Արուսեակ (անձնանուն)

Արուսեակ, հայկական իգական անուն։ Յառաջացած է Վենիւս մոլորակի հայերէն՝ Արուսեակ ձեւէն։ Արաբերէնի մէջ՝ (zuhra), իսկ պարսկերէնի մէջ (nāhīd)։ Այս մոլորակի անուանումները եւս դարձած են իգական անձնանուններ։ Հազուադէպ գործածուած է 9-րդ դարուն, այնուհետեւ 19-րդ դարէն սկսած է յաճախ օգտագործուիլ։ Անուան կրճատուած տարբերակն է Արուս։[1]

Արուսեակ
Տեսակ Իգական անուն եւ անձնանուն
Սեռ Իգական
Ծագում
Ծագման լեզու Հայերէն
Գիր Հայերէնի Այբուբեն
Անուան այլ ձեւեր
Փաղաքշական ձեւեր Արուս
Կապուած յօդուածներ «Արուսեակ» սկսող էջեր

Գործածութիւններ Խմբագրել

  • Արուսեակ, Մուշեղ Բագրատունիի դուստրը, պարսիկ իշխան Սեւադայի կինը, որ միանալով Սմբատ սպարապետի եւ Սիւնեաց Սահակ իշխանի հետ, ապստամբեցաւ արաբներու դէմ՝ Հայաստանը եւ Պարսկաստանը անոնց լուծէն ազատելու համար։[2]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Հրաչեայ Աճառեան, Հայոց Անձնանունների Բառարան, հ. Ա., Երեւան, էջ 301։
  2. Յհ․ կթ․ իե․ Օրբ․ լզ․