Աւգեր Հ. Յովնան Վենետկոյ Մխիթարեն, լեզուագէտ, բանասէր, ծնած է Գաղատիա 3 Հոկտեմբեր 1877-ին, տարրական ուսումը ծննդավայրին մէջ կատարելէ ետք՝ տասնամեայ Վենետիկ կ’երթայ Ս. Ղազարու վանքին մէջ աշակերտելու Հ. Ստ. վրդ. Սարեանի: Աշակերտութեան շրջանին մեծ յառաջդիմութիւն ցոյց կու տայ ուսման զանազան մարզերուն մանաւանդ լեզուագիտութեան մէջ: 1895-ին ուխտերը կատարելով կ’անդամակցի Միաբանութեան:

Աւգեր Հ. Յովնան
Ծնած է 3 Հոկտեմբեր 1877(1877-10-03)
Ծննդավայր Գաղատիա
Մահացած է անհայտ
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, բանասէր
Աշխատավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան
Բազմավէպ

1899-ին Կիւղեան Արքեպիսկոպոսէն քահանայ կը ձեռնադրուի եւ այդ օրէն կը սկսի իր հասարակական եւ գրական կեանքը:

Վանքին աշակերտներուն կը դասախօսէ հայերէն, գրականութիւն եւ Հայոց պատմութիւն, յետոյ կ’անցնի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը՝ ուսումնապետի պաշտօնով (1902-1905), այդ ատեն է (Հ. Սարեանի տեսչութեան օրով) որ Հ. Աւգերի ջանքերով Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը կ’արդիանայ եւ աշակերտներու թիւը չափէն աւելի կը բարձրանայ:

Հ. Աւգեր, իր մէջ յատուկ ձգտում մը զգալով լեզուներու՝ կ’աշակերտի լեզուագէտ եւ հայագէտ Էմիլիոյ Գեզայի, եւ ապա կը կատարելագործէ լեզուական ուսումը նախ Մոնագոյի եւ ապա Պերլինի համալսարաններուն մէջ: Կը վարէ Բազմավէպի խմբագրութիւնը (1912-1915), ստորագրելով նախապատմական Հայաստանի շրջաններու եւ եկեղեցական նիւթերու վերաբերմամբ բազմաթիւն հմտալից յօդուածներ, յատկապէս բանասիրական դեռ մինչեւ այսօր: Կարճ ժամանակի համար (1916-1917) կը կարգուի վերակացու նորընծայարանի ու ապա մատենադարանապետ: Իսկ յետին տարիներս (1919-1929) կը վարէ Միաբանութեան Ընդհանուր Քարտուղարի պաշտօնը եւ հուսկ 1929-ին կ’ընտրուի Ընդհանուր Աբբայ Մխիթարեան Ուխտին վարելով զայն վեց տարիներ:

Հ.Աւգեր անոնցմէ է՝ որոնք աւելի կ’ամբարեն՝ քան կ’արտադրեն: Գրական կեանքին մէջ մասնակցած է Բազմավէպի, Գեղունիին: Առանձին հատորով հրատարակած է Հայ եկեղեցւոյ ժամագրքին լատիներէն թարգմանութիւնը: Դեռ անտիպ կը մնայ Շարակնոցի լատիներէն թարգմանութիւնը: Գրած է «Համառօտ գրականութիւն» մը եւ «Համառօտ վարք Մխիթեր Աբբահօր»:

Հ. Աւգեր՝ վանք այցելող օտարականներու հիւրընկալը եղած, հայ անցեալի մասին անոնց տեղեկութիւններ տալով մեր ազգը ծանօթացուց անոնց:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 322: