Արամէ Պատկերասրահ
Արամէ պատկերասրահ, գեղարուեստական պատկերասրահ Երեւանի մէջ:
Արամէ Պատկերասրահ | |
---|---|
Տեսակ | Պատկերասրահ |
Երկիր | Հայաստան |
Տեղագրութիւն | Երեւան |
Հիմնադրուած է | 2003 |
40°10′49″N 44°30′29″E / 40.180275°N 44.508172°E | |
Կայքէջ | aramegallery.com |
Նկարագրութիւն
ԽմբագրելՊատկերասրահը հիմնադրուած է 2003-ին։ Անիկա մասնաւոր գեղարուեստական պատկերասրահ է, որ կը ներկայացնէ անուանի հայ գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու ստեղծագործութիւններ՝ նախապատուութիւնը տալով դասական ակունքներէն սնուող իրապաշտ արուեստի տարբեր ուղղութիւններուն[1]: 2012-ին բացուած է Արամէ պատկերասրահի «Մաշտոց» մասնաճիւղը:
Այստեղ կարելի է ձեռք բերել հայ դասական արուեստի այնպիսի նշանաւոր հեղինակներու գործեր, ինչպիսին են՝ Մինաս Աւետիսեանը, Յովսէփ Կարալեանը, Մհեր Աբեղեանը, Բաբգէն Քոլոզեանը եւ Վաղարշակ Էլիբեկեանը։
Արամէ պատկերասրահին մէջ կը ցուցադրուին եւ կը վաճառուին նաեւ միջազգային ճանաչում վայելող շարք մը ժամանակակից գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններ։ Անոնց շարքին յատկապէս կ'առանձնանան՝ Էմիլ Կազազը, Ռուբէն Աբովեանը, Սարգիս Համալբաշեանը, Տարօն Մուրատեանը, Գէորգ Եղիազարեանը եւ Արմէն Գէորգեանը։
«Արամէ»ն Հայաստանի առաջին եւ առայժմ միակ պատկերասրահն է, որ մասնակցած է Նիւ Եորքի 2003-2004-ականներու միջազգային արտէքսբօներուն եւ ներկայացուցած է շարք մը հայ ժամանակակից գեղանկարիչներու գործերը։ Արամէն յաջողութեամբ կը համագործակցի ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական երկիրներու շարք մը հեղինակաւոր պատկերասրահներու հետ[2]:
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Արեգ Էլիբեկեանի ցուցահանդէսը Արամէի մէջ, 2016
-
Արեգ Էլիբեկեանի ցուցահանդէսը Արամէի մէջ, 2016
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-09-12-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-19
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-06-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-19
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Արամէ պատկերասրահի արբանեակային լուսանկարը Ուիքիքարտէզին մէջ
- Պաշտօնական կայք