Սանթուր (պարս․՝ سنتور), բազմալար հարուածուող նուագարան։ Հին պարսկերէնէն թարգմանաբար «սանթուր» բառը կը նշանակէ «հարիւր լար»:

Սանթուր
Տեսակ struck string instrument? եւ Հարուածային գործիքներ
Որակաւորում hammered dulcimer?
Հորնբոսթել-Զաքսի հանմակարգ 314.122-4
Ձայնանմուշ

Ծագումը եւ տարածումը

Խմբագրել

Սանթուրի նախատեսակը ծագած է Միջագետքի մէջ եւ շուտով լայնօրէն տարածուած Իրանի տարածքը: Միջագետքեան սանթուրը ունէր յունական ընկուզենիի կեղեւէն պատրաստուած սեղանաձեւ իրան եւ պողպատեայ կամ պրոնզեայ 92 լար: Անոր կառուցուածքին մէջ կ'օգտագործուէին նաեւ քարեր եւ այծի աղիքներ: Թէեւ հին պարսկերէնէն թարգմանաբար նուագարանի անուանումը կը նշանակէ «հարիւր լար», սակայն ըստ որոշ ուսումնասիրողներու՝ բառը ծագած է շումերէնէն "Sant" (հնչիւն) եւ "Ur" բառերէն, որ կը նշանակէ Ուր քաղաքի ձայնը:

Ի դէպ, շումերական այս հին քաղաքին տարածքին առաջին բնակավայրը ձեւաւորուած է Ք.Ա. 5-րդ հազարամեակի վերջաւորութեան: Որմէ ետք թափանցած է նաեւ պատմական Հայաստան, Ասորիք եւ ներկայիս Քուէյթի տարածքը:

 

Իսկ աւելի ուշ տարածուած է նաեւ Անդրկովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Այսպէս տարածուելով տարբեր երկիրներու մէջ, սանթուրը տարբեր ժողովուրդներու մօտ ենթարկուած է որոշ փոփոխութիւններու, կատարելագործուած ու զարգացած, որուն շնորհիւ յառաջացած են նուագարանի քանի մը տարբերակները՝ արտաքին տեսքի որոշ առանձնայատկութիւններով, տարբեր լարուածքով ու հնչիւնածաւալով:

Ան կը հանդիսանայ տաւիղի, չինական յանգքինի, գլաւիգորտի, քանոնի եւ եւրոպական ցիմբալի նախահայրը: Սանթուրը Եւրոպայի տարածք կը թափանցէ միջնադարուն արաբներու միջոցաւ, երբ հիւսիսային Ափրիկէէն անոնք կ'անցնին ու կը հաստատուին Սպանիա: Այս շրջանին նաեւ կը հասնի Չինաստան:

Նկարագիրը

Խմբագրել
 
1830-ին կին մը, որ սանթուր կը նուագէր:

Ունի փայտեայ տափակ եւ սեղանաձեւ իրան, որուն վերեւի կափարիչին վրայ կան ձայնադարձիչ անցքեր։ Լարերը մետաղեայ են՝ քաշուած «սեղանի» հիմքերուն զուգահեռ, ցած ձայնածաւալի մը մէջ՝ առանձին, բարձրը՝ երկանդամ եւ եռանդամ ունիսոն խումբերով։ Լարուածքը քրոմաթիկ է։ Կը նուագեն ծունկներուն դրած կամ յատուկ յենարանի վրայ դրուած, մետաղեայ կամ փայտեայ մուրճիկներով, որուն պատճառով ալ կը համարուի լարային-հարուածային նուագարան։ Սանթուրը ձայնը ընդհատող յարմարութիւն չունի, ուստի անոր զնգուն նուագը կ'ուղեկցի հարուածուող բաց լարերէն գոյացող միալար խուլ աղմուկով, եւ այդ նուագարանին թեմպրային առանձնայատկութիւնն է։ Կը գործածուի հիմնականօրէն նուագակցելու համար, քաղաքային սազանդարական, նաեւ աշուղական խումբերու մէջ։ Բուն պարսկական սանթուրը ունի երկու կամրջակ, որոնք նուագարանի համար կ'ապահովեն շուրջ երեք օկտաւ հնչիւնածաւալ: Իսկ այս գործիքին հնդկական տարբերակը աւելի լայն է եւ ուղղանկիւնաձեւ:

Հայկական սանթուր

Խմբագրել
 
Սեդրակ Երկանեան

Սանթուրը Հայաստանի մէջ գործածուած է խորհրդային տարիներուն Շարա Տալեանի եւ Վաղարշակ Սահակեանի աշուղական համոյթներուն։ Որմէ ետք երկար ատեն աւանդական հայկական սանթուրը մոռցուած էր, եւ անոր փոխարէն երաժշտական դպրոցներու մէջ ուսուցում կու տային եւ տարբեր համոյթներու ալ կը գործածուէր եւրոպական ցիմպալը, որ թէեւ տեսքով նման է հայկական սանթուրին, բայց ունի սահմանափակ ձայնածաւալ եւ աղքատիկ հնչերանգային հնարաւորութիւններ:

Հին երաժշտութեան «Տաղարան» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Սեդրակ Երկանեան կը փափաքէր վերականգնել նուագարանին հայկական տարբերակը եւ ընդգրկել համոյթի կազմին մէջ: Այդ առթիւ ան կը սկսի ուսումնասիրել միջնադարեան ձեռագրական պատկերներն ու պատկերաքանդակները, պատմական յիշատակութիւններն ու նկարագրութիւնները՝ նուագարանին տեսքին ու կառուցուածքին մասին: Հաւաքելով թէեւ խիստ կցկտուր, բայց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, ան կ'որոշէ ընդլայնել հայկական սանթուրին հնչիւնածաւալը. ան ունեցած է փոքր օկտաւի «սոլ» (շատ հազուադէպ՝ «տօ») հնչիւնէն մինչեւ երրորդ օկտաւի «ռէ» հնչիւնը: Սեդրակ Երկանեան անհրաժեշտ կը համարէ նուագարանին հնչիւնածաւալը սկսիլ եւս մէկ օկտաւ վարէն, որպէսզի անոր հաղորդէր աւելի կարեւոր դեր մը՝ համոյթի կատարումներուն մէջ:

 

Այդ առաջարկով Սեդրակ Երկանեան կը դիմէ ՀՀ Մշակոյթի նախարարութիւն, որ արտօնութիւն կու տայ եւ կը ստանձնէ նուագարանին նախագծման ու պատրաստման ծախսերը: Նուագարանը կը պատրաստէ վարպետ Ալպերթ Զաքարեանը. ան՝ հանրութեան ծանօթ էր իբրեւ պաս-քանոններ պատրաստող վարպետ: Երկար ատեն Ալպերթ Զաքարեան կ'աշխատի նախագիծին վրայ, քանի որ հնչիւնածաւալին ընդլայնումը կը պահանջէր ճարտարագիտական որոշ խնդիրներու լուծում, եւ ի վերջոյ յանձն կ'առնէ ստեղծել պաս-սանթուրը: Ան կատարեալ գործիք մըն է, որուն լարուածքը կը տարբերի Հայաստանի երաժշտական դպրոցներուն մէջ ուսուցանուող ցիմպալի լարուածքէն: Այս պատճառով անհրաժեշտութիւն կը յառաջանայ նաեւ դպրոցներու մէջ դասաւանդել պաս-սանթուր:

 

2014-էն «Տաղարան» անսամպլի կազմին մէջ կը սկսի հանդէս գալ հայկական պաս-սանթուրը: Անսամպլի նախկին սանթուրահար Թեհմինէ Ճէրէճեանը, որ երկար տարիներ ցիմպալ նուագած էր, կը նկատէ, որ միեւնոյն ստեղծագործութիւնը երկու նուագարաններէն իւրաքանչիւրով կատարելով՝ տարբեր լուծումներ կը գտնէ. պաս-սանթուրը մեղեդիին կը հաղորդէ նոր հնչերանգներ, բայց ունկնդիրին կը փոխանցէ բոլորովին այլ զգացողութիւններ: 2015-էն համոյթին սանթուրահարն է Քրիստինէ Մնացականեանը:

Ներկայիս մասնագէտ սանթուրահարները իրենց կրթութիւնը կը ստանան երաժշտանոցին ազգային նուագարաններու համապատասխան բաժինի մէջ, ուր դասաւանդած է անուանի երգահան եւ մանկավարժ Խաչատուր Աւետիսեանը, այնուհետեւ՝ առաջին շրջանաւարտ Դաւիթ Պեկլարեանը, ներկայիս՝ Գրիգոր Ոսկանեանը: Բաժինը աւարտած են իրենց փայլուն կատարումներով աչքի ինկած երաժիշտներ՝ Սամուէլ Թորոսեանը (նաեւ տհոլ), Սարգիս Պետրոսեանը, Եպրաքսեայ եւ Աղաւնի Յովակիմեանները, Հայաստան Աբրահամեանը, Քրիստինէ Աւագեանը եւ ուրիշներ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Farrokh, Kaveh (2007). Shadows in the desert: ancient Persia at war (1. publ. in Great Britain ed.). Oxford, UK: Osprey.
  • Sarami, Mansur. "Santur Master". Old School Santur player. Archived from the original on 2006-05-02.
  • Al-Hanafi, Jalal (1964). Al-Mughannūn al-Baghdādīyyūn wa al-Maqām al-ʻIrāqī. Baghdad: Wizarat al-Irshad.
  • Habib Hassan Touma (1996).The Music of the Arabs, trans. Laurie Schwartz. Portland, Oregon: Amadeus Press. 0-931340-88-8.
  • Children's Book of Music'978-0-7566-6734-4

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։