Առլին Ֆրենսիս Գազանճեան (անգլերէն՝ Arline Francis Kazanjian, 20 Հոկտեմբեր 1907(1907-10-20)[1][2][3], Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4][5] - 31 Մայիս 2001(2001-05-31)[6][7][1][…], Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[6]), ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի ռահվիրայ, որ 1950ական «Միացեալ Նահանգներու երրորդ ամենէն ծանօթ կինն» էր, ըստ «Նիւզուիք» եւ «Թիվի Կայտ» պարբերաթերթերուն, եւ խաղի յայտագիրներու ամենաշատ դրամվաստակող անձը։

Առլին Ֆրենսիս
անգլերէն՝ Arlene Francis
Ծննդեան անուն Արլէն Գազանճեան
Ծնած է 20 Հոկտեմբեր 1907(1907-10-20)[1][2][3]
Ծննդավայր Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4][5]
Մահացած է 31 Մայիս 2001(2001-05-31)[6][7][1][…] (93 տարեկանին)
Մահուան վայր Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[6]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Ֆինչ քոլեջ?
Երկեր/Գլխաւոր գործ What's My Name??
Մասնագիտութիւն ինքնակենսագիր, հեռուստահաղորդավար, ռադիոհաղորդավար, թատրոնի դերասանուհի, կինոդերասանուհի, Խաղային շոուի հաղորդավար
Աշխատավայր Դաշնային թատերական նախագիծ?
Ամուսին Մարտին Գաբել?
Երեխաներ Փիթեր Գաբել?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Մեծ հայրերը սպաննուած են 1895-1896ի համիտեան ջարդերուն, երբ անոր 16ամեայ հայրը՝ Արամ Գազանճեան, արուեստ կ՚ուսանէր Փարիզի մէջ։ Գաղթելով Միացեալ Նահանգներ, դարձած է դիմանկարող լուսանկարիչ, իր արուեստանոցը բանալով Պոսթընի մէջ, ուր ամուսնացած է Լիա Տէյվիսի հետ։ Ապագայ դերասանուհին ծնած է Հոկտեմբեր 20, 1907ին, Պոստընի մէջ։ Եօթ տարեկանին, ընտանիքը փոխադրուած է Նիւ Եորք։

Ուսումը Ֆինչ գոլէճի մէջ ստանալէ ետք, հայրը իր աղջկան արգիլած է թատերական ճիւղին հետեւիլ։ Սակայն, շուտով ան փոխած է անունը, դառնալով Arlene Francis, եւ նետուած է թատերական ասպարէզին մէջ։ Իր բնական ձիրքերը բազմաթիւ դերեր պարգեւած են ձայնասփիւռի թատերական հաղորդաշարքերու մէջ, որոնցմէ շատերը միաժամանակ կը տրուէին։ 1938-1949 առաջին անգամ խաղերու յայտագրի («What’s My Name») վարիչ եղած է ձայնասփիւռի մէջ։ Ուրիշ յայտագիր մը՝ «Blind Date», զոր սկսած է 1943-ին ձայնասփիւռի մէջ, 1949-1952 շարունակուած է հեռատեսիլի մէջ, եւ Արլին Ֆրէնսիս եղած է առաջին կինը, որ երբեւէ վարած է հեռատեսիլի խաղի յայտագիր մը Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Ան հռչակաւոր դարձած է իբրեւ շաբաթական «What’s My Line» խաղի յայտագրի չորս մասնակիցներէն մէկը, ուր կանոնաւորապէս երեւցած է 1950-1975։ «Նիւզուիք» հայազգի դերասանուհին կոչած է «հեռատեսիլի առաջին տիկինը»։ Իր ասպարէզի գագաթնակէտին, ան միաժամանակ երեք շաբաթական յայտագիրներու ներկայ էր՝ երեք հեռատեսիլի կայաններուն մէջ։ 1950-1960ական թուականներ շարունակած է աշխատակցիլ ձայնասփիւռին, ուր 1961-1990, հարցազրոյցներու մէկ ժամուան յայտագիր մը վարած է։

Ան առաջին կիներէն եղած է, որ հեռատեսիլի յայտագիր մը վարած է, որ ո՛չ երաժշտական եւ ո՛չ ալ թատերական էր։ 1954-1957, վարած է յատկապէս կիներու ուղղուած լրատուական առաջին յայտագիրը («Home»), NBC կայանին վրայ։

Պրոտուէյի մէջ, թէ դուրս՝ բազմաթիւ թատերախաղերու մէջ դեր ստանձնած է, ներառնելով Պրոտուէյի 25 թատերախաղեր, մինչեւ 1975։ Նաեւ խաղացած է Հոլիվուտի քանի մը շարժանկարներու մէջ, 1932-1978 թուականներուն։

1978-ին հրատարակած է իր ինքնակենսագրութիւնը, որմէ առաջ լոյս ընծայած է ինքնօգնութեան հատոր մը՝ «Այդ որոշ բանը. գրաւչութեան կախարդանքը» (1960) եւ խոհանոցի բաղադրատոմսերու հատոր մը՝ «Եփելու ժամանակ չկայ» (1961)։ Ամուսնացած է երկու անգամ։ Երկրորդ ամուսնութենէն ծնած որդին՝ Փիթըր Կէյպըլ, հիմնած է «Արլին Ֆրէնսիս» կեդրոնը Սան Ֆրանսիսքոյի մօտերը։

Շարժապատկեր եւ թատրոն

Խմբագրել

Հակառակ հեռատեսիլային աստղի իր ունեցած համբաւին՝ Առլին Ֆրենսիս իր առաջին սէրը նկատած է թատրոնը։ Այդ մասին ան գրած է.

  Թատրոնը ձկնկիթ է, եւ յայտնի է, որ մարդ չի կրնար անընդհատ ձկնկիթ ուտել։  


Ան նկարահանուած է Ֆրենք Պորզեչի «Ծառայողական մուտջի ճաշարանը» (1943), Ռընէ Քլերի «Ֆրանսական հպումը» (1945) եւ շատ մը այլ շարժանկարներու մէջ։

Վերջին անգամ նկարահանուած է Պիլ Ռայլտերի «Ֆետորա» ֆրանս-գերմանական շարժանկարին մէջ (1978)՝ անուանի դերասաններ Հենրի Ֆոնտայի, Մարիօ Ատորֆի, Ուիլիըմ Հոլտընի եւ այլոց ընկերակցութեամբ։

1955 թուականին Առլին Ֆրենսիս նկատուած է Միացեալ Նահանգներու հինգ լաւագոյն հագնող կիներէն մէկը, իսկ նոյն թուականին «Նիուզուիք» շաբաթաթերթի կողմէ հռչակուած է «Ամերիկեան հեռատեսիլի թագուհի»։ Եթէ պահոցներու մէջ փնտռենք-գտնենք «Քոսմոփոլիթըն» հանդէսին 1962-ի փետըրւարի թիւը, ապա կը տեսնենք, որ անիկա ամբողջութեա մբ նուիրուած է Ֆրենսիսին։ Իսկ «Ասպարէզ» թերթը 1965-ին (31.08 թիւ) գրած է, որ այդ թուականին (1965) մեր հայրենակցուհի Առլին Ֆրենսիսը նկատուած է «Միացեալ Նահանգներու երկրորդ Լէյտին»։

1969 թուականի 17 Յունիսին «Նիւ Եորք Թայմզ» տպագրած է այն նշանաւոր ամերիկացիներուն ցանկը, որոնք զինուած պաշտպանութեան տակ առնուած են։ Այդ ցանկին մէջ կային երեք հայ անուններ՝ Առլին Ֆրենսիս, Մայք Քանըրզ (Գրիգոր Օհանեան) եւ երգչուհի Շեր (Շերլին Սարգիսեան)։

1973 թուականին Առլին Ֆրենսիս հռչակուած է «Տարուան կինը»[8]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել