Արա Սանճեան (4 Փետրուար 1968(1968-02-04), Պէյրութ, Լիբանան), պատմագէտ, հայագէտ, ուսումնասիրող եւ մտաւորական: Հայոց եւ միջին արեւելեան պատմութեան դասախօս, Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի վարիչ, Միշիկընի համալսարան, Տիրպոռն (ԱՄՆ)։

Արա Սանճեան
Ծնած է 4 Փետրուար 1968(1968-02-04) (56 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ուսումնավայր Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան
Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունք
Լոնտոնի Համալսարան
Մասնագիտութիւն պատմաբան, հայագէտ, դասախօս
Աշխատավայր Հայկազեան Համալսարան
Միշիկընի Համալսարան,
Միշիկըն-Տիրպոռն Համալսարան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Դոկտ. Արա Սանճեան ստացած է նախակրթական եւ երկրորդական իր ուսումը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երեք տարբեր դպրոցներու մէջ՝ Լիբանանի Լեւոն Կ. Նազարեան, Պօղոս Գ. Կարմիրեան եւ աւարտելով Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը։

1986-1991 հետեւած է Երեւանի Պետական Համալսարանի պատմագիտութեան ճիւղին, զոր աւարտելէ ետք, ան մեկնած է Անգլիա:

1996-ին աւարտած է Լոնտոնի համալսարանի Արեւելեան եւ ափրիկեան հետազօտութիւններու դպրոցը, ուր մասնագիտանալով Միջին Արեւելքի ժամանակակից պատմութեան մէջ, ստացած է դոկտորի աստիճան:

Վերադառնալէ ետք Լիբանան, ան տասը տարի իբրեւ դասախօս աշխատած է Հայկազեան համալսարանին մէջ:

1996-2005՝ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հայագիտութեան, պատմութեան եւ քաղաքագիտութեան ամպիոնի վարիչ։

2003-ին՝ այցելու դասախօս Քալիֆորնիայի նահանգային համալսարանի Ֆրեզնօ քաղաքի մասնաճիւղի հայագիտական ծրագիր։

2006-ին անցած է Մ. Նահանգներ, ուր Միշիկըն համալսարանի Տիրպոռն քաղաքի մասնաճիւղին մէջ կը դասաւանդէ պատմութիւն, միաժամանակ ստանձնելով համալսարանին մէջ գործող հայագիտական կեդրոնին վարիչի պաշտօնը։

  Ուսումս առի նախ Լիբանանի մէջ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երեք տարբեր դպրոցներու մէջ՝ աւարտելով Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը եւ լիբանանեան պաքալորիան ստանալով 1986-ին։ Անկէ անմիջապէս ետք գացի Հայաստան՝ ուսումս շարունակելու: Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի տարիներն էին եւ ծնողներս խանդավառ էին, որ Լիբանանէն հեռանամ։ Անոնք մտահոգ էին, որ լիբանանեան համալսարանները տարբեր զինեալ խումբերու ազդեցութեան տակ կը գտնուէին, իսկ երկրին ապագան շատ մութ էր։ Նոյնիսկ հայրս կ’ըսէր. «ապագան դուն ես։ Գնա՛ Հայաստան, որոշէ՛։ Մենք ալ կու գանք եթէ նախընտրես հոն մնալ, քանի որ Լիբանանի ապագան մութ է։» Այդպէս չեղաւ, որովհետեւ մինչեւ աւարտեմ Երեւանի մէջ ուսումնառութեանս տարիները, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը վերջացաւ, իսկ Հայաստանի վիճակը սկսաւ աւելի անորոշ դառնալ՝ Ղարաբաղեան շարժման եւ Խորհրդային Միութեան քայքայման հետեւանքով։ Այս դրութեան մէջ, ծնողներս քաջալերեցին, որ ուսումս շարունակեմ Եւրոպա կամ Ամերիկա: Ընտրութիւնս եղաւ Անգլիա՝ մօրս պնդումով, որովհետեւ «Ամերիկա գացողը ետ չի գար», – կ’ըսէր ան:[1]
- Դոկտ. Արա Սանճեան
 


Գիտական յօդուածներ եւ աշխատութիւններ

Խմբագրել

Հրատարակուած միակ գիրքը հայագիտական չէ, քանի որ Լոնտոն ուսանած տարիներուն դոկտորական ատենախօսութիւնը հայագիտական չէր, այլ՝ արեւելագիտական։

  Ուսումնասիրեցի Թուրքիոյ յարաբերութիւնները իր արաբ դրացիներուն հետ՝ Իրաք եւ Սուրիա, 1950-ական թուականներուն։ Բայց քանի որ այդ թուականները առանց Ապտըլ Նասերի ազդեցութեան կարելի չէ ուսումնասիրել, այդ պատճառով ալ աւարտաճառս աւելի լայն պարունակով եղաւ։ Յետոյ, այդ ատենախօսութիւնը հրատարակուեցաւ Անգլիոյ մէջ։[1]
- Դոկտ. Արա Սանճեան
 


Հրատարակուած գիտական աշխատութիւնները կը վերաբերին Հայաստանի, Մերձաւոր արեւելքի հայագաղութներու, Թուրքիայի եւ Արեւմտեան Ասիայի արաբական երկիրներու Առաջին համաշխարհային պատերազմէն յետոյ պատմութեանը։

2012 թուականին՝ հայ գրատպութեան 500-ամեակին նուիրուած Միշիկընի մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսի առնչութեամբ պատրաստեր է հայատառ գիրքի կէս դարեայ երթը ամփոփող անգլերէն հանրամատչելի գրքոյկ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տեսանիւթեր

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել