Արիոն (Կապոյտ թիթեռնիկը)

Արիոն, կապոյտ թիթեռնիկներու ընտանիքին պատկանող միջատ մը, որ գրանցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կարմիր Գիրքին մէջ։

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

16-18 մմ (արուներ) եւ 15-20 մմ (էգեր) առջեւի թեւի երկարութեամբ ոչ մեծ չափի թիթեռնիկեր են։ Արուին վերի բաժինը գոց կապոյտ է, ունի նաեւ լազուարտ երիզ մը եւ գոց կապոյտ նախշեր: Էգին նախշը նոյնն է, սակայն գոյները աւելի ցայտուն են[1]:

Մեծ կապոյտ թրթուրները կ'ունենան շուրջ 13 մմ երկայնք եւ մօտաւորապէս մինչեւ 9 ամիս կրնայ տեւել անոնց թիթեռնիկ դառնալու ժամանակամիջոցը: Մեծ կապոյտ թիթեռնիկերը «Lycaenidae» ընտանիքին պատկանող թիթեռնիկներուն ամէնէն մեծերը կը համարուին, որոնց թեւերուն բացուածքը կրնայ հասնիլ մինչեւ 50,8 մմ եւ կ'ապրին ընդամէնը քանի մը շաբաթ:

Ամէնէն շատ տարածում գտած շրջաններ

Խմբագրել
 

Կը գտնուին Եւրոպայի[2], Կովկասի, Փոքր Ասիոյ, Միջին Ասիոյ, Ղազախիստանի եւ Արեւմտեան Սիպերիոյ մէջ: Լայն տարածում ունին նաեւ Հայաստանի մէջ, ինչպէս՝ Շիրակի (Աշոցքի շրջակայք), Գեղարքունիքի (Սեան քաղաքի շրջակայք, Շորժա), Տաւուշի (Սարիգիւղ եւ Ջուջեւան գիւղերու շրջակայք), Կոտայքի (Արզական, Մեղրաձոր, Գողթն, Գառնի գիւղերու շրջակայք), Վայոց ձորի (Գնիշիկ գիւղի շրջակայք, Արտաւան), Սիւնիքի (Քաջարան քաղաքի շրջակայք, Կուրիս, Շուանիձոր գիւղեր, Փխրուտ լքուած գիւղ) մարզերուն եւ «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցին մէջ[3]:

Բնական Միջավայր

Խմբագրել
 

Կ'ապրին չոր մարգագետիններու, անտառներու բացատներու եւ անտառի վերին եզրերու տափաստաններու մէջ։ Էգը ձուերը կը ձգէ Խնկածաղիկներու վրայ։ Երկրորդ եւ երրորդ հասակի թրթուրները մրջիւններու միջոցով կը տեղափոխուին մրջնանոց, ուր ալ կը ձմեռեն: Մրջիւններ, թրթուրներ եւ հարսնեակներ ուտելով՝ ձմեռելէ ետք կ'աւարտեն իրենց սնուցման շրջանը:[3]:

Պահպանութիւն

Խմբագրել

Բնութեան պահպանութեան միջազգային միութեան Կարմիր ցուցակին չափորոշիչներով կը գնահատուի իբրեւ խոցելի տեսակ, ներառուած է ԲՊՄՄ համեմատաբար բարւօք վիճակի մէջ գտնուող ցուցակին մէջ, սակայն կրնայ յայտնուիլ նաեւ վտանգուած տեսակներու ցուցակին մէջ: Թիւը բաւական բարձր է։

Վտանգման հիմնական գործօնները կը հանդիսանան հողերու հերկումը, կերաբոյսի ծաղկման շրջանին իրականացող խոտհունձքը, անասուններու գերարածեցումը, ինչպէս նաեւ ուղղաթիռներով անտառային տարածքներու պարարտանիւթերով մշակումը։

Կը պահպանուի «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցին եւ «Արեւիկ» ազգային պարկին մէջ[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել