Արթօ Պէրպէրեան
Արթօ Պէրպէրեան, ծնած եւ մահացած է Իստամպուլ։ Բան-Կալթիի Մխիթարեան Լիսէէն ետք, աւարտած է Պետական Գեղարուեստից Ակադեմեայի բեմական արուեստի բաժինը։ Ստանձնած է Իսթանպուլի արհեստավարժ բազմաթիւ թատրոններու բեմայարդարումներու աշխատանքը։ Որպէս բեմայարդար ճարտարապետ աշխատակցած է հեռատեսիլի զանազան ժապաւէններու, ինչպէս՝ Լիւթֆիւ Աքատի «Էօմեր ՏէյֆէտտինՀիքայէլէրի» եւ Հալիտ Ռէֆիղի «Եօրկուն Սավաշճը» հեռատեսիլի շարքերը։ Աշխատակցած եւ գործակցած է թուրք թատրոնի գրեթէ բոլոր յայտնի անուներուն հետ՝ Կէնճօ Էրքալ, Էնկին Ճէզզար, Կիւլրիզ Սուրուրի, Անի Էփէքգայա, Աթիլլա Տօրսայ, Ալլի Փոյրազօղլու, Մեթին Սէրէզլի եւ Ալթան Էրպուլաք։ Մխիթարեան, կեդրոնական, Պեզճեան եւ Գարակէօզեան Սանուց Միութիւններու մէջ բեմադրած է թատերական ներկայացումներ, ինչպէս՝ Ճոն Սթայնպէքի, Ակաթա Քրիսթիի, Անթոն Չեխովի, Նէճաթի Ճումալըի, Հալտուն Թանէրի եւ Ճոն Ֆոլսի յայտնի թատերգութիւնները։ Մխիթարեան Սանուց Միութեան բեմին վրայ, մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցած է իր գրած եւ բեմադրած Oyun թատերախաղը։
Արթօ Պէրպէրեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Իստամպուլ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Իր հայերէն ներկայացումներն են՝ Լեւոն Շանթի Հին Աստուածներ, Արմէն Տիգրանեանի Անուշիկ եւ իր հեղինակած Հայա, Պօքօմէտի եւ Սէբաստաքիւս թատերապարերը։ Յետ մահու, իր տիկնոջ եւ մտերիմ բարեկամներուն ջանքերով ներկայացուեցաւ, իր իսկ պատրաստած Քաջ Քիշոտ եւ Տոն Նազար թատերապարերը։
Իր թատերական երկերն են՝ Մկոյի Պատմութիւն, Պոքոմէտի եւ Սեբաստաքիւս։ 2000-ին յետ մահու հրատարակուեցաւ իբրեւեւ շարժանկարի սենարիօ գրի առած թրքերէն վիպակը՝ Անտիքա Կէջէն Կունլէրի խորագրով։ Իր հայերէն արձակին լաւագոյն նմոյշը կը կազմէ Ռոպէր Հաստէճեան Գրական Գործունէութեան 40 Ամեայ Հանգրուանին յուշամատեանին համար գրած «6.35-ի Անտեսանելի Ճմբորդը» խորագրեալ յուշագրութիւնը[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։