Արամ Սարոյեան (25 Սեպտեմբեր 1943(1943-09-25)[1][2], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[3]), Ամերիկահայ բանաստեղծ, արձակագիր, յուշագիր եւ թատերագիր։ Ուիլիամ Սարոյեան'ի որդին։

Արամ Սարոյեան
անգլերէն՝ Aram Saroyan
Ծնած է 25 Սեպտեմբեր 1943(1943-09-25)[1][2] (81 տարեկան)
Ծննդավայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Թրինիթի դպրոց?
Մասնագիտութիւն թատերագիր, կենսագիր, վիպասան, բանաստեղծ, գրագէտ
Աշխատավայր Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարան
Ծնողներ հայր՝ Ուիլիըմ Սարոյեան, մայր՝ Քարոլ Կրէյս
Երեխաներ Սթրոպերի Սարոյեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 25 Սեպտեմբեր, 1943 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ։ Հայրը Ուիլիամ Սարոյեանն էր, մայրը՝ Քարոլ Կրէյսը, դերասանուհի էր, ուրուն հետ հայրը ամուսնացած էր երկու անգամ, քոյրը՝ Լիւսի Սարոյեանն ալ դերասանուհի էր։ Արամ Սարոյեանը ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակներ։ Կ'ապրի Լոս Անճելըսի մէջ իր կնոջ՝ նկարչուհի Կէյլին Սարոյեանի հետ[4]։

Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել

Սարոյեանի գրական ժառանգութիւնը տեղ կը գտնէ բազմաթիւ դասագիրքերու մէջ։ Հրատարակած գիրքերն են:

  • Արամ Սարոյեան, 1968
  • Էջեր, 1969
  • Վերջին արարողութիւնները։ Ուիլիամ Սարոյեանի մահը, 1982
  • Ուիլիամ Սարոյեանի կենսագրութիւնը, 1983
  • Նկարիչները անհանգստութեան մէջ են, 2002
  • Փոքրիկ բանաստեղծութիւններու ամբողջական ժողովածու, 2007։

Քննադատական աշխատանքներն են՝ «Մոռացուած հաց» նուիրուած հայկական ծագումով Ամերիկեան գրողներու առաջին սերնդին (հրատարակուած Դաւիթ Խերդեանի կողմէն):

2008 թուականին արժանացած է Ուիլիամ Քարլոս Ուիլեամսի անուան մրցանակ «Փոքրիկ բանաստեղծութիւններու ամբողջական ժողովածու»-ին համար։ Այս ժողովածուին ամենայայտնի բանաստեղծութիւններէն մէկը պարզ, ոչ աւանդական ուղղագրութեամբ, հակասական բառ է՝ «Լոյսս»՝ տպուած գիրքի դատարկ էջի մէջտեղը։ Այն ստացած է «Ազգային ներդրում արուեստներու մէջ» մրցանակը։

Կարծիքներ Արամ Սարոյեանի մասին

Խմբագրել
  Ուշ վաթսունականներուն, երբ ես ինծի բանաստեղծ կը համարէի, Արամը բանաստեղծ էր, որմէ ես կը նախանձէի։ Պարզ չէր, ան կը կատակէ՞ր, թէ՞ հասած էր այն ամէնուն, որոնց կարելի էր հասնել։ Մինչ մնացածներս կը փորձէինք ըլլալ բայեր, ինչպէս բոլորը մեզ սորվեցուցած են, ան համբերութիւն ունեցաւ օգտուելու գոյականներէն։ Ան խոր շունչ քաշեց եւ նետուեցաւ իրեն բնորոշումներ տալու ինքնաւստահութեան մէջ։ Ան իրեն ազատ արձակեց։ Մինչ մենք բոլորս կը վազէինք կեանքի ետեւէն՝ էջով ինկած անոր գոյականները կը փայլէին, կը շնչէին եւ կը շարժէին կամաց, ներսէն դուրս անցնելով։
- Վիթօ Աքոնցի
 


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Discogs — 2000.
  2. 2,0 2,1 Կերպարվեստի արխիվ — 2003.
  3. The Brautigan Archives, "Aram Saroyan (b. 1943)" Archived 2016-08-12 at the Wayback Machine., accesses June 13, 2007
  4. Արամ Սարոյանի կենսագրությունը