Բարշամին
Բարշամին (Barshamin, Barsamin, բառացիօրէն՝ երկինքի որդի), գերեվարուած աստուած մը՝ Մեծն Տիգրանի կողմէ:
Բարշամին |
---|
Բարշամինի բուն անուանաձեւը Բաալշամեմ էր: Արեւմտեան սեմական ժողովուրդներու երկինքի եւ արեւու աստուածն էր, որուն պաշտամունքը տարածուած էր Ասորիքի մէջ մինչեւ Ե. դար։
Բարշամին Հայաստանի մէջ
ԽմբագրելՀայ աւանդութեան մէջ հանդէս եկած է ասորիներու աստուած Բարշամը (որ կը սպաննուի Արամին Ասորեստանի դէմ մղած պատերազմի ատեն եւ հետագային ասորիներուն կողմէ կ'աստուածանայ), որմէ հայոց նախնի Վահագնը յարդ կը գողնայ, իսկ անոր ձգած յարդի հետքերը կը կազմեն Յարդագողի ճանապարհը երկինքին մէջ։
Ան հայերուն հակառակորդն էր: Ըստ Մովսէս Խորենացիի, հնագոյն ժամանակներուն, Բարշամին եղած է հայոց Արամ նահապետի հակառակորդը: Հետագային, երբ Մեծն Տիգրան Միջագետքը կը նուաճէր, կը գտնէ Բարշամինին փղոսկրէ ու բիւրեղէ կազմուած, արծաթապատ արձանը, զոր կը հրամայէ տեղափոխել եւ կանգնեցնել Դարանաղի գաւառի Թորդան աւանին մէջ, տեղ տալով հայոց դիցարանին մէջ:
Բարշամինը այդ օրերուն կը համադրուի Միհրի հետ եւ իր անունը կը յիշուի եօթը գլխաւոր աստուածներուն կողքին[1]: Յայտնի չէ, թէ սեմական վայրը աստուածութիւնը ի՞նչ գործառոյթ ունեցած է հայոց դիցարանին մէջ,:
Անոր հրաշափառ արձանն ու պաշտամունքի վայրը հետագային հեթանոսական այլ սրբավայրերու հետ կործանուած է Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ[2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «50 Տարի Առաջ (27 Յուլիս 1966) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-11-23
- ↑ «ՀԻՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐԸ, ԿՐՕՆԸ, ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔՆ ՈՒ ԴԻՑԱՐԱՆԸ», ՍԱՐԳԻՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ, էջ 46-47։