Ուիլիըմ Սարոյեան

(Վերայղուած է Ուիլիամ Սարոյեան-էն)

Ուիլիըմ Սարոյեան 31 Օգոստոս 1908(1908-08-31)[1][2][3][…], Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4] - 18 Մայիս 1981(1981-05-18)[1][2][3][…], Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1][5]), ամերիկահայ գրող, թատերագիր, վիպագիր եւ բանաստեղծ։

Ուիլիըմ Սարոյեան
Ծնած է 31 Օգոստոս 1908(1908-08-31)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4]
Մահացած է 18 Մայիս 1981(1981-05-18)[1][2][3][…] (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Ֆրէզնոյի Երկրորդական Վարժարան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Քու կեանքիդ ժամանակը, Անունս Արամ է եւ Մարդկային Կատակերգութիւն
Մասնագիտութիւն հեղինակ, թատերագիր, վիպասան, գրագէտ, բանաստեղծ, Երգահան
Անդամութիւն Արուեստի եւ գրականութեան ամերիկեան ակադեմիա
Ամուսին Քարոլ Կրէյս
Երեխաներ Լիւսի Սարոյեան եւ Արամ Սարոյեան
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սարոյեան ծնած է 1908-ին, ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգին Ֆրեզնօ քաղաքը, Պիթ­լի­սէն գաղ­թած հայ ըն­տա­նի­քի մը յար­կին տակ։

­Հյ­րը՝ Ար­մե­նակ, 1905-ին, 30 տա­րե­կա­նին, պան­դուխտ կ'երթայ ­Նիւ Եորք, նո­րա­կազմ ըն­տա­նի­քը իր մօտ բե­րե­լու յոյ­սե­րով։ Շու­տով կի­նը՝ ­Թա­գու­հին ու ե­րեք զա­ւակ­նե­րը կը հա­սնին ­Նիւ Եորք: Սակայն ­Նիւ Եորքի կլի­ման տարբեր էր իրենց հայրենի հողի կլիմայէն, ուստի Ար­մե­նակ իր ըն­տա­նի­քով կ'ան­ցնի ­Քա­լի­ֆոր­նիա, ո­րուն օդն ու բնու­թիւ­նը ա­ւե­լի հա­րա­զատ էին իրենց համար։ 1908-ին կը ծնի ըն­տա­նի­քին չոր­րորդ զա­ւակն ու երկ­րորդ տղան՝ Ո­ւի­լիը­մը։ ­Բայց ա­նակն­կալ եւ ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թիւն մը, ե­րեք տա­րի ետք, պատ­ճառ կը դառնայ Ար­մե­նա­կի մա­հո­ւան։ Երեք տարեկանին, հօր մահէն ետք, մայ­րը կը ստի­պո­ւի իր դե­ռա­տի զա­ւակ­նե­րը յանձ­նել Օք­լէնտ գտնուող Ֆրետ Ֆինչ (Fred Finch Orphanage) որ­բա­նո­ցին խնամ­քին, իսկ ինք աշ­խա­տանք կը գտնէ մեր­ձա­կայ ­Սան Ֆ­րան­սիս­քօ քա­ղա­քին մէջ։ ­Քա­նի մը տա­րի ետք ըն­տա­նի­քը կը վե­րա­միա­նայ Ֆ­րեզ­նո­յի մէջ, ­Սան Եո­վա­քիմ ­Հո­վի­տին շրջա­կայքը։ Ա­նոնց կը միա­նայ նաեւ ­նոր այ­րիա­ցած ­մեծ մայրը՝ Լիւ­սին, որ խոր ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծէ մա­նուկ Ո­ւի­լիը­մի կազ­մա­ւոր­ման վրայ։

Որբ ման­կու­թեան կեան­քի դա­ժան պայ­ման­նե­րը, որ­բա­նո­ցա­յին կեան­քը, Ֆ­րեզ­նո­յի գե­ղե­ցիկ բնու­թիւ­նը եւ սո­վո­րա­կան մար­դոց պար­զու­թիւ­նը կը շա­ղա­խե­ն Ու­իլիը­մի ան­սահ­ման մարդ­կայ­նա­պաշ­տու­թիւ­նը։ ­

1922-ին, երբ մայրը իրեն կը յանձնէ հօր թուղթերէն ու տետրակներէն կազմուած ծրար մը, 14-ամեայ Ուիլիըմ կ'իմանայ, որ իր հայրը բանաստեղծ էր, բանաստեղծութիւններ գրած էր «հին հայրենիքի» լեզուով։

1926-ին 18-ամեայ Ուիլիըմ, ապ­րուս­տի հո­գե­րով, կը ստի­պո­ւի կեան­քի աս­պա­րէզ նե­տո­ւիլ, կը դառնայ թերթավաճառ, հեռագրատան ցրուիչ եւ լրագրող, թղթատար, սեւագործ բանուոր եւ Սան Եովաքիմի ագարակներուն ու այգիներուն մէջ կ'աշխատի իբրեւ մշակ, կը հեռանայ հարազատ ամերիկա-հայկական Ֆրեզնոյէն ու կ'երթայ Սան Ֆրանսիսքօ: Կ'աշխատի իբրեւ հեռագրատան ծառայող, մարզային ապրանքներու խանութի վաճառող եւ պահեստի բանուոր, սակայն ոչ մէկ տեղ երկար կը մնայ, կ'ապրի վարձու սենեակներու մէջ[6]:

Միա­ժա­մա­նակ՝ կա­նո­նա­ւոր ուս­ման բա­ցա­կա­յու­թեան, կը կլա­նո­ւի ինք­նա­դաս­տիա­րա­կու­թեամբ ու ինք­նա­զար­գա­ցու­մով. ան­յա­գօ­րէն կը նո­ւի­րո­ւի ա­մե­րի­կեան եւ հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան գո­հար­նե­րու ըն­թեր­ցա­նու­թեան, յատ­կա­պէս սե­փա­կան՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան, ա­ւան­դոյթ­նե­րուն, պատ­մու­թեան եւ շրջա­պա­տի հայ­կա­կան կեան­քին խու­զար­կու ու­սա­նո­ղը կը դառնայ։

Սարոյեան մեծ կարօտ ունեցած է իր հօրենական ծննդավայրը տեսնելու (այս փափաքը կ'իրականացնէ 1964-ին, դէպի Թիֆլիս կատարած ճամբորդութեամբ)։ Մայիս 1964-ին, Ուիլիըմ Սարոյեան Պոլսոյ մէջ ծանօթացած է Պետրոս Զօպեանին, որ ուղեկցած է դէպի Պիթլիս իր ուղեւորութեան ընթացքին։ «Արաս» հրատարակած է Զօպեանի «Դէպի Պիթլիս Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ» հատորը, ուր ան պատմած է այս ուղեւորութեան մասին[7]։

Սարոյեան Գրողը

Խմբագրել

Թէեւ հայախօս, կը գրէ անգլերէն (1933-էն): 1933-ին, ­Պոս­թո­նի Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Հայ­րե­նիք» շա­բա­թա­թեր­թի է­ջե­րուն, ­Սի­րակ ­Կո­րեան ստո­րագ­րու­թեամբ լոյս կ'ըն­ծա­յէ իր ա­ռա­ջին պատ­մո­ւած­քը։ ­Տա­րի մը ետք, լոյս կ'ըն­ծա­յէ «­Խի­զախ պա­տա­նին թռչող ճօ­ճա­ձո­ղի վրայ եւ այլ պատ­մո­ւածք­ներ» խո­րագ­իրով իր ա­ռա­ջին անգ­լե­րէն գիր­քը, որ ան­մի­ջա­պէս լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն կը գտնէ եւ մեծ հռչակ կ'ա­պա­հո­վէ 26-ա­մեայ ար­ձա­կա­գի­րին։

  Ի՞նչն է յատ­կան­շա­կան ­Սա­րո­յեա­նի պա­րա­գա­յին իբ­րեւ գրո­ղի: ­Սա­րո­յեան բուռն է, պոռթ­կուն եւ խե­լա­ցի. ան թախ­ծոտ է, քնքուշ ու մարդ­կա­յին. ան միա­միտ կը ձե­ւա­նայ, սա­կայն բնաւ միա­միտ չէ…։ ­Սա­րո­յեան կ­'ա­տէ դա­ժա­նու­թիւնն իր բո­լոր դրսե­ւո­րում­նե­րով. ան կը յար­գէ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւնն ու հպար­տու­թիւ­նը»:
- Քննա­դատ Պ. ­Ռաս­քոն
 


1935-ին, ­Սա­րո­յեան կ'այ­ցե­լէ հայ­րե­նի հո­ղ՝ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան, նաեւ՝ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տան, ուր շու­տով մտեր­մու­թիւն կը հաս­տա­տէ Ե. ­Չա­րեն­ցի եւ ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեա­նի նման հա­յոց մե­ծե­րուն հետ։

1939-ին, վեց օրուան ընթացքին կը գրէ «Քու կեանքիդ ժամերը», որուն շնորհիւ կ'արժանանայ Փուլիցերի եւ Նիւ Եորքի քննադատներու հեղինակաւոր գրական մրցանակներուն:

1940-ին կը հրաժարի առաջին մրցանակէն՝ յայտարարելով, որ «Առեւտուրը իրաւունք չունի հովանաւորելու արուեստը»:

Երկար ատեն կ'ապ­րի ու կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ ­Փա­րի­զի մէջ։

Իր գրա­կան կեան­քին ա­ռա­ջին տաս­նա­մեա­կին, կը գրէ եւ ի­րե­րա­յա­ջորդ ա­ւե­լի քան տա­սը հա­տոր­նե­րով լոյս կ'ըն­ծա­յէ քա­նի մը հա­րիւր պատ­մո­ւածք։

1942-ին ­կը զօ­րա­կո­չո­ւի բա­նակ, ուր կ'աշ­խա­տի զի­նո­ւո­րա­կան բե­մագ­րու­թեանց ստեղծ­ման վրայ: Ան պա­տե­րազ­մը կ'ըն­կա­լէ իբ­րեւ ա­ղէ­տ եւ այդ նիւ­թը ար­տա­ցո­լո­ւած է իր «­Մարդ­կա­յին կա­տա­կեր­գու­թիւն» վի­պա­կին եւ «Ո­ւես­լի ­Ճէք­սը­նի ար­կած­նե­րը» վէ­պին մէջ:

1950-1960-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն դար­ձեալ կ'ապ­րի Եւ­րո­պա, ա­պա վերջ­նա­կա­նա­պէս կը հաս­տա­տո­ւի Մ. ­Նա­հանգ­ներ։ Այդ տա­րի­նե­րուն, ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան նիւ­թի օգ­տա­գոր­ծու­մով՝ ­կը ստեղ­ծէ հո­գե­բա­նա­կան վի­պակ­նե­րու ար­ժէ­քա­ւոր շարք մը:

1960-ա­կան­նե­րէն, կը նուի­րո­ւի յու­շագ­րա­կան գոր­ծե­րու ստեղծ­ման: ­Յատ­կա­պէս ու­շագ­րաւ են ­Պեռ­նարտ ­Շո­յի, ­Չար­լի ­Չափ­լի­նի, ­Թո­մաս Է­լիո­թի եւ Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի նո­ւի­րուած է­ջե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ իր մտո­րում­նե­րը՝ գրա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ:

­Սա­րո­յեան, կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ ա­մե­րի­կեան գրա­կա­նու­թեան ա­ւանդ­նե­րուն հա­մա­հունչ, նաեւ՝ ա­մէն գոյ­նի եւ սե­ռի մարդ էա­կի հան­դէպ ան­հուն սի­րոյ պար­զու­թեամբ եւ եր­գի­ծան­քով կը փա­րի կեան­քին ու աշ­խար­հին, բայց յա­նուն մարդ­կու­թեան ժա­ռան­գու­թիւն մը կը ձգէ գե­ղա­րուես­տա­կան բարձ­րո­րակ գրա­կա­նոււ­թիւն մը, ուր միշտ տի­րա­կան կը դառնայ ին­քը՝ ան­վի­ճե­լիօ­րէն հայ ­Սա­րո­յեա­նը, ան­վի­ճե­լիօ­րէն հա­յա­շունչ իր աշ­խար­հա­յեաց­քով։

Սա­րո­յեան միշտ հպար­տու­թեամբ կը շեշ­տէ, որ անգ­լե­րէն գրե­լով եւ ա­մե­րի­կեան մի­ջա­վայ­րէն իր նիւ­թե­րը քա­ղե­լով հան­դերձ՝ խո­րա­պէս ա­մե­րի­կա­հայ գրող է ինք եւ ան­պայ­ման մաս կը կազ­մէ հայ գրող­նե­րու տա­ղան­դա­շատ ըն­տա­նի­քին[8]։

«Կեանքիդ ժամանակը» թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու։ Իր գլխաւոր գործերէն են նաեւ «Անունս Արամ Է» պատմուածքներու ժողովածուն եւ «Սիրտս Լեռներուն Մէջ» թատերախաղը։

 
Սարոյեան երիտասարդ տարիներուն

Մինչեւ 70-ական տարիները, Սարոյեան արտադրած է մեծ թիւով գործեր՝ պատմուածք, վէպ, թատերակ, պատուաւոր տեղ մը բանալով իրեն՝ ամերիկեան գրականութեան մէջ։

Հայեցի որոշ շունչ, երբեմն նաեւ հայկական հարցադրումներ ներկայ են Սարոյեանի գործերուն մէջ։ Սարոյեանի գրականութիւնը ջերմ է եւ մարդասիրական։ Սարոյեան յատկապէս կարճ պատմուածքի, նորավէպի ժանրին մէջ ներմուծած է տեղի ու ժամանակի իրողութեան հետ սերտօրէն կապուած ընկերային-հոգեբանական թարմ թեմաներ, արդիական հնչողութիւն ունեցող մարդասիրական բարոյական պատկերներ, պատումի նոր ձեւեր, քնարականութեամբ ու հիւմըրով լի հնչերանգներ, բնականութիւն եւ ճշմարտացիութիւն, պատկերներու ու կերպարներու գունագեղութիւն։ Ան թէեւ անգլերէն գրած է, բայց իր գործերուն ոգին զուտ հայկական է, իսկ կարգ մը գործերուն հերոսներն ալ՝ հայեր։ Ուիլիըմ Սարոյեան ներշնչուած է իր հայկական միջավայրէն, «հին հայրենիք»ի կարօտէն եւ համամարդկային ազնիւ զգացումներէն: Ան ըսած է. «Ոգին, սակայն, որ զիս կը մղէ գրելու, հայոց ոգին է: Ուրեմն եւ` հայ գրող եմ»: Իր գործերը միշտ լաւ ընդունելութիւն գտած են Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ թարգմանուած՝ բազմաթիւ լեզուներու:

Սարոյեանի գրական ձեաւորման մէջ մեծ դեր կատարած է՝ ինքնակրթութիւնը, ամերիկեան եւ համաշխարհային գրականութեան ընթերցումը, հարազատ ժողովուրդին հոգեւոր մշակոյթին, աւանդութիւններուն, պատմութեան տարրերուն ժառանգումը եւ հայկական շրջապատին ազգային ինքնատիպութիւնը:

Մեծանուն գրող Սարոյեան գրիչով կերտած է իր ապագայ կեանքը եւ իր տեղը գրաւած՝ անմահ գրողներու ցանկին մէջ։

Սարոյեան մահացած է Ֆրեզնօ։ Իր կտակին համաձայն՝ իր աճիւնին մէկ մասը փոխադրուած է Երեւան, ուր թաղուած է «Կոմիտասի Անուան Պանթէոն»ին մէջ։

Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել
 
Ուիլիըմ Սարոյեանի Հ.Հ. դրամանիշ
  • The Summer of Beautiful White Horse (Սպիտակ Ձիու Ամառը), 1938,
  • My name is Aram (Անունս Արամ է), 1940,
  • The Human Comedy (Մարդկային Կատակերգութիւն), 1943,
  • Մարդկային Կատակերգութիւն, Երեւան, 1959,
  • Վեսլի Ճեքսընի Արկածները, Երեւան, 1965,
  • Ընտիր Երկեր, հատ. 1, Երեւան, 1986, հատ. 2, Եր.,1987, հատ. 3, Եր., 1988, հատ. 4, Եր., 1991,
  • Երկեր /100 ամեակի առթիւ/, հատ. 1-3, Երեւան, 2008,
  • «Տղաք եւ Աղջիկներ»,
  • «Սիրտս Լեռներուն մէջ է» (թատերախաղ),
  • «Կեանքիդ Ժամանակը»(թատերախաղ),
  • «Հէ՛յ, ով կայ այդտեղ»(թատերախաղ),
  • «Քարանձաւի մարդիկ»(թատերախաղ),
  • «Կոտորածը Մանկանց»(թատերախաղ),
  • «Խաղողի Այգին»(թատերախաղ):

Ուիլիըմ Սարոյեանի Յուշարձանը

Խմբագրել
 
Սարոյեանին յուշարձանը, Երեւան

2008-ին, «Համահայկական աշխարհագրական ասոցիացիա»ի հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի Մոսկովեան եւ Մաշտոցի պողոտաներուն կից այգիին մէջ՝ Սայաթ Նովայի յուշարձանին կողքին, տեղադրուած է Սարոյեանի յուշարձանը[9]:

Արձանին հեղինակն է ֆրանսաբնակ քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցին[9], որ հեղինակն է նաեւ Փարիզի մէջ տեղադրուած Կոմիտասի յուշարձանին[10]։

Ըստ ՀԿ-ի նախագահ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանին, յուշարձանին ձուլման աշխատանքները կատարուած են Փրակի մէջ[10]։

Յուշարձանին ծախսերը ապահովուած են «Համահայկական աշխարհագրական ասոցիացիա» հասարակական կազմակերպութեան կազմակերպած հանգանակութեան միջոցով[10]:

Նախաձեռնութիւնը իրականացուած է Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական միջոցառումներու ծիրին մէջ[9]։

Սարոյեանական Խոհեր

Խմբագրել
  Կ'ուզէի տեսնել այս աշխարհին վրայ որեւէ ուժ, որ բնաջնջէ այս սերունդը, այս փոքր ցեղին ժողովուրդը, որուն բոլոր պատերազմները` կռուած են եւ յաղթուած, կառոյցները` փշրուած, գրականութիւնը չէ կարդացուած, երաժշտութիւնը չէ լսուած եւ աղօթքներն ալ չեն պատասխանուած: Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել Հայաստանը: Տեսէք, թէ կրնա՞ք: Աքսորեցէ՛ք դէպի անապատները առանց հացի եւ ջուրի, այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները: Յետոյ տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք կրկին չե՞ն խնդար, երգեր կամ աղօթեր: Որովհետեւ, երբ անոնց երկուքը աշխարհի որեւէ մասին մէջ հանդիպին, տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք նոր Հայաստան մը չե՞ն ստեղծեր:
- Ուիլիըմ Սարոյեան[11]
 
  Ես հա­յե­րէն չեմ գրեր, բայց աշ­խար­հին կը նա­յիմ հա­յե­րէն։  
  Ան հայ կեան­քի եւ մշա­կոյ­թի խորհր­դա­նիշն էր, ինչ երկն­քի տակ էլ որ գտնո­ւէր։ Ես զգա­ցի, որ ­Չա­րենց իմ եղ­բայրս է։ Ես սի­րե­ցի զինք, հիա­ցայ իրմով։ Ես հպարտ էի, որ հայ­րե­նա­կիցն եմ, իր ա­րո­ւես­տա­կի­ցը։ Ես առ­յա­ւէտ հա­ւա­տա­րիմ կը մնամ ­Չա­րեն­ցի յի­շա­տա­կին:  
  Պա­տե­րազ­մը ա­մե­նա­սար­սա­փե­լի բանն է, ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հա­ւա­սար չա­րիք, անոր հա­մար բո­լո­րը եւ մենք՝ գրող­ներս, ա­մէն ինչ պի­տի ը­նենք պա­տե­րազ­մը կան­խե­լու հա­մար:  


Ուիլիըմ Սարոյեանի Մասին Թուրքիոյ Մէջ Նկարահանուած Ֆիլմ

Խմբագրել

Հրանդ Տինքի եղբօր՝ Խոսրովի աղջկան, բեմադրիչ Լուսին Տինքի «Սարոյեանի երկիրը» ֆիլմը հասանելի է համացանցի միջոցով։ 2013-ին Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած փաստագեղարուեստական այս ֆիլմը կը պատմէ անուանի ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի հայրենիքի կարօտին, դէպի հայրենի Պիթլիս կատարած ուղեւորութեան եւ այդ հողերուն վրայ ժամանակին եղած իրադարձութիւններուն մասին[12]: «Սարոյեանի երկիրը» ֆիլմը կը սկսի 1900-ականներու սկիզբը մեծ գրողին ընտանիքին գաղթի պատմութեամբ։ Ապա կը ներկայացուի անոր այցը այժմեան Թուրքիա՝ դէպի Էրզրում, Աղրը, Վան եւ հայրենի Պիթլիս։

Ֆիլմին մէջ օգտագործուած են ինչպէս Սարոյեանի ընկերներուն վկայութիւնները, այնպէս ալ անոր ստեղծագործութիւնները, մօր եւ հօր պատմած պատմութիւններուն հիման վրայ գրի առնուած յուշագրութիւնները, որոնց մէջ արտացոլուած է հայրենիքի նկատմամբ կարօտը, խանդավառութիւնը սէրը, վիշտը, յոյսն ու յուսահատութիւնը։

Սարոյեանի մայրը անոր միշտ ըսած է, որ մարդիկ Պիթլիսի մէջ խօսած են երեք լեզուներով «Քրտերէնը սիրտի, թրքերէնը երաժշտութեան, իսկ հայերէնը ցաւի ու վիշտի լեզու է»։ Պիթլիս կատարած այցին ընթացքին, սակայն, Սարոյեան կը համոզուի, որ Պիթլիսի մէջ մարդիկ արդէն կը խօսին միայն քրտերէն ու թրքերէն։ Իր հայրենի Պիթլիսը ան միշտ պատկերացուցած է իբրեւ երկիր մը, ուր «երեք ազգ համատեղ կ'ապրի», մինչդեռ Պիթլիս գալով՝ Սարոյեան հայերէն խօսող գէթ մէկ մարդու չի հանդիպիր:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիններ

Խմբագրել