Գարեգին Պէշկէօթիւրեան

Գարեգին Պէշկէօթիւրեան (1867, Խարբերդ - 1891 ), հայ բանաստեղծ։

Գարեգին Պէշկէօթիւրեան
Ծնած է 1867
Ծննդավայր Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1891
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1867-ին Խարբերդի մէջ բողոքական ծնողքէ: Մանուկ տարիքին կորսնցուցած է ծնողքը եւ ծեր հաւուն քով անցուցած է իր որբութեան առաջին տարիները։ 1873-ին, հազիւ վեց տարեկան, կը սկսի յաճախել տեղւոյն ամերիկեան միսիոնարաց վարժարանը, ուր կը լրացնէ իր ուսումը տարիներու շրջանին մէջ՝ մեծ յաջողութեամբ ուսանելով բացի մայրենի լեզուէն նաեւ անգլերէն լեզուն եւ այդ լեզուով իսկ լափելով Անգլիական գրականութեան գլուխ գործոցները՝ Համլէթը, Մաքպէթը, ինչպէս նաեւ Օսքարի եւ Չայլտ Հարօտլի հեղինակութիւնները։ Ընթացաւարտ ըլլալէն յետոյ չէ բաժնուած իր սիրական վարժարանէն ու իբրեւ ուսուցիչ քանի մը տարի պաշտօնավարած է, ունենալով ձեռնասուն աշակերտներ։ Իր ընտանեկան պայմանները ու գաւառի կեանքը մղած են զինքը բանաստեղծութեան ու գրած է «Սրինգ»ը, «Վհատութիւն»ը եւ այլ քերթուածներ։ Նաեւ 14 տարուան աշխատութեամբ մը կատարելագործած է արուեստագէտի մը աստիճան իր երգեհոն ու սրինգ նուագելու կարողութիւնը։ 1891-ի Յունիսին, դեռ երիտասարդ, թոքախտի անողոք ճիրաններէն չկրնար խուսափիլ ու իր ցաւոտ կեանքը կը վերջացնէ Խարբերդի գերեզմանատան մէկ անկիւնը։

Ռուբէն Որբերեան գեղեցկապէս ի վեր հանած է հէգ բանաստեղծին կեանքը հետեւեալ տողերով.

  Անտես, խամրելու սահմանուած ծաղիկ մըն էր Գարեգին Պէշկէօթիւրեան, որ իր ետեւէն արցունքի հետ խառնուած տխուր հետք մը թողած է, լացի երկար յիշատակ մը՝ որբութեան գրկէն մինչեւ գերեզմանին ծոցը։ Տառապեալ հոգի մը որ բաղեղին պէս հողէն ծնաւ,- քանզի Գարեգին դեռ նոր կը սկսէր ճանչնալ իրերն ու մարդիկը՝ եւ ծնողքին տեղ հողը ցուցուցին իրեն-, ծլեցաւ ու մեծցաւ եւ նորէն հող դարձաւ։ Անձրեւը կը ջնջէ տարաբախտ բանաստեղծին գերեզմանը, որուն վրայ յիշատակի քար մը իսկ չկայ։ Եւ ինք արդէն անծանօթ, մոռցուած․․․։

Հիմա որ այս տողերը կը գրեմ, մտքիս մէջ զարթնումի նման բան մը տեղի կ՛ունենայ որ զիս անցեալի ստուերներուն մէջ պտտցնելով, ինծի կը մատնանշէ դժբաղդ երիտասարդը՝ գռուզ խարտեաշ մազերով, կարմրուկ մօրուքով եւ երազուն ակնարկով՝ որ կը պտտի իր ծնողքին գերեզմանին շուրջը, կամ կը ծռի երգէոնին վրայ, լալու կամ երգելու համար։

1867-ին առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Գարեգին բողոքական ծնողքէ։ Սակայն շատ չանցնիր, անողոք հիւանդութիւնը իր մանուկ, մատղաշ թեւերուն մէջ կը տանի ծնողքը, հողը կը տանի զանոնք, ու խեղճ մանուկը կը ստիպուի իր ծեր հաւուն քով կենալ։ Կը մեծնայ միայնասէր ու տխուր, եւ իր այդ զգացումները ճարակ կը գտնեն այն անձայն, ամայի եւ ապառաժուտ կողերուն վրայ՝ որոնք Խարբերդի հիւսիսային կողմը դէպ ի վեր կ՛երկարին, ամպերու մէջ ցից գագաթներ սահեցնելով։

Վեց տարեկան հասակին կը սկսի դպրոց յաճախել, եւ իր կրթութիւնը ամերիկեան միսիոնարաց դպրոցին մէջ կ՛առնէ։ Իր ուսուցիչներուն վկայութեան համեմատ, Գարեգին՝ դպրոցին դասերը փայլուն յաջողութեամբ կը պատրաստէր։ Հաւասարապէս կ՛ուսանէր մաթեմաթիքական չոր գիտութիւնները։ Շատ ալ կը սիրէր Անգլիերէն լեզուն, որ իր սուր ու եռանդուն երեւակայութեանը առջեւ կը պարզէր Համլէթի, Մաքպէթի, Օսքարի եւ Չայլտ հարօլտի նման գրական ու բանասեղծական աննման գոհարներ, զորս ամէն տարբեր հիացումով դիտած են։ Ստոյգ չեմ գիտեր թէ որ թուականէն սկսաւ, այլ սաչափ կը յիշեմ թէ Պէշկէօթիւրեան տասնըչորս տարի անընդհատ երգէոն զարնելու աշխատեցաւ, եւ ճշմարիտ արուեստագէտի հրաբորբոք խանդովն ու անսահման եռանդով հետապնդեց իր արուեստագէտի իտեալը, որուն համար «շատ հեռու է ինձմէ» կը մրմնջէր։

Հոս է որ կ՛երկճիւղի արուեստագէտը, եւ երկու տարբեր հոգիներ ի յայտ կուգան մէկ անձի մէջ, դաշնակահարը եւ բանաստեղծը, քնարն ու երգը։ Սակայն այդ երկուքը կը միացնէր իր անձին վրայ այնքան սուրբ յոյզերով եւ այնքան խորհրդաւոր կապերով, որոնց գաղտնիքին՝ ճշմարիտ արուեստագէտը միայն կրնայ թափանցել։ Ամէն տեղ, ամէն պարագայի մէջ, քնար էր ու երգ, երգ էր ու հառաչ։ Իր ճարտար ու դիւրաշարժ մատները հմայքով մը, դիւրութեամբ մը մերթ երգէոնը գեղջուկ հովուուհիի մը կը փոխարկէին՝ որ արեւելեան ամէնէն սրտաճմլիկ շեշտերով իր սիրականին մահը կը վայէր, եւ մերթ խորունկ փողի մը որ քայլերգ մը կը հնչէր։ Իր երաժշտական տաղանդը բազմիցս գնահատուած է, եւ շատերէ։

Քնարերգակ բանաստեղծ մըն էր Պէշկէօթիւրեան, այն բանաստեղծերէն զորս գաւառի վճիտ երկինքը միայն կրնայ արտադրել։ Կը գրէր շարունակ եւ կը քաջալերէր ուրիշներն ալ որ գրեն։

Իր ճշմարտապէս բանաստեղծական կեանքը որ ծնողքին գերեզմանին քով կ'աճէր եւ երգէոնին կ՛երկրպագէր, իրեն շատ ներշնչումներ կու տար գրելու, արտադրելու։ Կը յառէր շարունակ այն բանաստեղծական տեսարանին որ Խարբերդի առջեւ կը պարզուի, կը սեւեռէր այն բանաստեղծական կապոյտին որ քաղքին վերեւը կը տարածուի, եւ իր մելամաղձիկ հոգին կը յուզուէր ու կ՚արտասուէր այն գերեզմանին վրայ ուր իր ծնողքը թաղուած էին։ 1889-ի վերջերը թոքախտով կը բռնուի հէգ երիտասարդը,- ծնողքին իրեն թողած միակ ժառանգութիւնը։ Կը տեսնէի որ կը հիւծէր հետզհետէ, արիւն կը թքնէր։ Օր մը՝ «ա՛լ բարեկամներս կը խորշին իմզէ», ըսաւ սոսկալի մեղմութեամբ մը։ Քանի մը օր վերջ չը կրցաւ գալ դպրոց՝ ուր չորս տարիէ ի վեր կը դասախօսէր։ Անկողնի մէջ արտադրեց իր վերջին գործը ՝ «Սրինգը»ը։ Եւ անկողնին մէջ պառկած՝ Գարեգին կը տեսնէր որ սրտին յոյսերը մութին մէջ կ՛անհետանան մէկիկ մէկիկ, ու կը սպասէր մահուան որ արդէն սկսած էր զինքը լափել։ Երգէոնը իր քովը բերել տուած էր։ Վերջին անգամ ժամուկէսի չափ այս տողերը գրողը օգնեց, եւ Գարեգին զարկաւ երգէոնը՝ մէկուն պէս որ ա՛լ պիտի բաժնուի իր սիրականէն։ Վերջին շեշտերը որոնք Գարեգինի մէկ հառաչին հետ սահեցան, միշտ կը կրկնուին սրտիս մէջ՝ որ այդ մելամաղձիկ հոգին յիշեմ։

Մահուընէն ութ օր առաջ իրեն գացի մնաս բարով ըսելու, եւ չկրցայ զինքը ճանչնալ։ Ստուեր մը որ կը քաշկռտուէր տակաւին։ Բոցայտ եւ բոցեղէն Գարեգինէն ա՛յդ միայն մնացած էր։ Հազիւ կրցաւ «երթաս բարով» մը հծծել, ու գացի տրտո՜ւմ, տխո՜ւր։ Ա՛լ չտեսայ զինքը։

Երկամսեայ արձակուրդէն վերջը դարձայ Խարբերդ, եւ գտայ Գարեգինը՝ որ մինաւորիկ կը հանգչէր ապառաժուտ լերան կողին վրայ։ Ափ մը հող՝ հողակոյտի մը տակ, որուն վրայէն այնքան սիրաւէտ, այնքան կենսունակ յոյսեր ու երազներ անսահմանութեան ելան գացին։

Լերան շուշան մը՝ որ կը խամրի եւ մայր հողին կը խառնուի։

 


Պէշկէօթիւրեանի բանաստեղծութիւնը

Խմբագրել
  Ե՛կ, իմ սրինգ, իմ բարեկա՛մ սրտագին,

Նիհար շրթներդ, ո՜հ, երերուն,
Դի՛ր դալկահար իմ շըրթներուն,
Երգե՛նք ու լանք, լա՛նք ու երգենք տրտմագին։

Լա՛ց, զի լոկ քեզ գըտի հատորն իմ սրտին․
Դու բարունակ էիր կանաչ,
Երբ մի անգութ ձեռք անճանաչ
Կտրեց ըզքեզ, անջատեց մայրն ու որդին
Եւ թոյլ տըւիր որ լանջքիդ վրայ գալարուտ

Ծակեր բացին, վէրք երկաթի
Թո՛ղ այդ վէրքէն, ըսիր, կաթի
Արիւն․ բողոք միակ ըսփոփ վիշտերուդ։
Ես ալ մանուկ էի՜ անմեղ երբ վաղուց
մի անծանօթ պատճառ վըզիս
Լուծ մը դըրաւ, ո՜րբ կոչեց զիս
Եւ հօր ու մօր սիրոյն կարօտ զիս թողուց,
իմ ալ կուրծքըս ծակծկեցին ժանտ վէրքէր
Եւ որպէս դուն սիրես որմին
Յենուլ, լըռել, մինչեւ որ մին
Ճըյուզէ քեզ չե՛ս հառաչեր, չես երգեր,
Լըռիկ մնջիկ սիրեմ եւ ես հեռու կալ
Ընկերութեան ժիտ ժըխորէն,
Եւ իմ սրտին, հոգւոյն խորէն
Զննել, ըզգալ լոկ զարմանալ ու խոկալ։
Թող երգէոն դաշնակ, քընար գեղգեղեն
Յեկեղեցւոջ, ի գինետան,
Աղօթք ու պար թռչին, խայտան՝
Թող այլք վայ՛լեն հաճոյք մարմնոյ հոգեղեն,
Ա՜խ, իմ սըրինգ, աշխարհ յոյսով թո՛ղ բերկրի,
Թողս բախտն անոր ժպտի յոյսին,
Ե՛կ ես եւ դու ի միասին
Լանք ու երգենք, մեր բաժինն այս է, երկրի ․․․

- Գարեգին Պէշկէօթիւրեան
 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Մասիս 1892 էջ 199
  • Ծաղիկ Ա․ Անտոնեան 1907 էջ 391
  • Թանգարան Բարձ․ Հ․ Ասատուր էջ 333
  • Յիշատակարան, Վ. Գ. Զարդարեան, Ա. հատոր, Կ. Պոլիս, էջ 312: