Արակոնեան թագ (Corona d'Aragónno, Corona d'Aragóno, Corona Aragonumno, Corona de Aragónno), Արակոնի թագաւորի իշխանութեան ներքոյ գտնուող բազմաթիւ տիտղոսներու ու պետութիւններու շարունակական միութիւն[1]:

Արակոնեան Թագ
Senyera? Զինանշանը


Պետական լեզու medieval Aragonese?, Old Catalan?, Լատիներէն եւ միջնադարյան լատիներեն?
Օրէնսդիր մարմին General Courts of the Crown of Aragon?, Catalan Courts?, Corts Valencianes? եւ Aragonese Corts?
Կրօնք Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի, Սիւննի, Sephardic law and customs? եւ Յունական ուղղափառ եկեղեցի
Հիմնադրուած է 18 Յուլիս 1164 թ.

Իր հզօրութեան գագաթնակէտին՝ 14-15-րդ դարերուն Արակոնեան թագը կը վերահսկէր ժամանակակից Սպանիայի արեւելեան, Ֆրանսայի հարաւ-արեւելեան հատուածին մեծ մասը, ինչպէս նաեւ Միջերկրական ծովու հիմնական կղզիներն ու մայր ցամաքային տարածքները, որոնք կը տարածուէին մինչեւ Յունաստան:

Թագը կազմող թագաւորութիւնները քաղաքականապէս միացած չէին, բայց միեւնոյն ժամանակ կ՛ենթարկուէին թագաւորի կամքին: Ժամանակակից քաղաքական ասութեամբ կարելի է ըսել, որ այդ պետական միաւորումը գոյութիւն ունէր աւելի ճիշտ որպէս համադաշնութիւն, քան թէ միասնական պետութիւն: Այս տեսանկիւնէն Արակոնեան թագը պէտք չէ շփոթել անոր կազմին մէջ եղած որեւէ միաւորի հետ, ինչպէս օրինակ Արակոնի թագաւորութեան հետ, որմէ ալ առաջացած է «համադաշնութեան» անուանումը:

1479-ին ձեւաւորուեցաւ ազնուական տոհմի միութիւն Արակոնի թագի եւ Քասթիլիական թագի միջեւ, որու շնորհիւ ստեղծուեցաւ այն, ինչը պէտք է հետագային կոչուէր Սպանիոյ թագաւորութիւն: Արակոնեան թագի տիտղոսը լրացուցիչ տիտղոսներու շարքին սպանական միապետներու կողմէ կ՛օգտագործուէր մինչեւ 1716-ը, երբ Նուէվա Փլանթայի հրամանագիրով անոնք վերածուեցան, որպէս սպանական ժառանգութեան համար պատերազմին նախկին պետութիւններու՝ Արակոնի թագը կազմող պետութիւններու կողմէ գահի յաւակնորդին սատարելու հետեւանքով:

Նախաբան

Խմբագրել

Արակոնեան թագի առաջատար տնտեսական կեդրոնները կը հանդիսանային Պարսելոնան եւ Վալենսիան: Թագի քաղաքական կեդրոնը եղած է Սարակօսան, որտեղ գտնուող Սան Սալվատոր տաճարին մէջ («Լա Սէօ») կը թագադրուէին թագաւորները: Մալիորքա կղզիին մէջ գտնուող Փալմա քաղաքը կը հանդիսանար Արակոնեան թագի եւս մէկ կարեւորագոյն քաղաք ու ծովային նաւահանգիստ:

Ընդհանուր հաշուով Արակոնեան թագը իր մէջ կը ներառէր Արակոնի թագաւորութիւնը, Քաթալոնիայի իշխանութիւնը, Վալենսիայի թագաւորութիւնը, Մալիորքայի թագաւորութիւնը, Սիցիլիայի թագաւորութիւնը, Մալթան եւ Սարտինիան, ինչպէս նաեւ որոշակի ժամանակահատուածի՝ Փրովանսը, Նիապոլի թագաւորութիւնը, Նիոպատրիայի դքսութիւնը եւ Աթենքի դքսութիւնը:

Փիրենեան թերակղզիի երկիրները սկսած 722-էն գտնուած են պարբերական պայքարի մէջ, որ ստացած է Ռեքոնքիսթա: Այդ գործընթացը կը հանդիսանար հիւսիսային քրիստոնէական թագաւորութիւններու պայքար ընդդէմ Փիրենեան թերակղզիի հարաւը գտնուող մահմետական փոքր տայֆաներու, ինչպէս նաեւ միմիանց հետ:

Ուշ միջնադարուն Արակոնեան թագի հարաւային ընդարձակումը հանդիպեցաւ Մուրսիա շրջանին մէջ քասթիլեացիներու՝ դէպի արեւելք առաջխաղացման: Այս կապակցութեամբ արակոնեան հետագայ ընդարձակումը կեդրոնացաւ Միջերկրծովեան աւագանիին մէջ՝ շարժուելով դէպի Յունաստան եւ Բարբարոսական ափ այն պարագային, երբ Փորթուկալը, որ Ռեքոնքիստան աւարտած էր 1272-ին, կ՛ընդարձակուէր Ատլանտեան ովկիանոսի ուղղութեամբ: Թագի տարածքէն վարձկանները, ալմոգաւառները մասնակցեցան միջերկրծովեան այդ կայսրութեան ստեղծման գործին եւ, հետագային իրենց տեղը գտան Հարաւային Եւրոպայի բոլոր երկրներուն մէջ:

Կարծիքներ կան (արձանագրուած, որպէս օրինակ «Llibre del Consolat del Mar»ին մէջ, որ գրուած է քաթալոներէն լեզուով, որ կը ներկայացնէ աշխարհի մէջ ծովային օրէնքներու ամենահին ձեռագիրը), որ Արակոնի թագը պէտք է դիտարկել որպէս կայսրութիւն, որ իշխած է Միջերկրածովեան աւազանին մէջ քանի մը դար՝ տարածելոով իր իշխանութիւնը ծովու ամբողջ տարածքին: Եւ իրականութեան մէջ Արակոնեան թագը իր իշխանութեան բարձրութեան գագաթնակէտին կը հանդիսանար Եւրոպայի հիմնական ուժերէն մէկը:

Ընդ որուն, թագին պատկանող տարբեր տարածքներ միմիանց հետ թոյլ էին կապուած, որ հակասութեան մէջ կը մտնէ կայսրութեան մասին աւանդական պատկերացումներուն հետ: Ժամանակակից հետազօտող Մարքիզ տէ Լոզոյը Արակոնեան թագը կը բնութագրէ առաջին հերթին որպէս համադաշնութիւն, քան կեդրոնացուած թագաւորութիւն[2]: Պաշտօնական ոչ մէկ փաստաթուղթի մէջ հնարաւոր չէ եղած հանդիպիլ «կայսրութիւն» բառին («Imperium» կամ ժառանգական բնութագրիչ): Այն կը համարուէր առանձին թագաւորութիւններու ազնուական տոհմի միութիւն:

Պատմութիւն

Խմբագրել
 
«Արակոնի թագուհի Փեթրոնիլան եւ Պարսելոնիայի կոմս Ռոման Պերենկէր Դ.»: Նկար, 1634, կը գտնուի Մատրիտի Փրատօ թանգարանին մէջ

Ծագում

Խմբագրել

Արակոնեան «կայսրութիւնը» ստեղծուած է 1137-ին, երբ Արակոնի թագաւորութիւնը ու Պարսելոնայի կոմսութիւնը միաւորուեցան արքայական միութեան մէջ[3]։ Պարսելոնայի կոմս Ռոման Պերենկէր Դ.-ի եւ Փեթրոլինա Արակոնացիի միջեւ կնքելով ամուսնական պայմանագիր:

Անոնց որդին՝ Ալֆոնսօ Բ.-ը, 1162-ին բարձրացաւ միասնական գահ: Այս միաձուլումէն Պարսելոնական ազնուական տոհմը ժառանգեց նաեւ թագաւորական թագը[4]: Այսպիսով, այն տարածքները, ուր անոնք կ՛իշխէին, աստիճանաբար սկսան անուանուիլ Արակոնի թագ որպէս հասարակական բարձր հեղինակութիւն ունեցող տիտղոս:

Ընդ որուն, միասնական թագաւորութեան նոր ղեկավար Ռոման Պերենկէր Դ.-ը շարունակեց իրեն անուանել Պարսելոնայի կոմս եւ պարզապէս Արակոնի «արքայազն»[4]:

Ռոման Պերենկէր Դ.-ի եւ Փետրոլինայի որդին՝ Ալֆոնսօ Բ.-ը, ժառանգեց երկու՝ Արակոնի թագաւորի եւ Պարսելոնայի կոմսի տիտղոսները, որոնք հետագային կը կրէին իր ժառանգները: Այսպիսով, այս միութիւնը կայացաւ երկու տարածքներու խորհրդարաններու համաձայնութեամբ:

Ընդարձակում

Խմբագրել

Ալֆոնսօ Բ.-ը, օգտուելով բարենպաստ իրադրութենէն, փորձեց նուաճել Վալենսիան, սակայն հնարաւորութիւնը բաց թողեց, երբ Նաւարայի թագաւոր Սանչօ Զ.-ը ներխուժեց Արակոն: Արակոնեան սահմաններու հետագայ պահպանութեան համար Ալֆոնսօ Բ.-ը Քասթիլիայի թագաւորի Ալֆոնսօ Ը.-ի հետ կնքեց «Թագաւորական համաձայնութիւնը»: Այդ պայմանագիրը նաեւ յստակեցուց պետութիւններու հետագայ ընդլայնման հնարաւորութիւնները. Վալենսիան անցաւ Արակոնի թագաւորներու, իսկ Մուրսիան՝ Քասթիլիայի թագաւորներու վերահսկողութեան[3]:

13-րդ դարուն թագաւոր Ճէյմս Ա.-ը սկսաւ էքսպանսիայի ժամանակաշրջանը՝ նուաճելով եւ Թագին միացնելով Մալիորկան եւ Վալենսիայի թագաւորութիւնը: 1258-ին Քորպեան պայմանագրով , որ հիմնուած էր բնական սահմաններու սկզբունքի վրայ[5], Քաթալոնիայի նկատմամբ ֆրանսական յաւակնութիւնները ցնդեցան: Գլխաւոր պայմանը Փիրենեան լեռներէն հիւսիս արակոնեան ազդեցութեան դադարեցումն էր[5]: Ճէյմս Ա.-ը կը գիտակցէր, որ ֆրանսայի մէջ յենակէտ պահելուն ուղղուած ուժերու ու եռանդի վատնումը կրնար իրեն համար աղէտալի աւարտիլ[5]: Յունուար 1266-ին ան պաշարեց եւ գրաւեց Մուրսիան՝ այնտեղ բնակեցնելով իր մարդոց՝ գլխաւորապէս քաթալոնացիներու, իսկ այնուհետեւ համաձայն Քասորլսկեան պայմանագրով Մուրսիան վերադարձուց Քասթիլիային[3]:

Շնորհիւ Ճէյմս Բ. թագաւորի՝ Մալիորկան, Սերտանը, Ռուսիլիոնի կոմսութիւններն ու Մոնպելէ սենիորութիւնը պահպանեցին իրենց անկախութիւնը 1276-էն մինչեւ 1279 թուականները՝ անոնցմէ ետք դառնալով Թագի ենթականեր եւ 1344-ին մտնելով Արակոնի թագի կազմ:

Վալենսիայի թագաւորութիւնը, որ հիմնադրուած էր մավրիտանեան տայֆայի տեղը, դարձաւ Արակոնի թագի երրորդ անդամը (Մալիորկայի իրաւական կարգավիճակը կը տարբեէր Արակոնի, Քասթիլիայի եւ Վալենսիայի թագաւորութիւններու կարգավիճակէն):

1283-ին սիցիլիացիները ապստամբեցան Անժուրա-սիցիլիական տան դէմ, որու շրջանակներուն Սիցիլիական երեկոյի ընթացքին ոչնչացուցին ֆրանսական ամբողջ կայազօրը: Այդ իրադարձութիւններէն հինգ ամիս ենք Փետրօ Գ. Արակոնացին կ՛ընդունի ապստամբներու առաջարկը եւ Սիցիլիան ներառում Արակոնի թագի կազմին մէջ: Ան կը ժամանէ Տրապանի, ուր կ'արժանանայ ջերմ ընդունելութեան: Ֆրանսամէտ տրամադրուած Հռոմի պապ Մարտինոս Դ. Փետրօ Գ.-ին հեռացուց եկեղեցիէն, անոր գահընկեց յայտարարեց եւ Արակոնի թագաւորութիւնը առաջարկեց Ֆիլիփ Գ.-ի որդիին[5][6]:

Երբ Փետրօ Գ.-ը նախընտրեց արակոնեան ֆուերոսները չտարածել Վալենսիայի մէջ, քաղաքներու ներկայացուցիչներն ու ազնուականները Սարակոսայի մէջ հաւաքեցին կորտեսը եւ թագաւորէն պահանջեցին հաստատել իրենց առաւելութիւնները: 1283-ին թագաւորը հաստատեց, որմէ ետք Արակոնեան միութեան աւանդական ազատութիւններու պաշտպանութեան համար ձեւաւորուեցաւ միութիւն, որ ստեղծեց Խուստիսիայի հաստիքը, որ պէտք է կատարէր թագաւոր ու արակոնեան ազնուականութեան միջեւ միջնորդի դերը: Թագաւորը պարտաւորուեցաւ հրաւիրել կորտեսի ժողով ոչ քիչ քան տարեկան մէկ անգամ եւ անոնց հետ խորհրդակցիլ ընթացիկ բոլոր հարցերու շուրջ[6]:

 
Արակոնեան թագին ենթարկուող պետութիւններու զինանշանները: Հոլանտական զինանշաններու ժողովածու, 14-րդ դարու վերջ - 15-րդ դարու սկիզբ

Այն բանէն ետք, երբ Փետրօ Գ.-ի որդին՝ Ճէյմս Բ. Արակոնացին աւարտեց Վալենսիայի բոլոր հողերու նուաճումը, Արակոնեան թագը դարձաւ Եւրոպայի ամենաազդեցիկ ուժերէն մէկը: Պոնիփակիոս Ը. պապի կողմէն Ճէյմս Բ.-ին տրուած շնորհի հիման վրայ 1297-ին Սարտինիայի ու Քորսիկայի թագաւորութիւնները միացան Թագին՝ չնայած վերջինները արդէն աւելի քան 100 տարի կը գտնուէին Արակոնեան թագի վերահսկողութեան ներքոյ:

1381-ին տեղի ունեցած Փետրօ Դ.-ի եւ Էլիանորա Սիցիլիացու ամուսնութենէն ետք Արակոնի թագի իշխանութեան անցաւ նաեւ Աթէնքի եւ Նեոպատրիայի դքսութիւնները: Սակայն յունական տիրոյթները շուտով՝ 1388-ին անցան Ներիօ Ա. Աքիոլիի, իսկ Սիցիլիան 1395 -1409-ականներու ժամանակահատուածին անցաւ Մարտին Ա. Կրտսերի վերահսկողութեան: 1442-ին Նեապոլի թագաւորութիւնը նուաճուեցաւ Ալֆոնսօ Ե. Արակոնացիի կողմէն:

Արակոնեան թագի՝ Պիրենեան թերակղզիի եւ Պալեարեան կղզիներու տարածքէն դուրս գտնուող մնացած տիրոյթներու կառավարումը կ՛իրականացուէր տեղական ազնուականութեան ներկայացուցիչ դրածոներու, այլ ոչ թէ կեդրոնացուած կառավարութեան կողմէ: Անոնք աւելի շատ կը հանդիսանային Արակոնի թագի տնտեսական, քան թէ քաղաքական բաղադրիչը: Թագաւորը հետաքրքրուած էր նոր թագաւորութիւններու հետ պայմանաւորուիլ, այլ ոչ թէ ընդարձակել արդէն գոյութիւն ունեցող թագաւորութիւններու տարածքները: Այդ իշխանութեան համար պայքար, երբ թագաւորական շահերու դիմաց հակադրութեան դրուած էր տեղական ազնուականութեան հետաքրքրութիւնները: Այդ գործընթացը, որ յատկանշական էր նաեւ եւրոպական այլ պետութիւններուն, միջնադարէն յաջողութեամբ անցում փոխանցուեցաւ ժամանակակից շրջան: Մավրերէն մնացած նոր տարածքները, ինչպիսին են Վալենսիան ու Մալիորկան, որպէս ինքնակառավարման գործիք կը յանձնուէին ֆուերոսներուն այն նպատակով, որպէսզի նոր ձեռքբերած հողերուն սահմանափակուէին ազնուականութեան իշխանութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ անոնց ուղղորդել միապետերու հետ միութեան: Այդպիսի քաղաքականութիւն կը վարէր նաեւ հարեւան Քասթիլիայի թագաւորութիւնը: Երկու թագաւորութիւններն ալ նպաստեցին Ռեքոնքիստայի իրագործման՝ քաղաքներուն ու տարածքներուն տալով ինքնակառավարում, այլ ոչ թէ նոր տարածքները յանձնէին ազնուականութեան:

 
Ֆերտինանտ Բ. եւ Իզապելլա Ա.՝ թագաւոր ու թագուհի Քասթիլիա եւ Լեոնի, Արակոնի, Վալենսիայի, Սիցիլիայի ու Մաիորկայի

Քասթիլիայի հետ միութիւն

Խմբագրել

1410-ին թագաւոր Մարտին Ա.-ը մահացաւ՝ չթողելով ժառանգներ: Այդ իսկ պատճառով «Քասպէի փոխհամաձայնութեամբ» Անթեքերիի Դրանստամարա քասթիլիական ազնուական տոհմի ներկայացուցիչ Ֆերտինանտը կը զբաղեցնէ Արակոնի թագը որպէս Ֆերտինանտ Ա.:

Հետագային անոր ծոռը՝ թագաւոր Ֆերտինանտ Բ. Արակոնացին Թագին կը վերադարձնէ հիւսիսային քաթալոնական Ռուսիլիոն կոմսութիւնը, որ նախապէս կորսուած էր ի օգուտ Ֆրանսայի: Ան նաեւ կը վերադարձնէ Նաւարայի թագաւորութիւնը, որ նոյնպէս նախապէս կը պատկանէր Արակոնի թագին, սակայն ներքին թագաւորական վէճերու պատճառով կորսուած էր:

1469-ին Ֆերտինանտ Բ.-ը կ'ամուսնանայ մանուկ տարիքի Իզապելլա Ա. Քասթիլիացիի հետ, որ կը հանդիսանար Էնրիքէ Դ.-ի քոյրը եւ 1474-ին անոր մահէն ետք դարձաւ Քասթիլիա եւ Լեոնի թագուհի: Սեկովիայի պայմանագրի ստորագրումով այդ թագաւորական միութիւնը դարձաւ Սպանիոյ թագաւորութեան պատմութեան շրջադարձային դրուագը[7][8][9]: Այնուամենայնիւ, Քասթիլիան ու Արակոնեան թագերը կը մնային իրարմէ առանձին, որոնցմով պահպանուած էին սեփական պետական ուսումնարանները, խորհրդարանն ու օրէնքները: Միաձուլման գործընթացը աւարտեց միայն Քարլ Ա.-ը, որ 1516-ին Իպերական թերակղզիի բոլոր թագաւորութիւնները (բացի Փորթուկալէն) միացուց մէկ թագի ներքոյ՝ այդպիսով խթանելով սպանական պետութեան ձեւաւորման (չնայած այդ ժամանակ այն ապակեդրոնացուած էր):

Անկում եւ գոյութեան դադարեցում

Խմբագրել

Թագի փառքը առաջին հերթին կը վերաբերի 12-րդ 13-րդ դարերուն, երբ նուաճեցին Վալենսիան, Մալիորկան եւ Սիցիլիան, իսկ բնակչութեան թուաքանակի աճը կ՛ուղեկցուէր սոցիալական հակամարտութիւններու բացակայութեամբ եւ քաղաքները կը զարգանային: Այդ գործընթացի գագաթնակէտը 1345 թուականն էր, որ արտացոլուած է Թագի կազմակերպչական ու մշակութային նուաճումներով[6]: Ատկէ ետք թագը սկսաւ թուլնալ. ժողովրդագրական աճը կանգնեցաւ Սպանիայէն հրեաներու (1492), մուտեհարներու (1502), մօրիսկներու (1609) արտաքսումով: Արակոնեան թագը 1707-1716-ականներուն չկրցաւ կանխել Ռուսիլիոնի, Մենորքայի եւ իր իտալական տիրոյթներու հեռացումը, ինչպէս նաեւ 1700-ին Ռուսիլիոնի մէջ ֆրանսերէն լեզուի ներդրումը եւ կանգնեցնել Սպանիոյ մէջ Թագի բոլոր հին հողերուն քասթիլերէնի տիրապետութիւնը (1707-1716)[6]:

Արակոնեան թագն ու վերջինի հաստատութիւնները լուծարուեցան միայն Սպանական ժառանգութեան համար մղուող պատերազմէն (1702-1713) յետոյ Նուեւճ Փլանտա հրամանագիրով, որ հրապարակեց Սպանիոյ թագաւոր Ֆիլիփ Ե.-ը[6]: Վարչական մարմինները ներառուեցան քասթիլիական կառավարութեան կազմ, իսկ Թագի հողերը միաւորուեցան քասթիլիականին, որպէսզի ձեւաւորուէր միասնական պետութիւն (Սպանիա), որ կը պահանջէր նոր թագաւորութեան (Պուրպոններ) ղեկավարութիւնը[6]:

Ազգայնական կարծիքներ

Խմբագրել

Սպանական ժառանգութեան համար մղուող պատերազմի ժամանակ Ֆիլիփ Ե.-ի դէմ հանդէս եկած տարածքներուն մէջ իրականացած դաժան վերաբերմունքի ու խիստ պատիժներու հանգամանքը ժամանակակից Սպանիոյ մէջ վալենսիական ու քաթալոնական որոշ ազգայնականներու կը ներկայացուի որպէս փաստարկ: Արակոնացիները կը ներկայացնեն թերեւս միջնադարուն գրուած հին սահմանադրութիւնը, իսկ քաթալոնացիները կը յիշեցնեն իրենց արտօնութիւններու մասին՝ յիշեցնելով քաթալոնական ժեներալիտետն ու Քասթիլիայի դիմադրութիւնը[6]:

19-րդ դարու ռոմանթիզմը, որ կը պարունակէ «Փիրենեան թագաւորութեան» մասին մտքեր, պայմանաւորուած է աւելի շուտ 13-րդ դարու նուագածուներու ներդրմամբ, քան թէ Արակոնեան թագի պատմական իրողութիւններով: Այդ պատկերացումները գոյութիւն ունին նաեւ մեր օրերուն որպէս «քաղաքականացուած մշակոյթի նոստալժիկ ծրագիր»[6]:

 
Արակոնեան ժեներալիտետի հաշուառման գիրքը, 1450

Դրօշներ

Խմբագրել

Արակոնի թագաւորներու խորհրդանիշեր դարձան պարսելոնական դրօշի գիծերը[10]: Դրօշը կ՛օգտագործէին միայն Թագի միապետերը եւ կը հանդիսանար անոնց ինքնիշխանութեան ու բարձրագոյն իշխանութեան նկատմամբ հաւատարմութեան արտայայտութեան մէջ[11]: Մալիորկայի թագաւոր Ճէյմս Գ.-ը, որ կը հանդիսանար Արակոնի թագաւորութեան հայրենակից, նոյնպէս կ՛օգտագործէր չորսգծանի զինանշան:

Պետական ուսումնարաններ

Խմբագրել

Արակոնը, Քասթիլիան ու Վալենսիան ունէին սեփական գործադիր մարմիններ, որոնք յայտնի են որպէս կորտեսներ: Նաեւ գոյութիւն ունէին տեղական ինքնակառավարման մարմիններ, որոնք Արակոնի մէջ յայտնի են որպէս «Generalidad», իսկ Քասթիլիայի ու Վալենսիայի մէջ՝ «Generalitat»:

Մայրաքաղաք

Խմբագրել

Արակոնի թագը չէ ունեցած միասնական մայրաքաղաք: Թագաւորական տունը մինչեւ Ֆիլիփ Բ.-ի գահակալութիւնը փոխանցիկ էր[12]: Սպանացի պատմաբան Տոմինկօ Պուեսան կը կարծէ, որ Թագի քաղաքական մայրաքաղաքը պէտք է համարել Սարակոսան (բայց ոչ տնտեսական կամ վարչական), քանի որ թագաւորները պէտք է թագադրուէին Սարակոսայի Լա Սէօ տաճարին մէջ[13]: Միեւնոյն ժամանակ արակոնեան թագաւորները կը բնակէին Պարսելոնայի մէջ, որ այլ պատմաբաններու կարծիքով թոյլ կու տայ այն ճանաչել մայրաքաղաք:

 
Արակոնեան թագի կազմին մէջ գտնուող պետութիւններու զինանշանները: Սարակոսայի պատգամաւորութեան շէնքի որմնաքանդակ

Թագի հողեր

Խմբագրել

Ստորեւ ներկայացուած է Արակոնեան թագի կազմին մէջ եղած տարածքներու ցանկը.

  • Արակոնի թագաւորութիւն
  • Պարսելոնայի կոմսութիւն
  • Վալենսիայի թագաւորութիւն
  • Մալիորկայի թագաւորութիւն
  • Ռուսիլիոնի կոմսութիւն
  • Անտորրայի իշխանութիւն
  • Նեապոլի թագաւորութիւն
  • Քորսիքա
  • Սարտինիա
  • Սիցիլիայի թագաւորութիւն
  • Աթէնքի դքսութիւն
  • Նեոպատրիայի դքսութիւն
  • Մալթա

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Карта Арагонской империи «A History of Aragon and Catalonia» by H. J. Chaytor.» 
  2. Marqués de Lozoya, Tomo Segundo de Historia de España, Salvat, ed. of 1952, page 60: «El Reino de Aragon, el Principado de Cataluña, el Reino de Valencia y el Reino de Mallorca, constituyen una confederación de Estados».
  3. 3,0 3,1 3,2 Bisson Thomas N.։ The Medieval Crown of Aragon: A Short History։ Clarendon Press։ ISBN 9780198219873 
  4. 4,0 4,1 «WebCite query result»։ www.webcitation.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-15-ին 
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 «WebCite query result»։ www.webcitation.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-06-ին 
  6. 6,0 6,1 6,2 6,3 6,4 6,5 6,6 6,7 Bisson Thomas N. (1986)։ The Medieval Crown of Aragon: A Short History։ Clarendon Press։ ISBN 9780198219873 
  7. «WebCite query result»։ www.webcitation.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-02-08-ին 
  8. «WebCite query result»։ www.webcitation.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-06-ին 
  9. «WebCite query result»։ www.webcitation.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-02-08-ին 
  10. Léon Jéquier Les origines des armoiries: actes du IIe Colloque international d'héraldique. — Bressanone: Léopard d'or, 1981. — 172 с. — ISBN 2-86377-030-6
  11. «GOBIERNO DE ARAGON»։ 1997-05-29։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 1997-05-29-ին 
  12. «A team of investigators of the University of the Balearic Islands directed by Doctor Josep Juan Vidal։ «Felipe II, the King that defended Majorca but didn't want to recognize all its privileges»։ Servei de Comunicacions de la UIB։»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2005-01-27-ին 
  13. Domingo J. Buesa Conde El rey de Aragón. — Zaragoza: Caja de Ahorros de la Inmaculada, 2000. — С. 57-59. — 126 с. — ISBN 84-95306-44-1

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Thomas N. Bisson The Medieval Crown of Aragon: A Short History. — Oxford, England: Oxford University Press, 1986. — 264 с. — ISBN 0-19-820236-9
  • Stanley G. Payne A History of Spain and Portugal. — Madison, WI: University of Wisconsin Press, 1973. — 741 с. — ISBN 0-29-906270-8
  • Henry John Chaytor A History of Aragon and Catalonia. — London, UK: Methuen Publishing Ltd, 1933.
  • Корсунский А. Р. История Испании IX — XIII веков (Социально-экономические отношения и политический строй Астуро-Леонского и Леоно-Кастильского королевства). Учебное пособие. — М.: Высшая школа, 1976. — 139 с.
  • Альтамира-и-Кревеа, Рафаэль. История Средневековой Испании / Перевод с испанского Е. А. Вадковской и О. М. Гармсен. — СПб.: «Евразия», 2003. — 608 с. — 1 500 экз. — ISBN 5-8071-0128-6.

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել