Արա Արծրունի

Lիբանանահայ արձակագիր, թատերագիր եւ հրապարակագիր։

Արա Արծրունի (11 Նոյեմբեր 1932(1932-11-11), Պէյրութ, Լիբանան - 29 Հոկտեմբեր 2018(2018-10-29), Պէյրութ, Լիբանան), լիբանանահայ արձակագիր, թատերագիր եւ հրապարակագիր։

Արա Արծրունի
Ծնած է 11 Նոյեմբեր 1932(1932-11-11)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 29 Հոկտեմբեր 2018(2018-10-29) (85 տարեկանին)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Մասնագիտութիւն գրագէտ
Երեխաներ Արսէն Արծրունի

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Պէյրութ՝ վանեցի ծնողքէ[1]։ ուսումը ստացած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ: Գրական գործերով աշխատակցած է «Բագին» եւ «Կամար» հանդէսներուն, «Սփիւռք» եւ «Արծիւ» շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ «Ազդակ» օրաթերթին:

Հրապարակագրական յօդուածները լոյս տեսած են «Ազդակ»-ի եւ «Արծիւ»-ի մէջ: Անդամ եղած է Հայաստանի գրողներու միութեան` 2012 թուականէն:

Գիրքեր

Խմբագրել

Հրատարակուած գիրքերն են`

  • «Վիրաւոր ծիծեռնակը» (պատմուածքներ), Պէյրութ, 1967,
  • «Եղեռնի հետքերով» (հրապարակագրական), Պէյրութ, 1972,
  • «Ես զոհ, ես դահիճ» (4 թատրերգութիւններու հաւաքածոյ), Ա. տպագրութիւն` Երեւան, 1993, Բ. տպագրութիւն` Պէյրութ, 1995,
  • «Անաւարտ վէպը» (թատրերգութիւն), Պէյրութ, 2006,
  • «Ողջոյն…», «Պահածոյի տուփերը» (թատրերգութիւններ), Անթիլիաս, 2006,
  • «Մարիօ՛, ծաղկա՛ծ են ծառերը», թատրերգութիւն), Պէյրութ, 2008,
  • «Թատրերգութիւններ» (երկու հատոր, ինը թատրերգութիւն), Երեւան, 2010,
  • արեւելահայերէնի վերածուած, «5 թատրերգութիւններ», Պէյրութ, 2012,
  • «Ծուէնները» (Երեւակայածին վէպ), Պէյրութ, 2017:

Թատերախաղեր

Խմբագրել

Արծրունի գլխաւորաբար ճանչցուած է իր հեղինակած թատերախաղերով: 2018-ին Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը բեմ բարձրացուցած է Արծրունիի «Կոնտոլիզա, իմ սէր» թատերախաղը․ դարձեալ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, նոյն տարին, բեմադրուած է անոր «Մժեղը» թատերախաղը, արաբերէնով:

Պարգեւներ եւ շքանշաններ

Խմբագրել
  • 2010 թուականին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ` իր թատրերգութիւններուն արեւելահայերէնի վերածուելուն առիթով,
  • 2017-ին արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին,
  • 2018-ին պարգեւատրուած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան շքանշանով[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել