Գաբրիէլ Մոլոյեան

Գաբրիէլ Մոլոյեան (ծնած է 1933 Պէյրութ, Լիբանան): Լրագրող, խմբագիր՝ «Արարատ» օրաթերթի, «Արարատ» գրական ամսագրի եւ «Մասիս» շաբաթաթերթի: 25 տարի եղած է Դամասկոսի Ս. Թարգմանչաց եւ Պէյրութի Ազգային Սահակ Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցիչ եւ փոխ-տնօրէն: Եղած է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Ա. եւ Մ. Յովսէփեան» ազգային վարժարանի հիմնադիր անդամներէն մէկը:

Գաբրիէլ Մոլոյեան
Ծնած է 30 Յունուար 1933
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Կարողութիւն «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւն եւ «Ա. եւ Մ. Յովսէփեան» ազգային վաժարանի հիմնադիրէն, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան ատենապետ
Մասնագիտութիւն հայագիտութիւն
Աշխատավայր Լրագիր, խմբագիր, ուսուցիչ, վարժարանի փոխ-տնօրէն
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գաբրիէլ Մոլոյեան ծնած է 30 Յունուար 1933, Պէյրութ, Լիբանան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան[1] Անթիլիասի դպրեվանքը յաճախելէն յետոյ, Լիբանանի «Սեն Ժոզէֆ» համալսարանի հայագիտական դասընթացքներուն հետեւած է: Հետագային նշանակուած է փոխ-տնօրէն Պէյրութի Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանին եւ ծառայած այդ պաշտօնին մէջ 25 տարի շարունակ:

1954 թուականին Պէյրութի մէջ, իսկ 1977 թ.-ին՝ Լոս Անճըլըսի մէջ խումբ մը ընկերներու հետ հիմնած է «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը[2]։ Աւելի քան 30 տարի եղեր է նոյն միութեան վարչութեան անդամ եւ ատենապետ:

Այժմ Կլէնտէյլի մէջ կառուցուող Հայ-Ամերիկեան թանգարանի համահայկական տնօրէններու խորհուրդի անդամ է:

Խմբագիր

Խմբագրել

Մոլոյեանը աշխատած է որպէս լրագրող եւ խմբագիր «Արարատ» օրաթերթի, «Արարատ» գրական ամսագրի եւ «Մասիս» շաբաթաթերթի:

Ուսուցչական ասպարէզ

Խմբագրել

Միջազգային երիտասարդական փառատօներու ժամանակ գլխաւորած է լիբանանահայ երիտասարդական պատուիրակութիւնները: 25 տարի եղած է Դամասկոսի Ս. Թարգմաչաց եւ Պէյրութի Ազգային Սահակ Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցիչ եւ փոխ-տնօրէն:

«Ա. եւ Մ. Յովսէփեան» դպրոցի հիմնադիրը

Խմբագրել

Ներգաղթելով Միացեալ Նահանգներ, Գաբրիէլ Մոլոյեան շարունակած է իր նուիրեալ գործունէութիւնը հայ կրթութեան բնագաւառէն ներս:

1983-2005 թուականներուն եղած է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Ա. եւ Մ. Յովսէփեան» ազգային վաժարանի հիմնադիր անդամներէն մէկը եւ հոգաբարձութեան անդամ:

Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան շրջանի հիմնադիր եւ «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր անդամ

Խմբագրել

1977 թուականին եղած է Գալիֆորնիոյ Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան շրջանի հիմնադիրն ու առաջին ատենապետը: 1980 թուականէն մինչեւ օրս Լոս Անճըլըսի մէջ տպագրուող «Մասիս» շաբաթաթերթի[3] խմբագրակազմի անդամ է:

Ներկայիս Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի վարիչ մարմնի ատենապետն է[4]:

Շքանշան

Խմբագրել

«Նոր Սերունդ» մշակութային միության հիմնադրման 50-ամեակին իր մատուցած ազգային, տասնամեակներ շարունակ իր համայնքին կատարած մշակութային եւ կրթական ծառայութիւններու համար, 2005 թուականին Մոլոյեանը արժանացեր է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի կոնդակին եւ «Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին[5]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն» 
  2. «Նոր սերունդ մշակութային միութիւն (Կլէնտէյլ)» (հայերեն)։ 2018-01-06 
  3. «Armenian News By MassisPost | Հայերեն»։ massispost.com (en-US)։ արտագրուած է՝ 2018-11-18 
  4. «Լոս Անճըլըսի հայ պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցեր է Գերմանիոյ պաշտօնատար անձանց հետ - ankakh.com»։ www.ankakh.com (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-11-29-ին։ արտագրուած է՝ 2018-11-18 
  5. «echmiadzin.asj-oa.am» 

Աղբիւրներ

Խմբագրել