Գիրերու Ծնունդը

Գիրերու ստեղծումէն առաջ բանաւոր պատմութիւնները կը պատմուէին եւ կը փոխանցուէին սերունդէ սերունդ: Երբ գիրը կը ծնի, մարդիկ կարելիութիւնը կ'ունենան հաշիւներ կատարելու եւ իրենց գիտութիւններէն հետքեր ձգելու:

Լատինական սկզբնատառեր

Պատմութիւն

Խմբագրել

Շումերները Միջագետքի մէջ, ներկայի` Իրաքը, ապրող ժողովուրդ էին: Այս ժողովուրդը այդ շրջանին մէջ ապրած է ՔԱ 4000 տարի առաջ: Այդ շրջանին մէջ արգաւանդ հողերը առատ հունձք կու տային. հետեւաբար կը յառաջանայ առեւտուրի գաղափարը: Սակայն մարդիկ չէին գիտեր պահել ցորենի փոխանակութեան մը հաշիւը կամ անոր տէրը… Շումերները կ'երեւակայեն եւ կը գծեն նշան-պատկերներ: Օրինակի համար, եզին նշանը եզի գլուխ մըն էր, գարիին նշանը` հասկ մը, ալեձեւ երկու գիծեր ջուրը կը ներկայացնէին, եւ այլն:

Գրելու համար անոնք կը գործածէին եռանկիւնաձեւ ծայրով եղէգ մը: Զայն կակուղ կաւին մէջ մխրճելով` կը յառաջանար գամի նման ձեւ մը: Սեպագիր գրութիւնը կը ծնէր: Տարբեր ձեւերով միասին դրուած գամի այս հետքերը նշաններ կը կազմէին:

Աշխարհի շուրջ այլ շրջաններու մէջ ուրիշ ժողովուրդներ ալ կը սկսին գիրեր ստեղծել. անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ դրութիւն մը կը զարգացնէ: Ընդամէնը 5 տարբեր խումբեր կը յայտնուին` Հնդկաստանի, Չինաստանի, Կեդրոնական Ամերիկայի, Միջագետքի եւ, վերջապէս, Եգիպտոսի մէջ[1]:

Մօտաւորապէս ՔԱ 3000 թուականին եգիպտացիները կը ստեղծեն մեհենագիրերը: Այս խրթին գրութեան տեսակը յաճախ կը կարդացուի աջէն ձախ: Անոնք նոյն ատեն կը զարգացնեն աւելի պարզ եւ նուազ խրթին գրագրութիւն մը, որ կարելիութիւնը կու տայ աւելի արագ արձանագրելու:

Սակայն ներկայիս մարդկութիւնը ունի ձայնաւորներէ եւ բաղաձայններէ կազմուած գիրեր: Լիբանանի ծովեզերեայ շրջանի նախկին բնակիչներն են` փիւնիկեցիները, որոնք մտածած են այբուբեն մը հնարել: Անոնք իւրաքանչիւր հնչիւնի համապատասխանացուցած են գիր մը, եւ ո՛չ պատկեր մը, ինչպէս մինչ այդ սովորութիւն էր: Այս այբուբենը կամաց-կամաց կը փոխարինէ սեպագիր գրութիւնը:

Փիւնիկեցիները այբուբենը կը փոխանցեն յոյներուն, որոնք այդ գիրերուն վրայ կ'աւելցնեն ձայնաւորները: «Այբուբեն» բառը յառաջացած է յունարէն գիրերու առաջին երկու գիրերէն` Ա – ալֆա եւ Բ – պեթա: Այս բառը հետագային կ'անցնի լատիներէնին, ապա ուղղակիօրէն`տարբեր լեզուներու:

Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին տարբեր այբուբեններ` հայերէն, արաբերէն, յունարէն, ռուսերէն… Եւ հակառակ անոր որ աշխարհի մէջ կը խօսուին մօտաւորապէս 7000 տարբեր լեզուներ, անոնցմէ միայն 240-ը ունին սեփական գիր[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել