Գութան (ամսագիր)

«Գութան» (ամսագիր), գիւղատնտեսական գիտական ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1901-1905 թուականներուն, Փարիզի մէջ։ Տնօրէն-խմբագիր՝ Գ․ Մեծաաուրեան։ Ձգտած է տարածել հողի մշակման առաւել օգտաւէտ եղանակները, հայ ընթերցողին հասցնել գիւղատնտեսական գիտութեան նուաճումները։ Առաջարկած է գիւղատնտեսական դասընթացներ ստեղծել գիւղական եւ նախակրթական վարժարաններուն մէջ, հայ ժողովուրդի ապագան կապել գիւղատնտեսութեան զարգացման հետ։ Տպագրած է յօդուածներ անասնապահութեան, անասնաբուծութեան, ցորենի եւ այլ կուլտուրաներու մշակման, շերամապահութեան, նորագոյն գիւղմեքենաներու մասին։

Գութան
Գութան
Տեսակ գիտական հանդես?
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է Յունուար 1901
Երկիր  Ֆրանսա
Հրատարակման վայր Փարիզ
Գրասենեակ Փարիզ

«Գութան»-ին առընթեր կազմակերպուած գործակալութիւնը օգնած է ձեռք բերել գիւղմեքենաներ ու գիւղգործիքներ, սերմեր, ինչպէս նաեւ մասնագիտական գրականութիւն, ստանձնած է ֆրանսացի մասնագէտներու միջոցով գործարաններու ու ագարակններու յատակագիծեր կազմելու գործը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։