Արծն
Արծն, պատմական քաղաք, որ կը գտնուէր Բարձր Հայքի Կարին գաւառին մէջ, Արեւմտեան Եփրատի վերին հոսանքի տարածքին։ Յայտնի է իր բնական հարստութիւններով (նաւթ, քարածուխ, երկաթ, հանքային ջուրեր) եւ արգաւանդ հողերով։
Քաղաք | |
---|---|
Արծն | |
Երկիր | Թուրքիա |
Արծն քաղաքին տեղը հնագոյն ժամանակներէ ի վեր գոյութիւն ունեցած է սովորական բնակավայր, որ քաղաքի վերածուած է միայն 10-րդ դարէն, երբ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ վերելք կ’ապրէին արհեստագործութիւնն ու առեւտուրը։
11-րդ դարու առաջին կիսուն իր զարգացման գագաթնակէտին հասած այդ քաղաքին մասին վկայութիւններ ունին ոչ միայն հայ, այլեւ բիւզանդական ու արաբական մատենագիրները։ Բիւզանդացի պատմագիրներ Յովհաննէս Ակիլիցէսի ու Կեդրենոսի վկայութեամբ, սելճուկներու կողմէ 1049 թուականին քաղաքը գրաւելու ժամանակ միայն սպաննուածներու թիւը կը հասնէր 150 հազար անձի, իսկ արաբական մատենագիր Իպն Ալ Ասիր կը հաղորդէ, որ քաղաքէն վերցուած աւարը այնքան շատ եղած է, որ 10 հազար սայլով հազիւ տարած են:
Արծն ունեցած է հարիւրաւոր ճարտարապետական կոթողներ. Մատթէոս Ուռհայեցի վկայութեամբ, միայն անոր եկեղեցիներու թիւը կը հասնէր 800-ի։
Սելճուքեան հորդաները 1049 թուականի արշաւանքի ընթացքին կը յարձակին Արծնի վրայ եւ այն հիմնայատակ կը կործանեն։ Վաղեմի քաղաքին տեղը նոր ժամանակներուն կը յիշատակուի Խարարզ անունով գիւղը։
19-րդ դարու վերջերը եւ 20-րդի սկիզբները ունեղած է մօտ 1000 բնակիչ, որոնցմէ աւելի քան 800-ը հայեր եղած են։ Անոնց մեծագոյն մասը ոչնչացած է 1915-ի Ցեղասպանութեան ժամանակ, իսկ հազիւ փրկուածները գաղթեցին տարբեր երկիրներ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Ճանչնանք Արեւմտեան Հայաստանը․ Արծն»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2022-12-29։ արտագրուած է՝ 2023-03-27