Արսէն Արծրունի
Արսեն Արայի Արծրունի (28 Մարտ 1961, Պէյրութ, Լիբանան), հայ հոգեբան, հանրային գործիչ, ուսուցիչ, իրաւապաշտպան, յօդուածագիր, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ։
Արսէն Արծրունի | |
---|---|
Ծնած է | 28 Մարտ 1961 (63 տարեկան) |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան |
Ուսումնավայր |
Ուրարտու Գործնական հոգեբանության և սոցիոլոգիայի համալսարան? Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն Հայկազեան Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | հոգեբան, ուսուցիչ, իրաւապաշտպան |
Ծնողներ | հայր՝ Արա Արծրունի |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱրսէն Արծրունին ծնած է 1961 թուականի 28 Մարտ 28-ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութ: 1964 թուականէն յաճախած է Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ: 1978-1979 թուականներին ուսաներ է Մոն Լասալ վարժարանին մէջ, 1979-1980 թուականներուն՝ Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարան, իսկ 1981-1986 թուականներուն բարձրագոյն կրթութիւն ստացեր է Լիբանանի Հայկազեան համալսարանէն:
1977 թուականին, 16 տարեկանին սկսեր է մասնակցիլ հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան աշխատանքներուն: 1981 թուականէն յետոյ մասնակցեր է ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար մղուող պայքարի առաջին փուլին: 1981-1987 թուականներուն զբաղուեր է ՀՅԴ կուսակցութեան Լիբանանի կառոյցի շրջանակներուն մէջ կազմակերպուող քարոզչական աշխատանքներով: Ստանձներ է ղեկավար պաշտօններ երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներու մէջ: Այդ աշխատանքներու շրջանակներու մէջ, Արսէնը իր ընկերներուն հետ նախաձեռներ եւ իրականցուցած է տարբեր նախագիծեր, այդ թիւին՝
- Ապրիլ 23-ի գիշերային ջահերով երթն ու հսկումը,
- Պէյրութի արեւելան՝ քրիստոնեական բնակավայրերու մէջ թրքական ապրանքներու վաճառքի դէմ պայքարը,
- Հայ բնակչութեան շրջանակներու մէջ թրքական մշակութային ազդեցութեան դէմ պայքարը,
- Բախտախաղի եւ սոցիալապէս անառողջ այլ երեւոյթներու դէմ պայքարը,
- Հակահայկական իրադարձութիւններուն լիբանահայերու հաւաքական արագ հակազդելու ունակ քարոզչական համակարգի ստեղծումը:
- 1980 թուականի կէսերուն Պէյրութի Վանա Ձայն ոատիոկայանի հիմանադրութիւնը (այն մինչ օրս կը գործէ եւ կը համարուի արեւմտահայ ամենատարածուած ռատիոկայաններէն մէկը):
Գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ
Խմբագրել1988-1990 թուականներին Արսէն Արծրունին կ'ուսումնասիրէ ձեռներեցութեան Կորպաչովեան օրէնքները, ապա կ'այցելէ Խորհրդային Հայաստան, որոնելով դէպի Հայաստան նոր (առնուազն գործարար) ներգաղթի ստեղծման միջոցներ: Իր ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներր կը հրապարակուին Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի այլ թերթերուն մէջ: 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն յետոյ ան կը մասնակցի Լիբանահայերու դրամահաւաքի կազմակերպչական աշխատանքներուն, իսկ 1989 թուականին «Հայ օգնութեան միութիւն» (ՀՕՄ) կողմէն կազմակերպուած օժանդակութեան շրջանակներու մէջ, որպէս տեղեկատուութեան ինֆորմաթիքայի ուսուցիչ, կը զործուղղուի աղէտի գօտի՝ Վանաձորի թիւ 5 դպրոց: Նոյն տարին, ան համակարգչի ուսուցման դասեր կու տայ նաեւ այն ժամանակուայ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Մարտակերտ քաղաքի վարժարաններէն մէկուն մէջ:
Գալով Հայաստան՝ Արսէնը, առաջին իսկ օրերէն կ'ըսկսի օժանդակել Վանաձորի ՀՅԴ կառոյցի հիմնադրման աշխատանքներուն եւ Երեւանի մէջ կը հիմնէ իր գործարարական գրասենեակր, որը հակառակ Հայաստանի տիրող դժուարութիւններուն, յաջող գործունէութիւն կը ծաւալէ: 1993 թուականի գարնանը իր մօտ կամ իր մասնակցութեամբ ստեղծուած տարբեր հիմնարկներուն մէջ կ'աշխատէին 52 քաղաքացիներ: 1991-1992 թվականներին, մասնակցելով «Հայաստան-Սփյուռք» գործարար համաժողովին, ընտրվում է այդ համաժողովի վարչության անդամ: Արսեն Արծրունու առջեւ լուրջ խնդիր էր դրված՝ նպաստել Հայաստան-սփյուռք գործարար համագործակցութեանը պատերազմական, տնտեսական եւ անվտանգութեան ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, սփիւռքահայերուն ապացուցեր, որ նոյնիսկ պաշարուած Հայաստանը գործարարութեան համար նպաստաւոր վայր է, եւ որ այստեղ առկայ են բոլոր պայմանները՝ ցանկացած գործ ձեռնարկելու համար: Իսկ հայրենիքի մէջ մեծ թափով արտագաղթ սկսած էր: Իր ընկերներուն հետ 1992 թուականի սկիզբը Արսէն Արծրունին կը հիմնէ Հայկական փաստագրական կեդրոնը (ADC), որու շրջանակներու մէջ օտար լրագրողներու հակահայ կամ թրքամէտ դիրքորոշումները ի նպաստ Հայաստանի շրջելու նպատակով, անոնց աշխատող ներուժը, տեղափոխումը, եւ հանգիստը կազմակերպող համակարգ կը ձեւաւորէ:
Համարելով, որ Արցախեան ազատամարտին մէջ Հայկական սփիւռքի մասնակցութիւնր շատ փոքր է եւ նպատակ ունենալով այդ պայքարի առօրեան սփիւռք տեղափոխել, Արսէնը կը ձեռնարկէ Ստեփանակերտի մէջ կարճ ալիք ռատիոկայանի ստեղծման ծրագիր, որը սակայն, Արցախի նախագահ Արթուր Մկրտչեանի մահանալէն յետոյ կը խափանուի: Նոյն ժամանակաշրջանին իր մասնակցութիւնը կ'ունենայ Ապխազահայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպչական որոշ աշխատանքներու:
Արցախեան ազատամարտի տարիներու սկիզբէն իսկ ան կը մասնակցի սփիւռքէն դէպի Հայաստան ու Արցախ զինատար աշխատանքներուն. հետագային նոյնպէս, Լիբանանէն ու սփիւռքեան այլ գաղթօճախներէն դէպի Հայաստան ու Արցախ ուղարկուող՝ պատերազմի կարիքներուն ուղղուած տարբեր տիպի ապրանքները տեղ հասեր են Ուքրանիա ու Ռուսաստան Արսէն Արծրունիի կողմէն ստեղծած ցանցի միջոցով:
Շուշիի ազատագրումէն օրեր անց Արսէնը մաս կը կազմէր երիտասարդներու այն խումբին, որոնք պիտի ստեղծէին Շուշիի Արամ Մանուկեան վարժարանը:
Բանտարկութիւնը
Խմբագրել1993 թուականի ամռանը արդէն կը թեժանայ իշխանութիւններու ու ՀՅԴ-ի միջեւ 1992 թուականէն սկսած հակամարտութիւնը։ Արցախեան պատերազմի զինադադարէն անմիջապէս յետոյ, Սուրիայի ու Լիբանանի իր ընկերներուն հետ միասին Արսէնը կը մշակէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ծպտեալ հայերու ինքնութեան դարձի եւ Թուրքիոյմէջ երրորդ ուժի ձեւաւորման համար հայ-քիւրտ խառը ազատամարտիկներու խումբերու ձեւաւորման զաղափարը: Սակայն ՀՀՇ-ՀՅԴ պայքարի թեժացման հետեւանքով 1994 թուականին ան կը յայտնուի ճաղերուն ետեւը
1997 թուականին, դատական գործընթացներու աւարտէն յետոյ երբ արդէն Արմենակ Մնճոյեանի հետ Արսէնը կ'ապրէր մահապարտի կեանքով, անոնք երկուքով կը սկսին պատրաստել դասանիւթեր, որոնք, համաձայն իրենց նախատեսումներու, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հեռանալէն յետոյ, պէտք է օգտագործուէին Արցախի զինուած ուժերու մէջ զին. կրտսերներու ուսուցման համար:
Հոգեբանութեան ուսումնասիրում
ԽմբագրելԲանտային արդէն անտանելի դարձած ապրումները դիմագրաւել կարողանալու նպատակով, 2003 թուականէն մինչեւ 2007 թուականը Արսէնը կ'ուսումնասիրէ հոգեբանութիւն առարկան: Իրեն կ'օգնէ լրագրուհի Լիա Իվանեանը, որու հետ իր ապրումները կիսելով առիթ կը ստեղծէ այս վերջինին հրապարակելու այդ երկխօսութեան հիման վրայ գրուած իր վիպակը: Իվանյանի ուղարկած կամ յուշած դասագիրքերու ուսումնասիրումն ու ներհայեցողական ինքնաճանաչման ձեւով իր ձեոք բերած գիտելիքները բաւարար կը դաոնան, որ 2007 թուականին Արսէնը յանձնէ հոգեբանութեան bachelor's degree պսակաւոր արուեստից աւարտական քննութիւնը եւ որպէս Master's Courses համալսարանական «Մագիստրոս Տիտղոս» ուսանողի` փրոֆեսոր Սեդրակ Սեդրակեանի բացառիկ ջանքերու շնորհիւ կ'ընդունուի համալսարան: Խրախուսանքն (արդարացիօրէն) կը ստանայ ՀՀ-ի մէջ ուսանող դատապարտեալի այդ առաջին փորձը իրականացուցած քրէակատարողականի պաշտօնեաներէն մեէկը: Արսէնին չեն խրախուսեր, պատճառաբանելով, որ (2005-ի վերջերը սկսած օրէնքով թոյլ տրուող) ուսանելու թոյլատրութիւնն ինքնին խրախուսանք է:
Հոգեբանութեան Պսակաւոր տիտղոս
Խմբագրել2007-2010 թուականներուն Արսէն Արծրունին կը կենտրոնանայ դատապարտեալներու հոգեբանական վիճակի ուսումնասիրման աշխատանքների վրայ եւ յանձնելով անհրաժեշտ քննութիւնները ու Գիտութեան եւ Կրթութեան նախարարութեան կողմէն կազմուած յանձնաժողովի առաջ պաշտպանելով իր ատենախօսութիւնը՝ 2010 թուականին կ'աւարտէ հոգեբանութեան Master's Courses համալսարանական Մագիստրոս Տիտղոսի դասընթացքները։ Այդ օրերուն այդ ամբողջ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ցմահականի կողմէն ձեոք բերուած առաջին համալսարանական տիպլոմն էր եւ ընդհանրապէս նախկին խորհրդային տարածքին մէջ առաջին ցմահականի բարձրագոյն կրթութեան տիպլոմը: Արսէնը յաճախ կը պնդէ, որ նման բան չէր կարող տեղի ունենալ առանց Լիա Իվանեանի, Փրոֆեսոր Սեդրակեանի եւ քրէակատարողական համակարգի բացառիկ օժանդակութեան, իսկ գիտական նիւթերու հայթայթման իմաստով՝ առանց իր հարազատներու օգնութեան:
2010 թուականին ան կրթութիւնը կը շարունակէ որպէս իրաւաբանական հոգեբանութիւն մասնագիտութեամբ յետ-ընթացաւարտ:
2016 թուականի Ապրիլին աւարտելով իրաւաբանական հոգեբանութեան իր ուսումնասիրութիւններու առաջին փուլը, անգործ չմնալու համար եւ երկրորդ postgraduate յետ-ընթացաւարտ կրթութիւն սկսելու նպատակով՝ կը դիմէ ՀՀ Գիտությիւններո Ազգային Ակադեմիայի Գիտակրթական Միջազգային Կեդրոն եւ կ'ընդունուի որպէս յետ-ընթացաւարտ՝ սոցիալ հոգեբանութիւն մասնագիտութեամբ:
«Արեւմտահայերու Ազգային Համագումար»
Խմբագրել2009 թուականէն սկսած Արսէնը կը մասնակցի «Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարի» (ԱԱՀ) ստեղծման աշխատանքներուն։ Արսէնը մասնակցեր է ինչպէս ԱԱՀ հիմնադիր փաստաթղթերու պատրաստմանը, այնպէս ալ իրարայաջորդ համագումարներուն` հեռակայ: 2015 թուականին ան կը ստեղծէ Շիրակի մարզի մէջ «Դէպի Հայրենիք» գրասենեակը, ուղղուած ԱԱՀ-ի նպատակներու իրականացմանը:
Բանտային պայմանները
Խմբագրել2014 թուականի փետրուարին, համարելով որ Արսէնը «ուղղման դրական առաջընթաց արձանագրած է» ՔԿ համակարգը կը փոխէ Արսէնի պահման կարգը, այն նուազ դաժան դարձնելով, ինչը թոյլ կու տայ իրեն տեղափոխուիլ աւելի կիսափակ ռեժիմի ՔԿ հիմնարկ: Սակայն Արսէնն իր կամքով կը շարունակէ մնալ ցմահականներու սաստիկ ռեժիմի պայմաններուն մէջ, որովհետեւ կրթական ու աշխատանքային բարեփոխման խոստում ստացեր է: 2014 թուականի նոյեմբերին վարչութիւնը մտափոխ կ'ըլլայ, պատճառաբանելով, որ աշխատանքներ ու կրթութիւն կազմակերպելու համար գոյություն չունին ազատ խուցեր, ոչ ալ պաշտօնեաներ՝ նման յաւելեալ գործընթացները վերահսկելու համար: Այնուամենայնիւ, անոնք կը խոստանան, որ «Արմաւիր» ՔԿ հիմնարկի բացումէն յետոյ, այդ բոլորը իրականութիւն կը առնան: Հետեւաբար, Արսէնը կը դիմէ, որ իրեն տեղափոխեն «Արթիկ» ՔԿ հիմնարկ[1]:
2014-ի դեկտեմբերի 24-ին հասնելով «Արթիկ», իր իսկ դիմումի համաձայն, ան եօթ ամիս կ'անցնէ պատժախուցին մէջ:Ան կը համարէր, որ նման փորձառութիւնն իրեն անհրաժեշտ էր: Այնտեղ ան հաղորդակցելով իրենց խուցերէն տոյժի հետեւանքով պատժախուցէն տեղափոխուած (պատժուած) ամենաանհանգիստ դատապարտեալներու հետ, կը պատրաստէ պարագայի ուսումնասիրութիւններ: Սոյն աշխատանքն աւարտելով ան, 2015 թուականի Յունիսին, դուրս կու գայ պատժախուցերէն, ու կը շարունակէ մնալ «Արթիկ» ՔԿ հիմնարկի կիսափակ ռեժիմի իր խուցին մէջ:
Արսէն Արծրունին 2017 թուականի Դեկտեմբերի 29-ին կը դիմէ քրէակատարողական ծառայութիւն՝ խնդրելով իրեն տեղափոխել «Արմաւիր» քկ հիմնարկ:
Արսէնը «Արմավիր» ՔԿ հիմնարկին մէջ կ'աշխատի դատապարտեալներուն աշխատանքով, կրթութեամբ եւ հոգեբանական ու իրաւական օգնութեամբ ապահովող ապագայ համակարգի ստեղծման աշխատանքներով: Այդ նպատակով ան կը համագործակցի Հայաստանի սահմանային գօտիներու համար վիրթուալ առցանց դասարաններ ստեղծող «Առագաստ» հիմնարկի հետ, ինչպէս նաեւ «Դատապարտեալներու աջակցութեան ֆոնտի» հետ։:
«ՊԱՉ-Իրավունք»
Խմբագրել2000 թուականի վերջերը Արսէնը կը հիմնէ «ՊԱՉ-Իրաւունք» հասարակական կազմակերպութիւն-նախաձեռնութիւնը, որ կը գործէ մինչեւ 2006 թուականը: «ՊԱՉ» կը նշանակէ «պատիժի առաւելագոյն չափ», այսինքն մահապատիժ կամ ատոր վերացումէն յետոյ` ցմահ ազատազրկում: Այս կազմակերպութիւնը կը ծաւալէ նախ CPT-ի (բանտային խոշտանգումներու կասեցում), ապա նաեւՀՀ-ի` Եւրոխորհուրդին անդամակցութեան համար անհրաժեշտ բանտային բարեփոխումներու ճիշտ իրականացման հսկողութեան ու գործընթացի արագացմանը օժանդակելու գործունէութիւն: Արսէնի հարազատներու կողմէն կը կատարուին նիւթական յատկացումներ, որոնց միջոցով Արսէնը կ'օժանդակէ մահապարտներու խուցերու վերանորոգման, երկար տեսակցութեն յարկաբաժնի կառուցման, դասասենեակի ստեղծման եւ այլ աշխատանքներուն: Մինչեւ 2006 թուականը մահապարտներու կեցութեան մինչ այդ մահացու պայմանները կը բարելաւուին եւ համապատասխան կը դառնան Եւրոխորհուրդի պահանջներուն։ Արսէնը այս գործունէության համար կը ստանայ երեք խրախուսանք (յաւելեալ տեսակցութիւններ), որոնք սակայն հետագային իր թղթածրարէն կը ջնջուին: Իսկ երբ 2006 թուականին, Եւրոխորհորհուրդը կը յայտարարէ, որ ցմահ ազատազրկեալներու պահման պայմանները բաւարար են, անմիջապէս սկիզբ կ'առնեն խստացումներ: Ու երբ այդ ետ քայլը կը դառնայ անտանելի (մահամերձ դատապարտեալներուն չհոգալու դէպքեր, օտար լեզուով գիրքերու մուտքի արգիլում եւ այլն) Արսէնը իր ցմահական ընկերներու ու «ՊԱՉ-Իրաւունք» կազմակերպութեան աջակցութեամբ կը կազմակերպէ բողոքի արշաւ, որու հետեւանքով կ'ստանայ իր առաջին տոյժը այսինքն պատիժը:
2000 թուականի վերջերը Արսէն Արծրունիի նախաձեռնութեամբ եւ իր հարազատներուօգնութեամբ կատարուեցան ՔԿՀ-ում մահապարտներու խուցերու վերանորոգման, երկար տեսակցութեան յարկաբաժնի կառուցման, դասասենեակի ստեղծման եւ վերանորոգման այլ աշխատանքներ: Մինչեւ 2006 թուականը մահապարտներու կեցութեան մինչ այդ մահացու պայմանները բարելաւուեցան եւ համապատասխան դարձան Եւրոխորհուրդի պահանջներուն:
«Թրքական փակուղի»
Խմբագրել2001 թուականէն մինչեւ 2003 թուականը Արսէնը կ'ուսումնասիրէ Թուրքիոյ միջազգային յարաբերութիւններու պատմութիւնը եւ կը հետեւի այնտեղ տեղի ունեցող խմորումներուն: Իր «Թրքական փակուղի» յօդուածը լոյս կը տեսնէ Արզուման Խաչիկեան ստորագրութեամբ` «Իրաւունք- հետաքննութիւն» շաբաթաթերթին մէջ եւ կ'արտատպուի սփիւոքեան որոշ թերթերուն: Այս յօդուածն առաջինն էր, որ 2003 թուականին կը նախազգուշացնէր այն մասին, որ քեմալիզմէն ձերբազատուող թրքական ազգայնականութիւնը իսլամն օգտագործելու միջոցով Օսմանեան նոր կայսրութիւն կառուցելու նպատակ կը հետապնդէ, որու առաջին թիրախը պիտի դառնայ Հալէպ-Մոսուլ գիծը: Յօդուածին մէջ արծարծուած միտքերը հայկական լրատուութեան մէջ կը սկսին ի յայտ գալ միայն Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն յետոյ։
Անգլերէնի դասեր
Խմբագրել2005-2008 տարիներին, յաճախակի ընդհատումներով, ցմահականներու համար Արսէնը կը կազմակերպէ անգլերէն լեզուի դասեր. դասասենեակին մէջ մեծ ոգեւորութեամբ ցմահականերն կը սկսին անգլերէն լեզուն սորվիլ: Այդ հանդիպումները ան կ'օգտագործէ նաեւ որոշ դատապարտեալներու դէպի ԲՈՒՀ-ական ուսում մղելու համար: Յաջորդ տարիներուն անոնցմէ առնուազն վեցը կը դառնան ուսանողներ: Արսէնը նաեւ այցելելով տարբեր խուցեր կը մատուցէ համակարգչային դասեր (մինչեւ 2015 թուականի Մայիսը խուցերուն մէջ համակարգիչ ունենալը արգիլուած չէր): Անգլերէն դասերը կ'ընդհատուին պաշտօնական հետեւեալ պատճառաբանութեամբ՝ «Քանի որ Արծրունին չէ աւարտեր մանկավարժականը` դասաւանդելու իրաւունք չունի»:
Առողջական խնդիրներ
Խմբագրել2017 թուականի Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն Արսէնի մօտ ի յայտ կու գան առողջական խնդիրներ, որոնք 2012 թուականէն արդէն սկսեր էին իրեն որոշ դժուարութիւններ պատճառել: Դեկտեմբերին կը հետազօտուի եւ կը բացայայտուի՝ վահանաձեւ գեղձի տիֆուզ բազմահանգոյցային խպիպ: Վիզի շրջանի մէջ ուղեղի արեան շրջագայութեան վատթարացման հետեւանքով կտրուկ կը նուազի անոր աշխատունակութիւնը[2][3]:
Ընտանիքը
Խմբագրել1990 թուականին Արսէն Արծրունին կ'ամուսնանայ Շաղիկ Շահինեանի հետ: 1993 թուականի Յունուարին կը ծնի իրենց միակ դուստրը՝ Ծովինարը: