Առաքել Խնտամեան

Առաքել Խնտամեան (1856, Սկիւտար Պոլիս - 1912), երկրաչափ։

Առաքել Խնտամեան
Ծնած է 1856
Ծննդավայր Սկիւտար, Պոլիս
Մահացած է 1912
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ամուսին Սօֆի Խնտամեան
Երեխաներ Պիմէն Խնտամեան, Եդուարդ Խնտամեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Բնիկ Պոլսեցի, ծնած Սկիւտար 1856- ին։ Ապտիւլ Համիտի օրով խումբ մը երիտասարդներու հետ Թրք․ կառաւարութեան կողմէ կը ղրկուի Ռուսիա երկրաչափութիւն ուսանելու։ Երեսուն հոգինոց խումբէն լոկ 14-ը կը յաջողին, որոնցմէ մին կ՝ ըլլայ Առաքել Խնտամեան եւ կը ստանայ իր երկրաչափի վկայականը։ 1895-1903 ին պաշտօնավարած է նախ Երուսաղէմ, ապա 1904 ին Պէյրութ եւ հուսկ յետոյ Հալէպ՝ 1907 ին։ Կը փոխադրուի Պոլիս եւ 1912 ին որպէս պաշ մուհէնտիզ (գլխաւոր երկրաչափ) կ՝ ուղարկուի Գոնիա, ուր մահը վրայ կը հասնի ճիշդ Ա․ Անտհ․ Պատերազմի յայտարարութենէն քանի մը օր առաջ երբ ոտիկաններ եկած էին զինք ձերբակալելու եւ աքսորելու որպէս ականաւոր հայ մը։ Կ՝ըսուի թէ Պէյրութէն դուրս թարիք ճէտիտէ (նոր ճամբայ) մեծ պողոտան Առաքել Խնտամեանի գործն է։

Անձնական կեանք

Խմբագրել

Երկրորդ կնոջմէն՝ Սօֆիէն (դուստրը Տիգրան Քիւչիկեանի, պետական դեղագործ Պէյրութի) կ՛ունենայ 4 զաւակ որոնց տարեցն է Պրն․ Պիմէն Խնտամեան։ 1914-ին Առաքել Խնտամեանի երեք զաւակները կը գտնուէին Լիբանան։ Իր երկրորդ մանչ զաւակը՝ Պրն․ Եդուարդ Խնտամեան, շրջանաւարտ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Առեւտրական ճիւղէն, որ երկար ժամանակ Երուսաղէմ ապրելէ ետք, նոյն թուականին հաստատուած է Ամման[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ էջ 445-446։
  2. «Անծանօթ Բարերարը», Ազդակ օրաթերթ, Լիբանան