Արծիւ Վասպուրական Տպարան

Արծիւ Վասպուրական տպարանը հիմնուած է 1858 թուականին Վան` Մկրտիչ վրդ. Խրիմեանի ջանքերով[1]։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Մկրտիչ Խրիմեան Կ.Պոլսոյ մէջ հիմնած իր տպարանին մէջ 1855-1856 թուականներուն «Արծուի Վասպուրական» ամսագիրի քանի մը թիւ հրատարակելէ ետք, տպարանի պարագաներով վերադարձած է իր հայրենի քաղաք` Վան, ուր Վարագայ վանքին կից 1858 թուականին հիմնած է համեստ տպարան մը, ուր եւ շարունակած է հրատարակել սոյն պարբերականը։

Յաջորդող տարիներուն տպարանին մէջ լոյս տեսած են քանի մը գրքոյկներ, որոնցմէ են վանեցի գրող Տիգրան Ամիրճանեանի «Ողբերգութիւնքը» (1862): Այնուհետեւ Մկրտիչ Խրիմեան 1863 թուականին իր տպարանով փոխադրուած է Մուշ։ Այստեղ Գարեգին Սրուանձտեանցի խմբագրութեամբ տպագրուած է «Արծուիկ Տարօնոյ» պարբերականը (1863-1865):

Գործունէութիւն

Խմբագրել

1870-ական թուականներուն տպարանը դարձեալ փոխադրուած է Վարագ, ուր վերականգնած է «Արծուի Վասպուրական» ամսագիրի հրատարակութիւնը` Խրիմեանի աշակերտ Մ. Անանեանի խմբագրութեամբ։

1884 թուականին թուրքական իշխանութիւնները բռնագրաւած են տպարանը եւ Վարագայ վանքէն փոխադրած Վան` թուրքական թերթ մը տպագրելու համար։

Այս բոլորին հանդերձ, հայ տպագրութիւնը, ընդհատումներով, Վանի մէջ շարունակուած է մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմ։ Այստեղ տպագրուած են քանի մը պարբերականներ, որոնցմէ է «Վան-Տոսպ» հանդէսը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Ռաֆայէլ Իշխանեան (1981). Հայ գիրքը։ 1512-1920. Երեւան։ ՀՍՍՀ ԳԱ. էջեր 154.

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. http://greenstone.flib.sci.am/gsdl/collect/publishe/index/assoc/HASH01b3.dir/ARTIV_VASPURAKANI.pdf