտեթ փաշան կը քննադատէ նոյնիսկ սուլթաններուն, հակառակ որ սուլթանը, իբրեւ իսլամական խալիֆա (Մարգարէի փոխանորդը), սուրբ անձնաւորութիւն կը համարուէր եւ անքննադատելի էր։ «Թարիխի Ճեւտեթը» տպագրուած է քանի մը անգամ։

Ահմետ-Ճեւտեթ փաշա՝ հայերու մասին

Խմբագրել

Ահմետ-Ճեւտեթ փաշան, իր պատմութեան ընթացքին, տարբեր առիթներով բազմաթիւ անգամ կ'անդրադառնայ հայ ժողովուրդին՝ ռուս-թրքական, թուրք-պարսկական պատերազմներու կամ թուրք-վրացական յարաբերութիւններու մասին գրած ժամանակ։ 1778 թ. դեպքէրու մասին խօսած ժամանակ, Ահմետ-Ճեւտեթ փաշան կը գրէ.

  Օսմանեան պետութեան քրիստոնեայ հպատակներէն հայ ազգը, յոյն եւ կաթոլիկ դաւանանքներէն տարբեր, յատուկ ծիսակատարութիւն ունեցեր է եւ մինչեւ 1040 թուականը (1630 թ.) անոնց միջեւ այլ դաւանանք յայտնի չէ եղեր: Սակայն ֆրանսացի (ֆրանք) վարդապետները շրջելով հայերու մեջ, կարողացան անոնց մէկ մասը ընդունիլ ու տալ Հռոմի մէջ՝ Պապի հոգեւոր իշխանութեան տակ գտնուող կաթոլիկական դաւանանքը։

...Օսմանեան պետութեան ռայաներէն ամենաբազմամարդը հայ ժողովուրդն է։ Անոնց հայ անունը (Ermeni) նախապէս իրենց ապրած Իրանեան երկիրներէն Ատրպէյճանի Արմէն երկրամասէն առաջացեր է։ Իսկ Արմենիա անունը այդ երկրի իշխողի՝ Արմենեարի (?) մայրաքաղաքէն առաջացեր է (այս նախադասութիւնը հաւանաբար աղճատուած է)։ Մինչեւ 600-ական թուականները (XII դար) Արմենիան կազմուած էր Փոքր Արմենիայի՝ Անթաքիայի, Վանի, Էրզրումի եւ Սվազի էյալեթները, եւ Մեծ Արմենիայէն՝ Ատրպէյճանի կողմերը, որոնք ունէին իրենց անկախ իշխողները. անոնց մայրաքաղաքը Քոնիան էր։ Սելճուկեան սուլթաններէն Ղայաս Էտտինի ժամանակ ասոնց երկիրն ու հայրենիքը կը նուաճէ, իրենց իշխողները բնաջինջ կը դառնան եւ իրենք (ժողովուրդը) ռայա կը դառնան։ Աւելի ուշ, Արմենիան Օսմանեան երկրի տիրապետութեան մէջ կը մտնէ, այդ ժամանակէն մինչեւ վսեմաշուք սուլթան Մուրատ IV-ի իշխանութեան շրջանը, հայերու դաւանանքը բոլոր քրիստոնեայ ազգութիւններու դաւանանքէն տարբեր լինելով, միասնական մէկ դաւանանքով եւ իրենց վիճակով հանգիստ կ'ապրին։ Ասոնք պարզամիտ ժողովուրդ մըն էին: Էֆրենճ (ֆրանք - կաթոլիկ) ցեղը Օսմանեան պետութեան նկատմամբ չարանպատակ խռովութիւններ իրականացնելու առիթներ ստեղծելու հետամուտ լինելով, ինչպէս որ ռուսները պատերազմի ժամանակ յոյներէն օգտուեցան խռովարարական նպատակներով, անոնք ալ (ֆրանքները), ինչպէս վերը նշեցինք, հայերու մէջ կաթոլիկական դաւանանքը տարածելով, հետամուտ էին իրենց դաւանակիցներու թիւը աւելցնելուն։

 

Իսկ խօսելով 1786 թուականի դէպքերէն, Ահմետ-Ճեւտեթ փաշան շատ տխուր գոյներով կը նկարագրէ երկրի ներքին քաղաքական-վարչական վիճակը, կը յայտնէ, որ որոշ ժամանակէ ի վեր բռնութիւններու ու անիրաւութիւններու ամէն սահմանն անցեր էր Օսմանեան կայսրութեան, ռայաները մեծ թշուառութեան ենթարկուեր էին, իրենց երկիրն ու հայրենիքը թողնելով՝ ցիր ու ցան եղեր։ Իսկ ատոր պատճառն այն էր, ինչպէս կը հաղորդէ պատմագիրը, որ երկրի մանր ու խոշոր բոլոր պաշտօնեաները իրենց անձնական շահի համար աղքատներէն շատ աւելի գումար կը գանձէին իբրեւ հարկ, քան սահմանած էր պետութիւնը։ Այդ հարկերու գանձումը յաճախ կ'ուղեկցուէր բռնութիւններով ու դաժանութեամբ։ Ահմետ-Ճեւտեթ փաշան կը շեշտէ, որ նուիրական շարիաթին հակառակ, ռայաներէն մինչեւ անգամ օրորոցի երեխաներէն ճիզիե (հարկատեսակ) կ'առնէին։

Կեանքի վերջին տարիները

Խմբագրել

Ահմետ-Ճեւտեթ փաշան դուրս գալով պետական ծառայութիւնէն, մէկ-երկու տարի զբաղուեցաւ իր երկու դուստրերու՝ Ֆաթիմայի եւ Էմինի կրթութեամբ եւ աւարտին հասցուց Օսմանեան տարեգրութեան իր հատուածը, որը, ինչպէս նշուեցաւ, յայտնի է «Թարիխի Ճեւտեթ» անունով։ Այդ ընթացքին ան նաեւ ամբողջացուց եւս երկու պատմական աշխատութիւն՝ Թեզաքըր (Յուշեր) եւ Մարուզաթ։ 1886 թ. ան նշանակուեցաւ Արդարադատութեան նախարար, բայց չորս տարի անց հրաժարական տուաւ՝ մեծ վեզիր Եուսուֆ Քամիլ փաշայի հետ տարաձայնութիւններու պատճառով։ Ատկից յետոյ Ահմետ-Ճեւտեթ փաշան հանդէս կու գար որպէս աւագ սերունդի քաղաքական գործիչ մինչեւ իր մահը (Սթամպուլ, 1895 թ. Մայիսի 25-ին)։ Անոր թաղեցին Սթամպուլի Ֆաթիհ Մեճիթ գերեզմանատունը։

Օգտագործուած աղբիւրներ

Խմբագրել

«Թրքական աղբիւրները Հայաստանի, հայերու եւ Անդրկովկասի միւս ժողովուրդներու մասին», հտ. Ա, Երեւան, 1961 թ.:

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 Biographisches Lexikon zur Geschichte Südosteuropas / Hrsg.: M. Bernath, K. Nehring, Leibniz-Institut für Ost- und SüdosteuropaforschungR. Oldenbourg Verlag, 1974.
  2. 2,0 2,1 Encyclopædia Iranica / N. Sims-Williams, A. Ashraf, H. Borjian et al. — USA: Columbia University, 1982. — ISSN 2330-4804
  3. Չեխիայի ազգային գրադարանի կատալոգ