Անիթա Քոնթի, ծնունդով՝ Գարագոչեան, 17 Մայիս 1899(1899-05-17)[2], Էրմոն, Սենա և Ուազա, Ֆրանսա[1] - 25 Դեկտեմբեր 1997(1997-12-25)[1], Դուարնենե, Ֆինիստեր, Ֆրանսա[1]), ազգութեամբ հայ, ֆրանսացի բնախոյզ, աշխարհի առաջին կին ովկիանոսագէտը, լուսանկարիչ։

Անիթա Քոնթի
ֆրանսերէն՝ Anita Conti
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Anita Caracotchian[1]
Ծնած է 17 Մայիս 1899(1899-05-17)[2]
Ծննդավայր Էրմոն, Սենա և Ուազա, Ֆրանսա[1]
Մահացած է 25 Դեկտեմբեր 1997(1997-12-25)[1] (98 տարեկանին)
Մահուան վայր Դուարնենե, Ֆինիստեր, Ֆրանսա[1]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Երկեր/Գլխաւոր գործ Q130388186?
Մասնագիտութիւն ովկիանոսագէտ, լուսանկարիչ, Ճանապարհորդ, հետազօտող, գրագէտ, լրագրող
Ամուսին ծագումով Իտալացի Մարսէլ Քոնթի
Ծնողներ Լեւոն Քարաքոչեան եւ Ալիս Լըպոնի
Երեխաներ Laurent Girault-Conti?[1]

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Անիթա Քոնթի Գարագոչեանը Anita Conti (ծնունդով Գարագոշեան) ծնած է 17 Մայիս 1899, Ֆրանսայի Էրմոն Ermont քաղաքը: Ան Պոլսեցի մանկաբարձ Լեւոն Գարաքոչեանի եւ Ալիս Լըպոնի դուստրն է: Անիթան փոքր տարիքէն յաճախ նաւով ճանապարհորդեր է ընտանիքին հետ, այդ իսկ պատճառով անոր մէջ դեռ մանուկ տարիքին ձեւաւորուած է սէրը ծովու եւ գիրքերու հանդէպ:

  «Իմ ծնողքը բանիմաց էին ու ընթերցասէր: Անոնց սեւերուն գաղափարը, պաշարուածութիւնը ճամբորդելն էր։ Ես եւ եղբայրս Ստեփանը, մեծցեր ենք շրջապատուած գիրքերով եւ ճամբորդելով աշխարհի երկիրներով ու ծովերով: Եւ պատահական չէ, որ ծովերուն ու ովկիանոսներու լազուր ջուրերու հմայքը, ատոնց փոթորկուն ուժը ինծի մանկութենէն գերած է ու գրաւել ...կ'ըսեն, ես նախքան քալել սորվիլս լողալ սորված եմ», - իր յուշերուն գրած է Անիթան:  


1914 թուականին՝ պատերազմի սկիզբը, Անիթայի ընտանիքը ապաստան կը գտնէ Օլերոն կղզիին (the island of Oléron) մէջ, ուր երիտասարդ աղջիկը ինքզինք կը նուիրէ նաւերուն, ընթերցանութեան եւ լուսանկարչութեանը:

1917 թուականին կը կատարէ իր առաջին՝ լուսանկարները՝ Ատլանտեան ովկիանոսի ֆրանսական ափին։

Գործունէութեան սկիզբ

Խմբագրել
 
Նոթր Տամ տը Պոնսիգիւր նաւը Ֆեգամ թանգարան

Պատերազմէն յետոյ Անիթա Գարագոչեանի ընտանիքը բնակութիւն կը հաստատեն Փարիզ: Երբ Անիթան չափահաս դարձաւ, որոշեց զբաղիլ ովկիանոսագիտութեամբ: 28 տարեկանին, Անիթան ցանկութիւն կը յայտնէ զբաղուիլ ովկիանոսագիտութեամբ, շատերը կը փորձեն իրեն համոզել ետ կանգնի այդ որոշումէն՝ նշելով դարերու ակունքներէն եկած այն նախապաշարումը, թէ կինը նաւի վրայ դժբախտութեան նշան է: Սակայն Անիթան ոչ միայն դժբախտութիւն չբերաւ, այլեւ ընդհակառակը, պայքարելով օգնեց մարդկութեանը հասկնալ ովկիանոսի խորհրդաւոր գաղտնիքները:

1927 թուականին Անիթան կ'ամուսնանայ Վիեննայի դեսպանատան աշխատակից, դիւանագէտ, ծագումով Իտալացի Մարսէլ Քոնթիի հետ, որ բարձր գնահատելով իր կողակիցի գիտելիքները, ամբողջ կեանքի ընթացքին նեցուկ կը կանգնի անոր հաւատալով Անիթայի եզակի ու դժուար առաքելութեանը:

Անիթա Քոնթի կը ճանապարհորդէ ամբողջ աշխարհով՝ հետազօտելով ծովը եւ ատոր առկայ խնդիրները: Ան շատ ժամանակ կ'անցնէ ձկնորսական նաւերու վրայ եւ շատ կ'ընթերցէ ծովի բուսական եւ կենդանական աշխարհին աւելի լաւ ծանօթանալու համար:

1935-ին, գիտական նաւարկութեան կը պատրաստուէր ժամանակի արհեստագիտութեան վերջին նուաճումներով զինուած «Թէոտոր Թիսյէ» նաւը, որուն զուտ տղամարդոցմէ բաղկացած անձնակազմին մէջ աշխատելու հրաւիրուեցաւ 36-ամեայ տաղանդաշատ ու խոստմնալից, աշխարհի առաջին կին ովկիանոսագէտը` Անիթա Քոնթի-Գարագոչեանը: Այս իրադարձութիւնը լուսաբանող լրագրողները, ապշելով նաւի վրայ կնոջ ներկայութեամբ, անոնք այդ իրողութիւնը որակեցին իբրեւեւ` «դարու ամէնէն անհաւանական ու ցնցող երեւոյթը»:

Ովկիանոսագիտութեամբ զբաղուելու տարիներ

Խմբագրել

1936-1938 թուականներուն արդէն ճանչցուած ովկիանոսագէտ Անիթա Քոնթին հետազօտութիւններ կը կատարէ Խաղաղական, Հնդկաց եւ Սառուցեալ ովկիանոսներուն մէջ:

1939 թուականին 3 ամիսով «Վիքինկ» ձկնորսանաւով ձողաձուկ որսալու համար Սառուցեալ ովկիանոս կ'ուղեւորուի: Արդէն այնտեղ ան կու գայ այն եզրահանգման, որ ձկնորսութեան չարաշահումը կարող է չափազանց ծանր հետեւանքներու յանգեցնէ:

1941-1945 տարիներուն գրեթէ ամբողջ աշխարհը ներքաշուած էր Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին մէջ։ Ֆրանսական կառավարութեան համար կար դժուար մարտահրաւէր մը` ականազերծել Փա-տէ Քալէ (Pas-de-Calais) նեղուցի եւ Պարենցի (Barents Sea) ծովուն մէջ գերմանացիներու կողմէ ականապատուած ֆրանսական նաւերը: Այս դժուար գործի կազմակերպումն ու ղեկավարումը կը վստահուի Անիթային:

Պատերազմի տարիներուն Անիթա Քոնթին անգամ մը եւս կը զբաղի կարեւոր գործունէութեամբ` ան անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններ կատարելով, կը գտնէր ձուկերու մեծաքանակ վտառներու հարուստ պաշարներ ու սննդառատ ձկնատեսակներով կ'ապահովէր թէ՛ մարտնչող զօրքը, թէ՛ խաղաղ բնակչութիւնը, բան մը, որ ուտելիքի ծայրայեղ սղութեան պայմաններուն մէջ պարզապէս անփոխարինելի էր:

1941-1943 թուականներուն Ֆրանսական ծովակալութեան յանձնարարութեամբ ձկնորսանաւով կ'երթեւեկէ Ափրիկէի մէջ՝ կատարելագործելով ձկնորսութեան մեթոտները, կը կազմէ քարտէսներ, նկարագրելով նոր ձկնատեսակներ: Ուսումնասիրութեան հիմնական նպատակը բնակչութեանը եւ ֆրանսական բանակին ձկնատեսակներով մատակարարելն էր:

Ան կը սորվեցնէ ձկնորսներուն առաջարկելով տեղական ձկնորսական գիտարուեստի բարելաւում, կը սահմանէ ձուկերը հաւաքելու եւ պահելու մեթոտները: Կը փորձէ շանաձուկերը փորձարարական արդիւնահանութիւն ստեղծել, որոնց լեարդին մէջ զգալի քանակութեամբ վիթամին Ա A կը պարունակէ:

1943 թուականին Ալժերիոյ կառավարութիւնը Անիթա Քոնթիին պատուիրեց ուսումնասիրել Հարաւային Ափրիկէի ձկնային աղբիւրները: Սենեկալի, Կվինիայի եւ Քոտ տը իվուարի առափնեայ ծանծաղուտի հետազօտութիւնը Անիթայէն մօտ 10 տարի խլեց: Անիթա Քոնթի ուսումնասիրեց ջուրի յատակը, ձկնային աղբիւրները եւ այլն: Բացի այդ, ան ուսումնասիրեց տեղական աւանդական ձկնորսութեան մեթոտները, որմով կը կիրառեն ձկնորսական արդիւնաբերութեան մէջ:

«Ծովի տիկին» անունը ձեռք բերած առաջին կին ովկիանոսագէտը ուսումնասիրեր է երկրագունդի բոլոր ովկիանոսները: Առաւել, աշխարհի առաջին կին ոկիանոսագէտը Սէն-Ժաք (Saint-Jacque) նաւահանգիստէն ոչ հեռու իր միջոցներով նաւաստիներու դպրոց հիմնադրած է:

1947-ին Անիթա Քոնթին կը ծանօթանայ հռչակաւոր ծովագնաց, ճանապարհորդ, ֆրանսացի մեծ գիտնական Ժաք Գուսթոյի, որ հետագային կը դառնայ անոր լաւ բարեկամն ու գործընկերը: Ֆրանսացի մեծ գիտնական Ժաք-Իվ Գուսթոյի (Jacques-Yves Cousteau) խօսքով՝ առանց Անիթա Քոնթիի ջանքերուն անհնար էր ստեղծել նաեւ Մոնաքոյի մէջ յայտնի ովկիանասագիտական թանգարանը:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Անիթա Քոնթին Բա-տէ Քալէ (Pas-de-Calais) նեղուցի եւ Պարենցի ծովին (Barents Sea) մէջ զբաղուեր է նաեւ ականազերծման հարցերով:

Կեանքի մնացած տարիներուն Անիթա Քոնթի տարբեր համագումարներու, համաժողովներու եւ ֆորումներու ծովային աշխարհի պահպանման օգտին բազմաթիւ ելոյթներով հանդէս եկած է: Ան Ֆրանսայի եւ ամբողջ աշխարհի առաջին կին ովկիանոսագէտն էր:

Մեծ հետազօտողն ու գիտնականը շուրջ մէկ դարու բեղումնաւոր կեանք ունեցաւ:Անիթա Քոնթի Գարագոշեանը՝ աշխարհի առաջին կին ովկիանոսագէտը մահացած է 25 Դեկտեմբեր, 1997 թուականին՝ 98 տարեկանին, Ֆրանսայի Տուարնէ (Douarnenez) քաղաքը: Անոր աճիւնափոշին, իր կտակին համաձայն, սփռած են Միջերկրական ծովուն մէջ:

Ովկիանոսագիտական ակադեմիաներու Պատուաւոր Անդամ

Խմբագրել

Պատույ Լեգէոնի շքանշանի ասպետ

Անիթա Քոնթին պարգեւատրուած է Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ շքանշանով: Ան ընտրուած է տասնեակ Ովկիանոսագիտական ակադեմիաներու պատուաւոր անդամ, անոր մասին բազմաթիւ յօդուածներ տպագրուած են ֆրանսական «Լը Մոնտ»-ի եւ «Լը Ֆիկարօ»-ի մէջ, բազմաթիւ այլ պարբերականներ ու գրողներ հիացական տողեր ձօնած են մինչեւ իսկ 80 տարեկանին ծով դուրս եկած գիտնականին, փիլիսոփային, մեծ բնախոյզին ու լուսանկարիչին` նշելով, որ այս բազմատաղանդ կինը նաեւ շարք մը բանաստեղծութիւններու հեղինակ է:

Աշխատութիւնները

Խմբագրել
  • Տաք ծովերու հսկաները, Paris, 1957 ; éd. Payot & Rivages, 1997 (ISBN 2228890936)
  • Ովկիանոսը կերտողները, Paris, 1993 ; éd. Payot & Rivages, 1998 (ISBN 2228895911)
  • [La ]route est si longue avant la nuit, Fécamp, 1996
  • Ովկիանոսները, կենդանիներն ու մարդը ou l'ivresse du risque, éd. Payot & Rivages, Paris, 1999 (ISBN 2228895970)
  • Les terre-neuvas, éd. du Chêne, Paris, 2004 (ISBN 2842775422)

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • «Ծովի տիկին» - Անիթա Քոնթի (1899-1997), photographe, éd. revue Noire en collaboration avec l'association "Cap sur Anita Conti", 1998 (ISBN 2-909571-35-1)
  • Catherine Reverzy, Anita conti: 20 000 Lieues sur les mers, Odile Jacob, 2006 (ISBN 2738117422)

Տես նաեւ

Խմբագրել