Արեթա Ֆրանքլին
Արեթա Ֆրանքլին (25 Մարտ 1942[4][5][6][…], Մեմֆիս, Թենեսի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[7] - 16 Օգոստոս 2018[1][2][3][…], Տիթրոյթ, Միշիկըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]), յայտնի ամերիկացի երգչուհի, երգերու հեղինակ, դերասանուհի եւ դաշնակահար։ Սոուլ ժանրի թագուհին՝ կրելով Լէյտի Սոուլ անունը[8]։
Արեթա Ֆրանքլին |
---|
Կեսագրական գիծեր
ԽմբագրելՄայրը ձգած է ընտանիքը, երբ Արեթան վեց տարեկան էր[9]։ Քոյրերուն հետ մեծցած են հօր խնամքին տակ եւ եկեղեցւոյ մէջ մխիթարութիւն գտնելով: Եկեղեցական երգերը յետագային մեծ ազդեցութիւն ունեցած են երգչուհիին արուեստին վրայ: Հայրը քահանայ եղած է, եւ այդ էր պատճառը եկեղեցական երաժշտութեան այդքան մօտ ըլլալուն:
Ան փոքր տարիքէն ծանօթութիւններ հաստատած է տղոց հետ եւ արդէն իսկ տասներեք տարեկանին մայր դարձած:
Արեթա ունեցած է չորս երեխայ: Առաջին զաւակին ծնունդէն երկու տարի ետք ունեցած է իր երկրորդ որդին: Երրորդ որդին աշխարհ բերած է ամուսնանալէն ետք, իսկ չորրորդ տղան ծնած է 1970 թուականին, իր երաժշտական արտադրիչին հետ ունեցած կապին հետեւանքով:
Ան եղած է լաւագոյն կատարողներէն բոլոր այն ժանրերուն, որոնք ձեւաւորուած են ափրօ-ամերիկեան եւ ճերմակներու երաժշտութեան ելեւէջներուն համադրումէն: Իսկ սոուլ ժանրը, որուն թագուհին հռչակուած էր, կրելով Լէյտի Սոուլ անունը, զուտ ափրօ-ամերիկեան ծագում ունի եւ որուն բնորոշ է զգացմունքայնութիւնը, զմայլուածութիւնը, յուզականութիւնը: Այս ժանրը կը ծագի աւանդական հոգեւոր օրհ-ներգներէն եւ աւետարաններէն, ինչպէս նաեւ ճազային յանկարծաստեղծումներէ:
Երաժշտական կեանք
ԽմբագրելՖրանքլին, քոյրերուն հետ պզտիկ տարիքէն երգած է եկեղեցական երգչախումբին մէջ եւ քանի մը տարի անց դարձած՝ աւետիսի (gospel) երաժշտութեան իրական բներեւոյթը:
Տանսչորս տարեկանին ձայնագրուած են երգչուհիին առաջին ստեղծագործութիւնները։ Երիտասարդ տաղանդով հետաքրքրուած է Տիթրոյթի մէջ գործող «Motown» սթիւտիոն։ Տաղանդներ յայտնաբերող Ճոն Հեմընտին, Արեթա Ֆրանքլին պայմանագիր կնքած է «Columbia Records»ի հետ։ Անոր շնորհիւ սոուլ ժանրը մեծ յառաջխաղացում ապրած է, մէկը միւսին ետեւէն ձայնագրուած են երգչուհիին երգերը, թողարկուած են ալպոմները: Համերգային շրջագայութիւնները, ողջ Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարածքին, յաջորդած են իրարուն:
Երգած է փոփ երաժըշ-տութեան այլ ժանրի երգեր եւս: Արեթա Ֆրանքլին մեծ յաջողութիւններու հասած է մանաւանդ 1960-ական թուականներու կէսին եւ 1970-ական թուականներուն:
20-րդ դարու մեծագոյն ձայներէն մին նկատուող Ֆրանքլին հարիւրաւոր երգիչ-երաժիշտներու ուղենիշն ու երաժշտական կուռքը դարձած է։
Ռետինկի աշխարհահռչակ «Respect» երգը Արեթան պայթեցուց ողջ աշխարհի մէջ․ «Respect» երգի ֆրանքլինեան մեկնաբանութիւնը կիներու շարժման հիմնաքարը դարձած է, եւ երգչուհիին մէկ անգամէն երկու «Կրեմմի» մրցանակ նուիրած է 1968 թուականին:
Երգչուհիին կրքոտ կատարումները արագօրէն կը դառնան իգականութեան հիմներ, կը քարոզեն սեռերու հաւասարութիւն, կիներու իրաւունք, կը նպաստեն բռնութեան, ճնշուածութեան դէմ բողոքներուն:
Հօրը մահը ծանր ազդեցութիւն թողած է երգչուհիին վրայ, քանի որ հայրը սպաննած էին աւազակները՝ ներխուժելով տուն: Ծանր կորուստի այս պահուն Արեթան հերոսաբար ոտքի կեցած եւ նոր երգեր ձայնագրած է՝ երգեր նուիրելով նաեւ իր հօր յիշատակին:
Ծանօթ երգերէն
ԽմբագրելԵրգչուհիին ծանօթ երգերէն են.
- «Chain of Soul, (You Make Me Feel Like)»,
- «A Natural Woman»,
- «Respect»,
- «Baby I Love You»,
- «I Say a Little Prayer»,
- «I Never Loved a Man (The Way I Love You)»,
- «Spanish Harlem», «I՚m in Love»…
Ալպոմները
ԽմբագրելԱլպոմները կ՚ապահովեն մեծ վաճառքներ, 75 միլիոնի հասնող ձայնագրութիւն ունեցած են անոր երգերը, իսկ 1968 թուականին Արեթա Ֆրանքլին ստացած է իր առաջին «Կրեմմի» մրցանակը։
Ամուսնական կեանք
Խմբագրել1978-1984 թուականներուն Արեթան ամուսնացած է յայտնի դերասան Կլին Թորմընին հետ, իսկ 1961-1969 թուականներուն՝ Թէտ Ուայթին հետ:
Սակայն զանազան տարիներու ան ունեցած է կապեր տղամարդոց հետ, որոնց հետեւանքով խոր հիասթափութիւն ապրած է եւ ինկած ընկճախտի մէջ: Ընկճուածութիւնը ան յաղթահարած է ալքոլի միջոցաւ եւ այդ առումով միշտ գտնուած է մամուլի ուշադրութեան կեդրոնը:
Դերասնական կեանք
ԽմբագրելԱրեթա Ֆրանքլինի կենսագրութեան մէջ նոր էջ մը բացուած է 1980 թուականին, երբ ան նկարահանուած է յայտնի «The Blues Brothers» շարժապատկերին մէջ: Այդ ժապաւէնին մէջ հնչած է անոր «Think» խորագրով երգը:
Մրցանակներ եւ պարգեւներ
Խմբագրել1987 թուականի Յունուարին Արեթա Ֆրանքլին դարձած է առաջին կինը, որուն անունը գրուած է «Rock and roll»ի փառքի սրահին մէջ: 2008 թուականի Նոյեմբերին «Rolling Stones» ամսագիրը Ֆրանքլինը կոչած է պատմութեան մեծագոյն երգչուհին:
Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին երգչուհին ստացած է 18 «Կրեմմի», իսկ եթէ նկատենք նաեւ «Կրեմմի»ի ժամանակ ստացած յատուկ մրցանակները, ապա անոնց թիւը քսանէն աւելի կ՚ըլլայ:
Անոր նաեւ յատուկ մրցանակի արժանացուցած է Մարթին Լութեր Քինկ՝ բողոքական եկեղեցւոյ ամերիկացի հետեւորդ, հոգեւորական եւ աքթիւիստ, որ կը մեծարէր Արեթան եւ որուն յետագային նուիրեց «Սիրելի Աստուած» աղօթքին սրտառուչ մէկ տարբերակը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճիմի Քարթըրի երդման արարողութեան ան փայլուն կերպով երգեց եւ մտաւ ԱՄՆ-ի նախագահական արարողութիւններուն պատմութեան մէջ: Երգած է փոխ-նախագահ Ալ Կորի դստեր հարսանիքին։
2005 թուականին երգչուհին ստացած է Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն պարգեւը՝ «Ազատութիւն» նախագահական շքանշանը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն Ճիմի Քարթըր, Պիլ Քլինթըն եւ Պարաք Օպամա նախընտրած են նախագահական երդումը տալ երգչուհիին աստուածային ձայնին միջոցաւ՝ միշտ համարելով, որ Արեթան Աստուծոյ պարգեւն է Ամերիկայի համար:
Արեթա Ֆրանքլինին պատուին կոչուած փողոց եւ աստղակերպ
ԽմբագրելՏակաւին իր ողջութեան ընթացքին Արեթա Ֆրանքլինին անունով փողոց մը կոչուած է Տիթրոյթի մէջ, եւ Ֆրանքլին ներկայ եղած է այդ արարողութեան:
Իսկ մահէն անմիջապէս ետք Օդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային գործակալութիւնը՝ ՆԱՍԱ-ն, Արեթա Ֆրանքլինի պատուին աստղակերպ մը անուանակոչած է։ «Մենք տխուր ենք, որ Արեթա Ֆրանքլինը այլեւս մեզի հետ չէ։ Թիւ 249516 աստղակերպը անուանակոչուած է ի պատիւ երգչուհիին՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Սոուլի թագուհիին։ Աստղակերպը կը շարունակէ պտտիլ Մարսի շուրջ», նշուած է ՆԱՍԱ-ի հաղորդագրութեան մէջ։ Արեթա աստղակերպին շառաւիղը շուրջ 4 քիլօմեթր է, ան յայտնաբերուած է 2010 թուականին։
Մահ
ԽմբագրելԼէյտի Սոուլը մահացած է Տիթրոյթի մէջ՝ 76 տարեկանին, երկարատեւ հիւանդութեան դէմ պայքարելով:
Արեթա Ֆրանքլինի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունենցած է 31 Օգոստոս 2018-ին՝ Միացեալ Նահանգներու Տիթրոյթ քաղաքին մէջ[10]։ Երգչուհիին հրաժեշտ տալու արարողութիւնը տեղի ունեցած է 28-29 Օգոստոս, Չարլզ Ռայթի՝ Ամերիկայի ափրիկեան պատմութեան թանգարանին մէջ: Իսկ երգերուն ուղեկցութեամբ յուղարկաւորուած է «Ուուտլաուն» գերեզմանատունը։
Ցաւակցական գիրեր
ԽմբագրելՑաւակցական գիրեր յղած են Միացեալ Նահանգներու ներկայ ու նախկին նախագահները։
Համաշխարհային աստղերը ցաւակցած են Ֆրանքլինի մահուան առթիւ, յիշեցնելով, որ ան ոչ թէ դարու մը, այլեւ պատմութեան մեծագոյն երգչուհին էր։
Իմ գիտցած լաւագոյն ձայնը աշխարհի մէջ։ - Ճոն Լէճընտ
|
Դժուար է պատկերացնել աշխարհը առանց անոր: Արեթան ոչ միայն փայլուն երգչուհի մըն էր, այլեւ իրաւունքներու համար պայքարող քաղաքացի, որ իր ազդեցութիւնը ձգեց աշխարհի մէջ - Պարպարա Սթրէյզընտ
|
«Անգամ մը պատիւ ունեցած եմ երգելու Արեթային համար, ան շատ բարի էր: Ատիկա իմ կեանքիս ամենապայծառ պահերէն մին էր», ըսած է «Վերադարձ դէպի ապագայ» շարժանկարի աստղ Լէա Թամսըն:
Ծանօթագրութիններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 Aretha Franklin, music’s ‘Queen of Soul,’ dies at 76 — Washington Post, 2018.
- ↑ 2,0 2,1 filmportal.de — 2005.
- ↑ 3,0 3,1 Dutch Top 40
- ↑ Ritz D. Encyclopædia Britannica
- ↑ Internet Broadway Database — 2000.
- ↑ Discogs — 2000.
- ↑ 7,0 7,1 Southern E. Biographical Dictionary of Afro-American and African Musicians — Greenwood Publishing Group, 1982.
- ↑ «Արեթա Ֆրանքլինին Մահը. Յաւերժութեան Ճամբան»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2018-09-11։ արտագրուած է՝ 2020-11-30
- ↑ Գալստեան Կիմի։ «Սոուլի թագուհի կամ Լէյտի Սոուլ. Արեթա Ֆրանքլին»։ VNews։ արտագրուած է՝ 2020-12-01
- ↑ TV Azat (2019-04-19)։ «Արեթա Ֆրանքլին․ առաջին կինը, որ արժանացել է Փուլիցերեան մրցանակի»։ Azat TV (en-US)։ արտագրուած է՝ 2020-12-01