Ապարանի Սուրբ Խաչ Եկեղեցի

Սուրբ Խաչ եկեղեցի, կանգուն հայկական եկեղեցի Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Ապարան քաղաքին մէջ։ Կը համարուի, որ այն կառուցուած է 4րդ դարու վերջերուն։ Եկեղեցին վերանորոգուած է 1877-ին։ Եկեղեցւոյ քահանաններն են Տէր Մուշէ քահանայ Վահանեանը եւ Տէր Սարգիս քահանայ Սարգսեանը։[1][2]

Օծութիւն

Խմբագրել

2002 թուականի մայիսի 5-ը նշանակալից օր է ինչպես Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ եւ միջնադարեան քրիստոնէական ճարտարապետութեան պատմութեան համար, այնպէս ալ Աբարանի պատմութեան մեջ։ Աբարանի հաւատաւոր ժողովուրդը ստացաւ իր պապերու աղօթատունը՝ Քասախի Պազիլիք տաճարը՝ աւարտած եւ բարեզարդուած։ Նոյեմբեր 1996-ին աղօթքներու, շարականներու, օրհներգներու հնչիւնները արթնցուցած են հնամենի քարերը, որոնք երգած են բազմութեան հետ ներդաշնակ։

  12 անգամ ջրով ու գինով լուացուած որմերը սրթսրթացին կարօտի դողով՝ իրենց մեջ ներծծելով սրբագոյն միւռոնը, աղօթքի մրմունջները, ալէլուիաներու թնդիւնը, դպիրներու, սարկաւագներու, քահանաներու, վարդապետի, եպիսկոպոսներու ակնհայտ հուզմունքը։  

Նոյն սարսուռը ապրեցան նաեւ չորս աւետարանիչներու որմերը եւ Սուրբ սեղանը յաջորդ օրը՝ Մայիս 5-ին՝ իրենց մեջ ներծծելով այս ամէնը, սրբագործուելով Ամենայն Հայոց Հայրապետի հովապետական Աջով։

Վերաշինուած, վերաօծուած տաճարը Տէր Մամբրէ քահանայ Պատուրեանին էր շնորհաւորել մատուցելու համար առաջին Սուրբ Պատարագը։ Իրեն կը սպասաւոր էին տաճարի վերակառուցմանը համահունչ աճած, նորոգված երիտասարդ սարկավագներ ու դպիրներ։

Տաճարը եւ ժամանակ

Խմբագրել

Պատմական Այրարատ նահանգի պատմական Նիգ գավառը Գունթերու իշխանները կառուցուած են վաղ քրիստոնէական դարաշրջանի երկու բարձրարժեք կոթողներու՝ վկայութիւն իրենց բարեպաշտութեան եւ շինարարական մեծագործութեան։ Մեկը՝

  • Զովունի սբ. Պողոս-Պետրոս եկեղեցին է (5-րդ դար, ներկայիս Աբարանի ջրամբարի տարածքին մէջ),

միւսը՝

  • գրականութեան մեջ հայտնի «Քասախի պազիլիք» տաճարը։

Արագած լեռան ստորոտին, Քասախ գետի ակունքներուն մէջ, նոյնանուն ավանը 10-րդ դարին կոուած է Աբարան, հետոյ առած է Բաշ հավելվածը եւ հաղթական մէկ ճակատամարտով մէկ կողմ շպրտած այն՝ հասնելով 21-րդ դար իբրեւ քաղաք Աբարան։ Դարերու անցուդարձին անհաղորդ, ամէն տեսակ «իզմ»-երու բերած ձեւափոխութիւններուն անտարբեր, նախնական կերպարին հարազատ՝ 21-րդ դար հասաւ միայն այս տաճարը՝ Աբարանի Սուրբ Խաչ եկեղեցին։ Միջնադարին մէջ կորցելով իր նախնական թաղակապ ծածկերը՝ ան կրկին ծածկի տակ առնուած է 1877 թուականին։

Գունթերը վերաշինուած են հիմնական օրէն 4-րդ դարի սկզբին՝ հարիր նոր՝ քրիստոնէական աշխարհակալման, եւ ան հետագայ դարերուն, կրելով մասնակի աննշան փոփոխութիւններ, մեզ հասած է անաղարտ՝ իր նախնական հորինվածքով։

Աբարանի Սուրբ Խաչ եկեղեցին իր անունը առած է այդտեղ պահուող Տերունական Խաչափայտի մասունքէն։ Ականատեսներու վկայութեամբ ան գոյութիւն ունեցած է մինջեւ մեծ անաստվածութեան տարիները, եւ այժմ վայրը անհայտ գտնուած է։ Այս աղօթատունը գործած է մինչեւ 20-րդ դարի 40-ական թուականները՝ չդադրելով նաեւ գործած է պոլշեւիկեան տարիներուն՝ շնորհիւ Տէր Ռաֆայէլ քահանայի։

40-ականներու վերջը, Սուրբ Խաչ եկեղեցին պղծուած է, քանի որ այն օգտագործած են որպէս կոլտնտեսութեան պահեստ, բայց 1959 թուականին վերադարձուած է բնակավայրի ծխական համայնքին՝ շնորհիվ ծխական համայնքի խորհրդի եւ անոր նախագահի՝ դարբին Սենօ Մայիլեանի։

Պատմական Արարատ աշխարհի պատմական Նիգ գաւառի պատմական Քասախ աւանի կենդրոնը բխած է «40 աղբիւր» կոչուած սառնորակ գետը։ Նոյն գետի ակունքներու մոտ կառուցուած է Աբարանի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 1700 տարիներ շարունակ յորդած է Սուրբ Հոգւոյն կենարար ջուրը՝ ոռոգելով Տիրոջ անդաստանները Աւետարանի կենարար լոյսով։

Տաճար եւ պատերազմ

Խմբագրել

1700-ամեայ տաճարը անցած է բազմաթիւ փորձութիւններու միջով, տեսած է երկրաշարժեր, սովեր, համաճարակներ, պատերազմներ, սակայն մնացած է կանգուն։ Թէ՛ խաղաղ օրերուն, թէ՛ արհավիրքի տարիներուն անոր սուրբ Սեղանէն դարեր շարունակ բաշխուած է Կենաց հացը։

1918 թուականի մայիսին Ալեքսանդրապոլի մէջ առկայ ամենալուրջ ռազմական զօրութիւնը՝ Հայոց բանակը, Էրզրումի, Սարիղամիշի, Կարսի անսպասելի յարձակումէն յետոյ կը նահանջէր։

Մայիսի 15-ին Ալեքսանդրապոլը պարտուեցաւ։ Անդրանիկը Դսեղ բարձրացած էր, սպարապետ Նազարբեկովը Ղարաքիլիսէի ճակատամարտէն «յոգնած», զօրքը կը տանի Դիլիջան…

  Վեհիբ փաշան կու գայ Արարատեան դաշտով Երեւանի վրայ։ Էսադ փաշան կարճ ճամբով կ'անցնի Սպիտակի լեռնանցքով՝ Աբարան-Երեւան։ Պէտք էր ճակատամարտիլ։ Արամ Մանուկեանի ձայնը մինակ չմնաց։ Վանի պաշտպանութեան հերոս, ազգային-պետական գործիչն իր ռազմական կարողութիւններով զօրավիգ եղաւ գնդապետ Մելիք-Բեկ Փիրումեանը եւ Գարեգին եպիսկոպոս Յովսէփեանը։

Ճանապարհը Աբարանով Երեւան բաց էր։ Էսադ փաշան եօթ հազարանոց բանակով կու գար Աբարանի վրայ, ոտնատակ տալու-անցնելու Երեւան՝ միանալու Վեհիբին՝ վերջնականապես ջնջելու աշխարհի երեսից հայ-Հայաստան։ Իսկ գիւղը լեցուած տղաքը չէին շտապեր դիրք բռնել… Գիւղի մէջ քահանան բացօթեայ Ս. Պատարագ կը մատուցեր։ Տղաքը, հաղորդութիւն առնելէ առաջ, ծունկի եկած կը խոստովանէին կամայ թէ ակամայ գործած մեղքերը…

 

Անհնար է մեղքերու բեռան տակ կռուելու, եւ առաւել եւս, յաղթել։ Այստեղ, Քասախի ակունքներու մէջ 15-րդ դարերու խորքէն կ'արձագանքուի Աւարայրի հնչած կոչը, եւ … տղաքը գիւղի մէջ ծնրադրած կը մաքրուէին Փրկչական Արիւնով՝ հեռացնելով իրենցմէ ամէն մեղք կոչուած բան՝ ականջալուր Ս. Զօրավարի յօրդորին.

  «Եւ արդ եկել, հասել է ժամանակը…»:  


Տաճարի ճարտարապետութիւն

Խմբագրել

Աբարանի Սուրբ Խաչ եկեղեցին գլխաւոր կենդրոնական կառոյցն է ճարտարապետական համալիր մը, որոնց պահպանուած են 5-րդ դարին կառուցուած եկեղեցւոյ հիմնապատերը, ինչպէս եւ 2 եկեղեցիներու միջանկեալ տարածքին կառուցուած սրահի։ Այս սրահը, ամենայն հավանականութեամբ, ծառայած է որպէս ճեմարան՝ նախօրինակը լինելով Սանահինի վանքի հանրահայտ «Մագիստրոսի ճեմարանի»:

Բեղումներու հայտնաբերուած ճարտարապետական բեկորները վկայած են համալիրի այլ բնույթի շինութիւններու երբեմնի առկայութիւնը, որոնց, ցաւոք, ոչ մէկ հետք չի պահպանուիր։ Համալիրը զարդարած նաեւ վաղ քրիստոնէական շրջանին բնորոշ քառակող հուշասիւներ եւ արխաիկ խաչքարեր, որոնցմէ մէկը գտնուած եւ վերատեղադրուած բարեկարգման աշխատանքներու աւարտական փուլին։

Տաճարի հորիզոնական առանցքի շուրջ զարգացող ծավալատարածական հորինվածքը, որ արեւելքած ավարտուած է խորանի աբսիդով, երաւան պազիլիք է, սակայն խիստ տարբեր նախորդ շրջանին հայտնի նոյնատիպ շինութիւններու։ Քասախի պազիլիք տաճարը իր էքստերիերը ճարտարապետութիւնը զուսպ է եւ առնական։ Հիմնական արտահայտչամիջոցը այստեղ պատերու լոկալ հարթութեան եւ բացվածքներու ու առաջ եկած պորտալներու համաչաբական համակարգն է եւ լուսարուեստային խաղը։

 
Մկրտութեան աւազան

Ողջ ճարտարապետական մտածողութիւնը սպայս դրուած է աղոթքի եւ փառաբանութեան հարիրւ տարածութեան կազմակերպմանը, որ եւ Քասախի պազիլիք տաճարի ճարտարապետութեան մեծագոյն գեղագիտական արժեքը կը հանդիսանայ։ Այս մտածողութեան ձգտած է հարազատ մնալ վերականգնող ճարտարապետը՝ նորաստեղծ տարրերու (բեմը, սուրբ Սեղանը, Մկրտութեան Աւազանը) մշակման մէջ՝ ենթարկելով դրանք տաճարի գեղագիտական արտահայտչականութեանը։

Ուենալով փաստուած նիւթ կառոյցի կղմինդրածածկ լինելու վերաբերեալ՝ տաճարը կրկին ծածկուեցաւ կղմինդրով, որու ձեւը կրկնուած են 5-րդ դարու պահպանուած կղմինդրու ձեւերը։ Այս ամենէն հանդերձ, Աբարանի Սուրբ Խաչ եկեղեցին Քասախի (պազիլիք տաճարը) ոչ միայն վաղ քրիստոնէական շրջանի առաջնեկն է, այլեւ բարձրարժեք ճարտարապետական մէկ հորինվածք քարեղենի մարմնացումը Ավետարանի լոյսի, սիրոյ ու ճշմարտութեան՝ զուսպ, առնական, միաժամանակ ջերմ ու մարդամոտ։ Այն իրավամբ հայ քրիստոնէական ճարտարապետութեան եզակի գոհարներու եւ բարձրարուեստ մէկ հուշարձան միանաւ պազիլիքներու շարքին։[3]

Տաճար եւ քահանաներ

Խմբագրել

1796 թուականին Էրզրումի վիլայեթի Դութաղ բնակավայրի քահանայ Տէր Հարութիւնը գերդաստանով տեղափոխուած է Արեւելեան Հայաստան եւ հանգրուանուած է այդ տարիներուն գրեթէ աւերակ Աբարան գիւղին մէջ։ Անոր մահէն ետք իր որդիները իրենց միացած գաղթականներու հետ Մայիս 1816 թուականին հիմնած են Աբարանը՝ նորոգելով Սուրբ Խաչ եկեղեցուոյ հարեւանութեամբ գտնուող մի քանի տուներ։

Սուրբ Խաչ եկեղեցին կրկին վերազարթուած է 19-րդ դարուն իր առաջին քահանայ Տէր Մարտիրոսի եւ անոր շուրջը համախմբուող ծխական համայնքի աղոթքներուն։

1860 թուականին վախճանած է Տէր Մարտիրոսը եւ փոխարինուած է անոր որդին՝ Տէր Սահակը՝ քահանայագործելով եկեղեցին մինչեւ 1918 թուականը իրեն լծակ ունենալով կրտսեր եղբորը՝ Տէր Ռաֆայէլին։ Վերջինը ձեռնադրուած է 1902 թուականին՝ Մկրտիչ Խրիմեանի ձեռմամբ (Մկրտիչ Ա)։

Տեր Ռաֆայէլի աղօթքներով բժշկուած էին հիւանդներ, դարձի ու ապաշխարհութեան ճանապարհի բռնուած հանցագործներ, աւազակներ։ Անոր աղօթքներով ցրուած էին կարկտաբեր ամպերը, բացուած էին երկնքի գոց դռները, եւ երկինք հառած շինականի աչքերը անձրեւած էին՝ խառնուելով որպէս օրհնութիւն տեղացող հորդառատ անձրեւի շիթերին։

Անոր ձեռբակալելու, աքսորելու ՉԿ-ի փորձերը միշտ ձախող էին երկնային միջամտութեամբ։

17 Յունուար 1946 թուականին 92-ամեայ քահանան կնքած է իր մահկանացու՝ մահուան առաջ հասցնելով մկրտեց Աբարանի նորածիններուն։ Անոնց հետոյ աթեիզմը ամրապնդուած է նաեւ Աբարանին։

Բայց ծնվողները պիտի մկրտուէին եւ ննջողներն ալ պէտք ունէին հոգեհանգստի, որ ի պաշտոն կատարած է Տէր Յովհաննէս քահանան մինչեւ իր մահը՝ 1959 թուականին։ Այնուհետեւ աբարանցիները ստիպուած էին հասնիլ Էջմիածին կամ Երեւան՝ հոգեւոր կարիքներու բաւարարման համար։

1974 թուականին Աբարանի տարածքի հոգեւոր կարիքներու բաւարարումը հանձնուած է Տէր Յարութիւն քահանայ Եսաեանին։ Անոր մահէն ետք Աբարանի ծխական համայնքը եւ՛ կար, եւ՛ չկար։

Հոգեւոր կեանքը վերազարթոնք ապրած է եւ աշխուժացած է 1989 թուականին Աբարանի հոգեւոր հովիւ նշանակուած Տէր Մկրտիչ քահանայի գործունէութեամբ։ Աշնան, 1993 թուականին Տէր Մկրտիչ քահանայի Շուետ վերաբնակուելու հանգամանքով համայնքը կրկին մնացած է առանց հովիւի։

Արարատեան Հայրապետական թեմի Առաջնորդական փոխանորդ Գարեգին արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի հոգածութեան շնորհիւ տարածքի հոգեւոր սպասաւորութիւնը ստանձնած է Տէր Աթանաս վարդապետ Մովսիսեանը։ 1996 թուականին վերաբացուած Սուրբ Խաչ եկեղեցին հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ Տէր Յարութիւն քահանայ Եսաեան Տէր Յարութիւնի կրտսեր որդին։ 1997 թուականին Սբ.Խաչ եկեղեցին կատարեց սարկաուագական ձեռնադրութիւն Տ.Նաուասարդ ձեռմամբ արքեպիսկոպոս Կճոեանի։ Ձեռնադրուեցան Յովհհանէս սարկաուագ Վահանեանը, որ հիմա եկեղեցուոյ հոգեւոր հովիւն է եւ Հայկ սարկաուագ Պետրոսեանը, որ հետոյ վերանուանեցաւ Տէր Ղազար եւ քահանայութեան կոչուեցաւ Բիւրաուանի եկեղեցիին մէջ։

2001 թուականին Տէր Հարութիւն քահանան կը տեղափոխուի պաշտոնավարելու Աշտարակի Սուրբ Կարմրաւոր, Սուրբ Սարգիս եւ Թալինի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները։

Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ եւ անոր ծխական համայնքի կեանքի նշանակուած էր 22 Փետրուար 2011-ին, երբ սուրբ Վարդանանց հիշատակին նուիրուած իր անդրանիկ Պատարագով հովուական պարտականութիւններ ստանձնեց նորընծայ Տէր Վիրապ քահանայ Ղազարեանը։ Կարճ ժամանակի մէջ ան արժանացաւ համայնքի սիրուն ու վստահութեանը՝ շնորհիւ իր նուիրուած ծառայութեան եւ ողջախոհ, հաւասարակշիռ ընթացքի։

Շուրջ 13 տարի իր բարեսեր ծառայութիւնը բերեց Սուրբ Խաչ եկեղեցին Տէր Վիրապ քահանայ Ղազարեանը։ Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ տեղափոխուեցաւ Ոuկրանիա, որ փոխարինեց Տէր Օշին քահանայ Հայրապետեանը եւ Տէր Մուշէ քահանայ Վահանեանը։

Նկարներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Edwards Robert W., "Kʽasał" (2016)։ The Eerdmans Encyclopedia of Early Christian Art and Archaeology, ed., Paul Corby Finney։ Grand Rapids, Michigan: William B. Eerdmans Publishing։ էջեր 6–7։ ISBN 978-0-8028-9017-7 
  2. «Armeniaculture.am»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-04-02-ին։ արտագրուած է՝ 2015-01-02 
  3. Կաղապար:Armenian Art 1989

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Աբարանի Սուրբ Խաչ եկեղեցի. Պատերագիրք.- Էջմիածին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, 2003.- 44 էջ։
  • Kiesling, Brady (2005), Rediscovering Armenia: Guide, Yerevan, Armenia: Matit Graphic Design Studio