Արմէն Տիգրանեանի Անուան Երաժշտական Դպրոց

Արմէն Տիգրանեանի անուան երաժշտական դպրոց, կրթադաստիարակչական ուսումնական հաստատութիւն Երեւանի Շէնգաւիթ վարչական համայնքին մէջ։

Արմէն Տիգրանեանի անուան երաժշտական դպրոց
Տեսակ դպրոց
Հիմնադրուած է 1949
Անուանուած է Արմէն Տիգրանեան
Տնօրէն Անահիտ Գէորգեան
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
Հասցէ Երեւան, Բագրատունեաց 8ա

Պատմութիւն

Խմբագրել

1949-ին Երեւանի Շէնգաւիթ համայնքին մէջ բացուած է Սայեաթ-Նովայի անուան երաժշտական դպրոցի մասնաճիւղ, որ 1950-ին վերափոխուած է ինքնուրոյն դպրոցի եւ վերանուանուած է հայ մեծ երաժիշտ Արմէն Տիգրանեանի անունով։ Տնօրէնը եղած է Բաբգէն Սարգսեանը։ 1971-ին սկսած է դպրոցի նոր շէնքի շինարարութիւնը, որ աւարտած է 1975-ին, տնօրէն Ֆելիքս Յակոբեանի օրով։ Նոր բաժիններ բացուած է, աւելցած է աշակերտներու թիւը։

1990-ական թուականներուն, ուսուցչական անձնակազմի ուժերով եւ Սարգիս Ալաջաջեանի ղեկավարութեամբ դպրոցին մէջ ստեղծած է կամերային նուագախումբ։

1997-2001 թ. դպրոցը գլխաւորած է Ֆլորա Մարտիրոսեանը, որուն օրով վերանորոգուած է դպրոցի մեծ դահլիճը, նպաստաւոր փոփոխութիւններ կատարուած են ատակութեան համակարգին մէջ զեռուցում ունենալու համար։

2001-ին, տնօրէն նշանակուած է Սվետլանա Մուրատեանը։ Դպրոցին մէջ ուսուցիչներու երգչախումբ ստեղծուած է՝ Հէնրի Մանկասարեանի ղեկավարութեամբ[1]։

Դպրոցի շէնքի ճակատը կը զարդարէ «Երաժշտութիւն» բարձրաքանդակը (կոփածով պղինձ, 1980, 10 x 5 մ, քանդակագործ՝ Արարատ Յովսէփեան, համահեղինակ՝ Գրիգոր Գէորգեան)։

Բաժիններ

Խմբագրել

Երաժշտական դպրոցին մէջ հետեւեալ բաժինները կը գործեն՝

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել