Արմէն Ալչեան
Արմէն Ալպերթ Ալչեան (12 Ապրիլ 1914[1], Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 19 Փետրուար 2013[2], Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), 20րդ դարու հայ մեծ տնտեսագէտ, որ ապրած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) պատուակալ դասախօս, որ յայտնի եղած է իր նորարարական հետազօտութիւններով[3]։
Արմէն Ալչեան անգլերէն՝ Armen Albert Alchian | |
---|---|
Ծնած է | 12 Ապրիլ 1914[1] |
Ծննդավայր | Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Մահացած է | 19 Փետրուար 2013[2] (98 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ուսումնավայր |
Սթենֆորտի Համալսարան Ֆրէզնոյի Երկրորդական Վարժարան |
Մասնագիտութիւն | տնտեսագէտ, համալսարանի դասախօս, ակադեմիկոս |
Աշխատավայր | Քալիֆորնիա Համալսարան (Լոս Անճելըս) |
Անդամութիւն | Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ |
Կեանք եւ գործունէութիւն
ԽմբագրելԱլչեան ծնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ: Հայրը` Ալեքս, Աներիկայ փոխադրուած է 1901 թուականին: Իսկ մայրը` Լիլին, եղած է Ֆրեզնոյի մէջ ծնած առաջին հայ երեխան, 1889 թուականին:
Արմէն նախնական կրթութիւնը ստացած է Ֆրեզնոյի աւագ դպրոցին մէջ: Ապա համալսարանական ուսումը ստացած է նշանաւոր Սթենֆըրտ համալսարանին մէջ: Դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է 1944 թուականին: Տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակին, Հարվըրտ համալսարանին եւ Օրեկոն նահանգի համալսարանին մէջ աշխատած է իբրեւ դասախօս եւ գիտաշխատող:
Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ծառայած է օդային ուժերուն մէջ իբրեւ վիճակագրութեան վերլուծաբան: Դոկտորականը ստանալէ ետք Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ սկսած է դասախօսելու 1946-ին՝ պաշտօնապէս հանգստեան կոչուելով 1984-ին, սակայն համալսարանի իր գրասենեակը պահած է մինչեւ 2007[3]: Նոյն ժամանակաշրջանին, ան աշխատած է «Ռանտ Քորփորէյշըն» կոչուած ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ, իբրեւ գիտաշխատող Աներիկայի անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան խնդիրներու:
Ան հիմնած է քանի մը տնտեսագիտական դպրոց, աշխատած է ծախքի տեսութեան, սեփականութեան իրաւունքի, ընկերութեան տեսութեան, շուկայի կառուցուածքի, սղաճի, անգործութեան եւ շատ մը այլ մարզերու մէջ: Արդի տնտեսագիտութիւնը շատ բան կը պարտի հայ մեծ տնտեսագէտին:
Աշխատութիւններ
ԽմբագրելԱլչեան եղած է հիմնադիրը տնտեսագիտութեան մարզին մէջ «UCLA-ի աւանդութիւն» անունով ծանօթ տեսութեան: Անոր պատրաստած տնտեսագիտութեան գիրքը, իբրեւ դասագիրք, կ'օգտագործուի Քալիֆորնիա նահանգի UCLA համալսարանին մէջ: Ան Շիքակոյի տնտեսագիտութեան դպրոցի ներկայացուցիչներէն մէկն է: Ժողովրդային կամ մանր տնտեսագիտութեան (microeconomics) եւ գիներու տեսութեան մէջ իր ունեցած աւանդին համար։
Ալչեան կը համարուի 20-րդ դարու երկրորդ կէսի ամենամեծ տեսաբաններէն մէկը: Ուիլիըմ Ալէն եւ Արմէն Ալչեան համահեղինակներն են «Փոխանակութիւն եւ Արտադրութիւն» տնտեսագիտական երկին, որ իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ ամերիկեան տնտեսագիտութեան մարզին մէջ:
Հայ տնտեսագէտին «Անորոշութիւն, Եղափոխութիւն եւ Տնտեսագիտութեան Տեսութիւն» գիտական թուղթը մեծ վարկ կը բերէ իրեն:
Ալչեանի նշանաւոր երկերէն են`
- «Costs and Outputs»,
- «Economic Forces at Work»,
- «Information Costs, Pricing and Resource Unemplo՛ment»:
Նոպէլեան մրցանակի թեկնածու
Խմբագրել«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ի մէջ, 2013 -ի Փետրուար 20-ին լոյս տեսած մահագրութեան մը մէջ, Տէյվիտ Հենտըրսըն գրած է, որ մէկ օր առաջ իր մահկանացուն կնքած տնտեսագէտ Արմէն Ալչեան նկատուած է տնտեսութեան Նոպէլեան մրցանակի արժանի տնտեսագէտ մը, շնորհիւ իր բազմաթիւ ուսումնասիրւթեանց եւ յատկապէս՝ տնտեսագիտութեան դասագիրքով:
Անոր ուսանողներէն Ուիլեըմ Շարփ 1990-ին արժանացած է Նոպէլեան մրցանակին։
1996ին, Ամերիկեան տնտեսագիտական ընկերակցութեան կողմէ ան ընտրուած է իբրեւ պատուակալ գործիչ: Անոր անունով կոչուած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի տնտեսագիտութեան տեսութեան ամպիոնը։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 Brozović D., Ladan T. Hrvatska enciklopedija — LZMK, 1999. — 9272 է.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Armen Alchian (April 12, 1914 – February 19, 2013)
- ↑ 3,0 3,1 «Մահացած Է Յայտնի Տնտեսագէտ Արմէն Ալչեան»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2013-02-28։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-02-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-13