Արմաւիրի Պատմա-ազգագրական Թանգարան


էջմիածինի պատմա-ազգագրական թանգարան, թանգարան Արմաւիրի մարզի Էջմիածին քաղաքին մէջ, ուր ներկայացուած են Արարատեան հարթավայրի՝ էջմիածնի տարածաշրջանի տեղաբնիկներու նիւթական մշակոյթը Ն.Ք. 6-րդ հազարամեակէն մինչեւ մեր օրերը։ Հնագիտական արժէքները ներկայացուած են քանի մը բաժիններու մէջ։

Արմաւիրի Պատմա-ազգագրական Թանգարան
Տեսակ պատմա-ազգագրական
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Վաղարշապատ
Տեսակ պատմա-ազգագրական
40°11′40″N 44°22′07″E / 40.1945°N 44.3685°E / 40.1945; 44.3685
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել
 
Մարդու կերպարանքով պաշտամունք

Թանգարանին մէջ կան քարէ դարէն մինչեւ ուշ միջնադար ինկած ժամանակաշրջանի հնագիտական յուշարձաններ։

Յատկանշական են հում աղիւսէ կառուցուած առանձին կլոր եւ ուղղանկիւն յատակագիծով ոչ մեծ կացարաններ, պարզունակ ոռոգման համակարգեր, բրչային հողագործութիւն, հացահատիկի խառն ցանքս։ Նեոլիթ-էնեոլիթեան ժամանակաշրջանի տնտեսութեան մէջ մեծ դեր կատարած են վանակատէ, կայծքարէ, գետաքարէ, հրաբխային խարամէ պատրաստուած գործիքները։ Յայտնաբերուած նիւթերը կը վկայեն խեցեգործութեան, ջուլհակութեան, կաշեգործութեան, խսիրագործութեան գոյութիւնը։

1970-ականներուն հնագէտ Ռաֆիկ Թորոսեանի կողմէ կատարուած ուշ նեոլիթ-էնեոլիթեան (Ն.Ք. 6-4-րդ հազ.) (Ակնաշէն, Ծաղկունք) բնակատեղիներու պեղումներու ընթացքին ձեռք բերուած են հնագիտական նիւթեր, որոնք առկայ են էջմիածնի պատմա-ազգագրական թանգարանին մէջ։

Թեղուտի վաղ երկրագործական բնակատեղի

Խմբագրել

Ռաֆիկ Թորոսեանը Թեղուտ բնակավայրը պեղած է 1965-1968-ականներուն։ Շուրջ 3,5 հեքթար տարածք զբաղեցնող յուշարձանը տեղակայուած է Քասախ գետի ձախ ափին՝ Էջմիածին-Մարգարա մայրուղիի աջ կողմը։ Բնակավայրը չէ ունեցած պարիսպ, բաղկացած եղած է կլոր յատակագիծով, աղիւսակերտ, ոչ մեծ տրամագիծով (2,6-3,6մ) կիսագետնափոր 14 առանձին կացարաններէ եւ անոնցմէ ոչ հեռու գտնուող փոքր (1-1, յմ) տրամագիծով տնտեսական պահեստահորերէ։ Տնտեսութեան մէջ առաջնային եղած է բրչային հողագործութիւնը, անասնապահութիւնը, զբաղուած են նաեւ որսորդութեամբ, խեցեգործութեամբ, կաշեգործութեամբ, ջուլհակութեամբ։

Աշխատանքային գործիքները ստեղծուած են վանակատէ, կայծքարէ, գետաքարէ, ոսկիէ ու մետաղէ։ Վայրին բնորոշ են յարդախառն ու աւազախառն, ձեռքով պատրաստուած, կարմիր, դեղնաւուն, դարչնագոյն խեցեղէն, որոնք զարդարուած են ելուստներով, միջանցիկ անցքերով, եղունգով շինուած կիսալուսնաձեւ զարդերով։ Յայտնաբերուած են նաեւ գունազարդ խեցեղէնի բեկորներ։

Վաղ պրոնզէ դարաշրջան (Ն.Ք.4-րդ հազ. երկրորդ կէս - 3-րդ հազ. առաջին կէս)

Խմբագրել

Վաղ պրոնզի դարաշրջանը աչքի կը զարնէ տնտեսութեան, նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթի վերելքով։ Զարգացած են արհեստները՝ մետաղագործութիւնը, խեցեգործութիւնը, որոնք հանգեցուցած են բնակավայրերի թիւի աճին, եւ Էնեոլիթեան բնակավայրերու տեղը առաջացած են հզօր պարիսպներով (Մեծամօր) եւ օղակուած արբանեակ բնակավայրեր, քաղաքատիպ կեդրոններ։ Զարգացած է ճարտարապետութիւնը։ Ի յայտ եկած է ճարտարապետական յօրինուածքով բնորոշուող տաճարական համալիրներ (Մոխրաբլուր), ճարտարապետութեան տարրեր՝ փողոցներ, հրապարակներ, առանձին թաղամասեր։

Տարածաշրջանին մէջ կը գտնուին հանգուցային յուշարձաններ՝ Մեծամօրը, Մոխրաբլուրը, Արագածը։ Թանգարանին մէջ ցուցադրուած պեղուած պրոնզեդարեան նիւթերը յայտնաբերուած են նաեւ այլ հնավայրերէ՝ Ֆռանգանոց, Ադաբլուր, Շրեշ բլուր, Ծաղկալանջ, Աղաւնատուն, Շահումեան, Թեղուտ, Մայր Տաճարի տարածք եւ այլն։

Միջին պրոնզէ դարաշրջան (Ն.Ք. 3-րդ հազ. երկրորդ կէս - 2-րդ հազ. առաջին կէս)

Խմբագրել

Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին նաեւ միջին պրոնզէ դարաշրջանի դամբարանային նիւթեր՝, որոնք պեղուած են Այգեշատէն, էջմիածնի պիոֆիլտրի տարածքէն, Աղաւնատնէն։ Կան նաեւ նոր ձեռքբերումներ Ակնայ լիճի դամբանադաշտի տարածքէն՝ մասնաւորապէս խեցեգործութեան գեղեցիկ նմուշներ։ Յայտնաբերուած են նաեւ երկաթեայ ապարանջանի բեկորներ, ապակիէ, սարդիոնէ եւ մածուկէ պատրաստուած ուլունքներ։

Ուշ պրոնզէ դարաշրջան (Ն.Ք.15-12 դդ.)

Խմբագրել

Պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած են ուշ պրոնզ - վաղ երկաթէ դարեան բազմաթիւ պաշտամունքային համալիրներ (Դուին, Մեծամօր, Գեղարօտ, Այգեշատէն յայտնաբերուած մահարձաններ)։ էջմիածնի պատմա-ազգագրական թանգարանի ուշ պրոնզէ դարեան նիւթերը յայտնաբերուած են Այգեշատի, Աղաւնատան, Գրամփայի, Ծաղկալանջի, Մեծամօրի, Օշականի դամբարանադաշտերէն։ 

Թանգարանին մէջ պահպանուող ժողովրդական արուեստի նմուշները

Խմբագրել
 
Երաժշտական գործիքներ

Թանգարանին մէջ ներկայացուած են վաղարշապատցիներու կենցաղին բնորոշ իրեր, գիւղատնտեսական եւ արհեստագործական մշակոյթին առնչուող նմուշներ։ Ներկայացուած լուսանկարները կ՚արտացոլեն 19-րդ 20-րդ դարերու Վաղարշապատի կեանքը, Ս. Կանայեանի գեղանկարներու շարքով ներկայացուած է հին Վաղարշապատը, դահլիճներուն մէջ վերստեղծուած են գիւղական թոնրատունը, ինչպէս նաեւ քաղաքաբնակ վաղարշապատցիի բնակելի սենեակը։ Այստեղ կարելի է տեսնել տպագրական առաջին մեքենան։ Առանձին ցուցադրութեամբ ներկայացուած են ձեռագրեր եւ հնատիպ գիրքեր։ Թանգարանը ունի 12 հազար իր։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել