Աւետիս Երէցեան
Աւետիս Երէցեան, Վերապատուելի (1840 կամ 1841, Եվդոկիա, Սեբաստիայի նահանգ - 18 նոյեմբերի, 1895, Կեսարիա), հայ բժիշկ, քարոզիչ, ուսուցիչ։
| |
Ծննդավայր | Եվդոկիա, Սեբաստիոյ նահանգ |
Մահացած է | 18 Նոյեմբեր 1895 |
Մահուան վայր | Կեսարիա, Թուրքիա |
Կրթութիւն | Փենսիլվանիոյ համալսարան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կոչում | Վերապատուելի |
Ծնած է 1840 կամ 1841 թուականին Սեբաստիոյ նահանգի Եվդոկիա գաւառի կեդրոն՝ Եվդոկիա քաղաքի մէջ։ 1951 թուականին, զրկուելով ծնողներէն, որբ մնացած է։ 1851-55 թուականներուն ուղարկուած է Մարզուան։ Նախնական կրթութիւն ստացած է տեղի վարժարանին մէջ՝ քահանայ պապի մօտ։ 1855-60 (62) թուականներուն (այլ տուեալներով՝ 1848 թ.) ուղարկուած է Կ. Պոլիս եւ (12 տարի) ուսանած է Կ. Պոլսոյ մերձակայ Պեպեք գիւղին մէջ՝ ամերիկացի միսիոնէ, վերապատուելի դոկտոր Սայրուս Համլիի հիմնած ու տնօրինած վարժարանին մէջ։ 1860 (62)-69 թուականներուն գործակցելով ամերիկացի միսիոներու հետ՝ դասախօսութիւններով ու քարոզչութեամբ ճամբորդած է Անատոլիոյ զանազան կողմերը՝ Կեսարիա, Զմիւռնիա, Մանիսա եւ այլուր։ Կեսարիոյ միսիոներ Չարլզ Ֆարնուրթը դոկտոր Համլիէն երկու օգնական խնդրած է ու վերջինս ուղարկած է պատուելի Քերովբէ Եագուպեանին ու քարոզիչ Աւետիս Երէցեանին։ Մի քանի տարի ծառայելով միսիոներներու ձեռքին տակ՝ ուսուցիչութեան պաշտօն վարած է Կեսարիոյ եւ շրջակայ բնակավայրերուն մէջ։ Միաժամանակ երբեմն հանդէս եկած է իբրեւեւ քարոզիչ։
1867 թուականին ամուսնացած է եւ կնոջ հետ տեղափոխուած՝ Զմիւռնիա, եւ երկու տարի աշխատած է Զմիւռնիոյ ամերիկեան միսիոներական դպրոցէն ներս։ 1869 թուականին հեռացած է ամերիկեան միսիոներական կազմակերպութենէն։
1869 թուականին՝ վերադարձած է Կեսարիա, նպատակ ունենալով կնոջն այդտեղ ձգել ու քրոջ հրաւէրով մեկնած ԱՄՆ` բժշկութիւն ուսանելու։ Սակայն շուտով հրաժարած է այդ միտքէն։
1870 թուականին՝ Կեսարիոյ մէջ, իր աշակերտներու խնդրանքով հիմնած է 100-150 անդամ ունեցող «Լուսաւորչեան ընկերութիիւնը», դարձած է անոնց հոգեւոր առաջնորդն ու իւրաքանչիւր Կիրակի քարոզած։ Ընկերութիւնը, Զամպաքճեաններէն վարձած տան մէջ, բացած է աղքատ տղաներու դպրոց, ուր դասաւանդած է Երէցեանը։ Տունը Կիրակի օրերուն ծառայած է որպէս քարոզներ կատարելու լսարան։ Շուտով Օսմանեան կառավարութիւնն ու հայ ազգային կազմակերպութիւնները հալածած են ընկերութիւնն ու փակած։ Աւետիս Երէցեանը եւ ընկերութեան որոշ անդամներ, ձերբակալուած են եւ մի քանի օր տեւած քննութենէ ետք արձակուած։ Որոշ ժամանակ անց Երէցեանը մեկնած է Կ. Պոլիս եւ ընկերութիւնը «Ուսումնասիրաց ընկերութիւն» անուան տակ վերաբանալու կոնդակ ստացած է Մկրտիչ արք. Խրիմեան պատրիարքէն։
1873 թուականին Ուսումնասիրաց ընկերութեան նիւթական օգնութեամբ մեկնած է ԱՄՆ՝ քարոզչութիւն ընելու եւ բժշկութիւն սորվելու։ 1874-77 թուականներուն սորված է Փենսիլվանիոյ համալսարանի (Ֆիլատելֆիա) բժշկական բաժին, ստացած է բժշկի վկայական։ Աւարտաճառը, առ այսօր, պահուած է Փենսիլվանիոյ համալսարանէն ներս։
1877 թուականին վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ հաստատուած՝ Պահչէ պաշը թաղամասին մէջ։ Կ. Պոլսոյ մէջ շարունակած է հանդէս գալ որպէս աւետարանական հայերու քարոզիչ եւ կիրակնօրեայ պերճախօս քարոզներ կատարելով՝ հոգիներու փրկութեան կամ դաւանափոխութեան համար։ Միաժամանակ աշխատած է որպէս բժիշկ եւ անձնուիրաբար բուժած՝ մարմնային հիւանդութիւններով տառապող, տարբեր ազգերու պատկանող ու տարբեր կրօններ դաւանող համաքաղաքացիներուն։
Չնայած չարախօսութիւններուն, զրպարտանքներուն ու հալածանքներուն՝ ընկերութիւնն արագօրէն զարգացած ու տարածուած է։ Խոլերայի համաճարակի ժամանակ գերմարդկային ջանքեր գորշադրելով՝ քաղաքը փրկած է կործանումէ, որուն համար արժանացած է պատուանշանի, որ երբեք չի կրած։
1883 թուականին կրկին ձերբակալուած է եւ ուղարկուած՝ Անքարա քաղաքի բանտը։ Բանտէն ներս նահանգապետի հարցաքննութենէն յետոյ ազատ արձակուած է։ Անքարայի մէջ ծանօթացած է եւրոպական երկրներու հիւպատոսներու հետ, որոնք անոր հորդորած են մնալ այդտեղ 200 ոսկի տարեթոշակով։ Սակայն մերժած է անոնց եւ տեղափոխուածէ Կեսարիա՝ ծառայելով 84 ոսկի տարեթոշակով։
1887 թուականին Ուսումնասիրաց ընկերութեան անդամներու թիւը հասած է 500-ի եւ այն վերածուած է աղանդի, որ իրեն կոչած է Լուսաւորչականութիւն, մինչդեռ ուրիշներու կողմէն կոչուած է Աւետիսականութիւն։ Աղանդը նաեւ աղջիկներու ու տղաներու դպրոցներ բացած է։
Բժիշկ-քարոզիչը՝ իր պարզակեաց, ազատամիտ, ողորմասէր ու հեզահամբոյր նկարագրով մեծ ազդոցութիւն ունեցած է կեսարացիներու բարոյական կեանքի վրայ, անձնապէս կիրառելով իր նշանաբանը՝ «Վաճառական ըլլալով դրամ վաստակելէն, ազգի բարոյականը բարձրացնելով, հոգիները շահիլը նախամեծար է»։
1895 թուականին Փոքր Հայքի մէջ տեղի են ունեցել խլրտումներ եւ Օսմանեան կասրութեան համար հայերը կասկածելի դարձուցած են։ 1895 թուականի Նոյեմբերին՝ տեղի ունեցած Կեսարիոյ հայկական ջարդերու ժամանակ, մասնակցած է ինքնապաշտպանական մարտերուն եւ փրկած շատերու կեանքը։ 1895 թուականի Նոյեմբեր 18-ին շարունակուող ջարդի ժամանակ, թուրք խուժանը հրդեհած է բժշկին տունը ու 55-ամեայ բժիշկն իր կնոջ, 20-ամեայ որդիին ու աներորդիի հետ նահատակուած է։ 1896 թուականի Յունուարին, անոր մասունքները թաղուած են Կեսարիոյ Ս․ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ։
Հրդեհէն հրաշքով փրկուած են Երէցեանի երեք դուստրերը եւ միւս որդին։ Դուստրերէն՝ Ռոզինը, 1910 թուականին Նիւ Եորքի մէջ ամուսնացած է Պարսկաստանի հիւպատոս Հ. Թոփագեանի հետ։
Աւետիս Երէցեանի ճոխ գրադարանն ու տպագրելու ենթակայ մեծ քանակութեամբ (8-10 հատոր) կրօնական քարոզները, բժշկական ու գիտական ձեռագրերն ամբողջութեամբ հրոյ ճարակ դարձուցած են՝ 1895 թուականի Նոյեմբեր 18-ին։
Աւետիս Երէցեանի գործը «ԻնՃիլ Ճէմիէթ»-ի («Աւետարանի միութիւն») անուան տակ Կեսարիոյ մէջ շարունակուած է մինչեւ 1915 թուական։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Պոտուրեան Մկրտիչ, Հայ հանրագիտակ, Պուքրէշ, 1938։
- Ալպօյաճեան Արշակ, Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց, Գահիրէ, 1952։
- Ալպօյաչեան Արշակ, Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, հ. 1-2, Գահիրէ, 1937։
- Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամներ), Պոսթըն, 1957։
- Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Ե. տարի, Կ. Պոլիս, 1911, Բ. տպագրութիւն, Հալէպ, 2008։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։