Ամատէօ Մոտիլեանի

Ամատէօ Քլեմանթէ Մոտիլիանի (իտալ.՝ Amedeo Clemente Modigliani), իտալացի գեղանկարիչ եւ քանդակագործ, ԺԹ. դարու վերջին եւ Ի. դարու սկիզբին հաանորյայտ նկարիչներէն մէկը, արտայայտչականութեան վառ ներկայացուցիչ։

Ամատէօ Մոտիլեանի
իտալ.՝ Amedeo Modigliani
Ծնած է 12 Յուլիս 1884(1884-07-12)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Լիվոռնո, Թոսքանա, Իտալիա[4][5]
Մահացած է 24 Յունուար 1920(1920-01-24)[1][2][3][…] (35 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա[4][5]
Քաղաքացիութիւն  Իտալիոյ Թագաւորութիւն
Ազգութիւն հրեայ[6][7]
Ուսումնավայր Գեղարուեստի Կաճառ
Ֆլորանսի գեղարուեստի կաճառ
Վենետիկի Գեղարուեստի Ակադեմիա
Ազդուած է Հանրի Տը Թուլուզ Լոթրեք, Փոլ Սեզան, Կոնստանդին Պրանքուշի եւ Փապլօ Փիքասօ
Երկեր/Գլխաւոր գործ «Նուտօ Սետութօ», Ritratto di Lunia Czechowska con ventaglio?, «Ժան Քոքթօ», «Ինքնանկար», «Լունա Չեքոսքայի դիմանկարը» եւ «Ժան Էպութերնի դիմանկարը»
Տեսակ դիմանկար[4], Մարդապատկեր[8], Կենցաղային ոճ[8], Բնանկար[8], դիմապատկեր[8] եւ Մերկ պատկերներ[8]
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ, քանդակագործ, գծագրիչ
Երեխաներ Ժաննա Մոդիլիանի?
Ստորագրութիւն

Մոտիլիանի մեծցած է Իտալիա, ուր ուսումնասիրած է հին արուեստի եւ վերածննդեան վարպետներու գործերը, մինչեւ որ 1906-ին կը տեղափոխուի Փարիզ, ուր կը ծանօթանայ Փապլօ Փիքասոյին եւ Կոսնտանդին Փրնկուշին, որոնք մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն Մոտիլիանիի ստեղծագործութեան վրայ։ Մոտիլիանի 35 տարեկանին կը մահանայ թոքախտէ։ Նկարիչին կեանքին մասին շատ քիչ հաւաստի տեղեկութիւններ հասած են։

Մոտիլիանիէն հասած են մեծ մասամբ նկարներ եւ ուրուանկարներ, թէեւ 1909-1914 կը զբաղէր քանդակագործութեամբ։ Ինչպէս կտաւներուն, այնպէս ալ քանդակներուն մէջ, Մոտիլիանի ներկայացուցած է մարդը։ Ունի նաեւ քանի մը բնանկար: Ան յաճախ կ'անդրադառնար վերածննդեան, ինչպէս նաեւ այդ օրերու նշանաւոր ափրիկեան արուեստին։ Միաժամանակ Մոտիլիանիի ստեղծագործութիւնները կարելի չէ վերագրել այդ տարիներու ժամանակակից արուեստի ոչ մէկ ուղղութեան։ Այդ պատճառով ալ մշակութաբանները Մոտիլիանիի ստեղծագործութիւնները կը դիտարկեն այդ օրերու արուեստի ուղղութիւններէն բոլորովին տարբեր ուղղութիւն մը։ Անոր գործերը կը գնահատուին իր մահէն ետք։ 2010-ին «Սոթփիս» վերջին աճուրդին, կը վաճառուի Մոտիլիանիի 2 նկար՝ 60,6 եւ 68,9 միլիոն ԱՄՆ տոլարով։ 9 Նոյեմբեր 2015-ին «Մերկ պառկածը» ("Nu Couche") կտաւը նիւ Եորքեան Christie’s աճուրդին կը վաճառուի 170,4 մլն տոլարով[9][10]։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Ստորոգում:Իտալացի նկարիչներ Ստորոգում:Իտալացի քանդակագործներ Ստորոգում:Հրեայ արուեստագէտներ Ստորոգում:Փեր Լաշէզ գերեզմանատան մէջ թաղուածներ Ստորոգում:Թոքախտէ մահեր

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել