Արամ Գառօնէ (Արամ Տէր Պաղտասարեան, 1905[1], Թաւրիզ, Իրան - 1974[1]), պարսկահայ բանաստեղծ։

Արամ Գառօնէ
Ծնած է 1905[1]
Ծննդավայր Թաւրիզ, Իրան
Մահացած է 1974[1]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Թաւրիզ։ Նախակրթութիւնը ստացած է Թաւրիզի Արամեան վարժարանին, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Թեմական-Կեդրոնականի մէջ, ուր ուսուցիչ ունեցած է Հրաչեայ Աճառեանն ու Յ. Տէր Յակոբեանը։ 1928-ին անցած է Ֆրանսա՝ ուր գործուն մասնակցութիւն ունեցած է Լիոնի ազգային, հասարակական եւ մշակութային կեանքի վերելքին մէջ։ 1930-1932 կը պաշտօնավարէ Վիէնի հայկական գիշերային վարժարանին մէջ 1932-ին կու գայ Իրան՝ ուր մինչեւ մահ կը ծառայէ կրթական անդաստանին, իբրեւ տեսուչ եւ ուսուցիչ ազգային վարժարաններու։

Գործերը

Խմբագրել

Գրական նախափորձերը կ'ընէ շատ կանուխ, երբ տասներկու տարեկան էր։ Առաջին բանաստեղծութիւնները կը հրատարակէ Թեհրանի «Նոր Պատգամ» ամսագրին մէջ ու այդ թուականէն մինչեւ 1974 կը բերէ իր աշխատակցութիւնը գաղութահայ բազմաթիւ թերթերու եւ հանդէսներու։ Իր վաստակը կ'արժեւորուի մասնաւորաբար բանաստեղծութիւններով։ Առաջին գրքոյկը՝ «Հրաժեշտի պոէմ», ինչպէս նաեւ քերթուածներու առաջին հատորը՝ «Բանաստեղծութիւններ», հրատարակուած են 1924-ին։ Ուսուցչական եւ հանրային իր յիսնամեայ գործունէութեան առընթեր, յաջորդաբար լոյս ընծայած է քերթողական հետեւեալ գործերն ու «պոէմա»ները.- «Արայ եւ Շամիրամ» (1926), «Օրերի երգեր» (1930), «Արեւահաս» եւ «Ծաղիկներ,ծաղիկներ» (1942), «Աշնանամուտ» (1948), «Աշնան ծաղիկներ (1960) եւ «Իրիկնամուտ» (1972)։ Վիպագրային փորձ մըն է «Արդարութեան Ճանապարհին» վիպակը, հրատարակուած է 1962-ին։ Անկախ ստեղծագործական այս վաստակէն, շեշտուած նուիրումով ծառայած է նաեւ մանկական գրականութեան՝ 1949 թուականին ձեռնարկելով «Լուսաբեր» ամսագրի հրատարակութեան, ինչպէս նաեւ թարգմանած է՝ հայերէնի վերածելով «Պիլիթիսի երգերը» [2]Հրագարակած է նաեւ <<Հայոց Աւանդական Պատմութիւնը>> դասագիրքերու շարքը, Թեհրանի նախակրթարանի աշակերտութեան համար:

Ծանոթագրութիւններ

Խմբագրել