Բիւզանդ Ալլահվէրտի

Բիւզանդ Ալլահվէրտի (15 Մայիս 1895(1895-05-15), Կեսարիա, Թուրքիա - անհայտ), բժիշկ, որդի Կեսարացի Յակոբի:

Բիւզանդ Ալլահվէրտի
Ծնած է 15 Մայիս 1895(1895-05-15)
Ծննդավայր Կեսարիա, Թուրքիա
Մահացած է անհայտ
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Կեսարիա 1895 15 Մայիսին: Նախնական ուսումը ըրած է Զմիւռնիոյ եւ Կեսարիոյ Ազգային վարժարաններուն մէջ. Միջնակարգ ուսումը՝ Կեսարիոյ «Միացեալ» ուսումնարանի երկրորդական վարժարանի մէջ, ապա նոյն քաղաքին Ս. Կարապետ վանքի Բարձրագոյն վարժարանէն վկայուած 1913-ին: Այդ տարին Պոլսոյ բժշկական վարժարանը մտնելով 1918-ին վկայական կը ստանայ եւ կը մասնակցի ընդհ. Պատերազմին ենթասպայի աստիճանով:

Ընդհ. Պատերազմէն ետք (Նոյեմբեր 1918) Պոլիս կը հաստատուի, բժշկութեամբ կը զբաղի Գատըգիւղի մէջ. Միեւնոյնը պաշտօնավարելով Ֆրանսական հիւանդանոցը՝ մինչեւ իր Պուլկարիա մեկնումը (Նոյեմբեր 1922). կը հաստատուի Վառնա, կը սորվի տեղական լազուն, Տօքթ. Ալլահվէրտի եւ պետական քննութեամբ՝ Բիւզանդ իրաւունք կը ստանայ Պուլկարիոյ մէջ բժշկութիւն ընելու: 1934-ին Փարիզի մէջ կը հետեւի ներքին հիւանդութեանց, մասնաւորապէս կ’ուսումնասիրէ սիրտի ու թոքերու հիւանդութիւնները:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Ա, էջ 67: