Արթուր Ղարիպեան
Արթուր Ղարիպեան (16 Դեկտեմբեր 1967, Ստեփանաւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն - 6 Նոյեմբեր 1992, Նոր Ղազանչի, Աղտամի շրջան, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն), Արցախեան Ազատամարտիկ։
Արթուր Ղարիպեան | |
---|---|
Ծնած է | 16 Դեկտեմբեր 1967 |
Ծննդավայր | Ստեփանաւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Մահացած է | 6 Նոյեմբեր 1992 (24 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Նոր Ղազանչի, Աղտամի շրջան, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն |
Կենսգրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է 1967-ին: Քանդակագործի իր կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Տաճատ Թերլէմեզեանի անուան նկարչական ուսումնարանին մէջ:
Արցախեան պայքարի առաջին իսկ պահէն Արթուր միացաւ կենաց-մահու կռիւ մղող հերոսներու փաղանգին՝ հայրենի հողը անկախացած տեսնելու երազով: Նախ մաս կազմեց Հայաստանի Ազգային Անկախութեան կուսակցութեան: Ապա, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը վերընձիւղուեցաւ Հայաստանի մէջ, իր բազմաթիւ կուսակիցներուն հետ միացաւ Դաշնակցութեան:
Նախիջեւանի սահմանակից Խաչիկ գիւղի պաշտպանութեան եւ Գորիսի մէջ գործունէութիւններու մասնակցելէ ետք, Արթուր Ղարիպեան դաշնակցական մարտական խումbերու հետ կը մտնէ Արցախեան մարտական ուղին:
Նախ 1990-ին՝ Բերդաձոր, Շահումեան, ապա 1991-ին՝ Հասանապատ, Խոջալու, Մալիպէյլի, Շուշի, Մարտակերտ[1]:
Շուշիի ազատագրումէն ետք, Արցախեան հողը դարձեալ կը կանչէ զինք: Այս անգամ կը գտնուի Մարտակերտի մէջ, պաշտպանելու համար հայրենի հողը:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «ԱՐԹՈՒՐԻ (ԴՈՒԴՈՒԼ) ՀՈՒՇԵՐԸ ՎԱՐԴԱՆԻ ՄԱՍԻՆ…»։ Դուշման Վարդան։ 2012-11-03։ արտագրուած է՝ 2023-04-18