Արմանտ, Արամ Անտոնեան (1915) Իրանահայ բանաստեծներու խումբին մէջ այն քիչերէն է, որոնք զգայավարութենէ դէպի կեանքի ճանաչում դիմած են, երեւոյթներէ անգին անցնելու, թափանցելով եւ մտավիճակներ սեղմելու համար իրենց ստեղծումներուն մէջ։

Արմանտ, Արամ Անտոնեան
Ծնած է 1915
Ծննդավայր Թեհրան
Մահացած է 28 Յունուար 2008(2008-01-28)[1] (92 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Քաղաքացիութիւն  Իրան
Ազգութիւն Թեհրանցի
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Բանաստեղծ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Թեհրանի մէջ եւ տարրական ու միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է ամերիկեան վարժարաններու մէջ՝ հետեւելով գրական եւ տնտեսագիտական դասընթացքներու։ Սկզբնական իր փորձերը կատարած է 1941-էն սկսեալ, աշխատակցելով արտասահմանեան պարբերականներու, մասնաւորաբար «Հայրենիք»ի, «Արփի» եւ «Արմենուհի» ամսագիրներուն «Ալիք» օրաթերթի ապա նաեւ «Բագին»ի:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Մինչեւ 1930-ական թուականներ, հայ քերթողութեան գլխաւոր «ատաղձը» մարդկային հոգին է եւ անոր թարթափումներուն զգայական անդրադարձը տենչ, իղձ, երազ. առհասարակ յուսաբեկում, տխրութիւն, արցունք։ Հազուադէպօրէն կը միջամտէ միտքը։ Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք է որ, կեանքի եւ ապրումներու հիմնական փոփոխութեամր, որոշ հակում կայ որոնողական խորացումներու։ Հիմա մարդիկ ճակտէ ճակատ կը նային իրենց կիրքերուն, յաւակնութիւններ ունին, տեսակէտ եւ աշխարհահայեացք, ու դիրք ճշդած են ճակատագրին, կրաւորականութեան դէմ, բաոէն ու զգացումէն աւելի՝ մտածումին, մտքի խուզարկութեան վստահելով մարդ-կեանք յարաբերականութեան, հակադրութեանց ու պայքարին արտայայտութիւնը։

Իրանահայ բանաստեղծներու մեծ մասը կը շարունակէ միսթիքի եւ խորհրդասիրական խարխափումներու սահմանին մէջ պահել քերթուածը՝ մինչեւ այսօր։ Արմանտ այն քանի մը քաջերէն է, որ յաջողած են տարրականութենէ փրկել իրենց տաղերը, եւ, աոանց բոլորովին խզուելու զգացումէն, իմաստասիրել մարդկային «է»ութիւնը՝ մեկնելով իրենց ներքին խռովքներէն, բնութեան ու շրջապատի երեւոյթներէն։ Իրենց կառոյցէն անգին՝ իմաստի եւ թելադրականութեան ծիր մը ունին իր բանաստեղծութիւնները, ու ասով ալ կ՚առանձնանան «ոտանաւորային» այն տարափէն՝ որով ողողուած են ուրիշներու գործերը։

Գործեր

Խմբագրել

1974-ին, Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակին արժանացած է իր «Շքեղ մերկութեամր» խորագրուած քերթուածներու հատորը, որ հրատարակուած է Պէյրութ֊ի մէջ։ Տպագրութեան կը սպասեն «Սէր եւ Լոութիւն» անունին տակ խմբուած իր անտիպ բանաստեղծութիւնները, ինչպէս նաեւ «Սոկրատէսի մահը», «Ո՜վ բարբարոս դար» եւ «Ապրել այսպէ՞ս» պոէմները։

Ներկայիս հաստատուած է Միաց. Նահանգներ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 https://armenianweekly.com/2009/02/12/armand-1915-2008-in-remembrance-and-memoriam/
  2. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 1982։