Արտաշէս Դ. (ծն. եւ մահուան թթ. անյայտ), Հայոց թագաւոր 422-428–ին։ Հայ Արշակունի հարստութեան վերջին ներկայացուցիչը, Վռամշապուհ թագաւորի որդին։ Սասանեան թագաւոր Վռամ Ե., երկիւղելով հայ նախարարներէն, վարած է զուսպ, հանդուրժող քաղաքականութիւն եւ նախարարներու խնդրանքով պարսկական գերիշխանութեան ներքեւ գտնուող Մեծ Հայքի մէջ թագաւոր նշանակած Արտաշէս Գ.–ին։ Սակայն Վռամ Ե. կամեցած է վերացնել Հայոց թագաւորութիւնը, Մեծ Հայքը կցած Պարսկաստանին, ամրապնդած տերութեան սահմանները՝ ընդդէմ Բիւզանդիոնի։

Արտաշէս Դ.
Ծնած է 404
Մահացած է 430
Քաղաքացիութիւն  Սասանեան Պարսկաստան
Մասնագիտութիւն գերիշխան
Վարած պաշտօններ Հայոց արքայ[1]
Ծնողներ հայր՝ Վռամշապուհ

Ըստ հայ մատենագիրներու, Արտաշէս Դ. անփորձ ու զեխ ըլլալով կեանքի հակուած պատանի, հարուցած է նախարարներու դժգոհութիւնը։ Անոնք Վռամէն պահանջած են գահազրկել Արտաշէսին։ Վռամը Տիզբոնի մէջ դատական ատեանի կանչած է Հայոց թագաւորին եւ կաթողիկոսին։ Արտաշէսը թէեւ հերքած է իր դեմ հարուցած ամբաստանութիւնները, բայց գահազրկուած է։ Հայաստանի մէջ վերացաւ Արշակունեաց թագաւորութիւնը։ Հայաստանը դարձած է մարզպանութիւն, եւ բռնագրաւուած են Արշակունեաց արքունի գանձերը։

  1. Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.