Գուսան Հաւասի (Արմենակ Մարկոսեան, 25 Դեկտեմբեր 1895(1895-12-25), Այազմա, Ծալկայի մունիցիպալիտետ, Քվեմո Քարթլիի մարզ, Վրաստան - 22 Փետրուար 1978(1978-02-22), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ գուսան,

Գուսան Հաւասի
Ծնած է 25 Դեկտեմբեր 1895(1895-12-25)
Ծննդավայր Այազմա, Ծալկայի մունիցիպալիտետ, Քվեմո Քարթլիի մարզ, Վրաստան
Մահացած է 22 Փետրուար 1978(1978-02-22) (82 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
Մասնագիտութիւն Հայ Գուսաններ
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Վրաստանի Ծալկայի շրջանի Այազմա գիւղը, հողազուրկ հայ գիւղացիի մը ընտանիքին մէջ: Հաւասին տեսողութենէ զրկուած էր երեք տարեկանին՝ ծաղիկ հիւանդութեան պատճառով: Իրենց որդին բուժելու ծնողքին գործադրած ջանքերը ապարդիւն կ՚ըլլան: Արմենակին ծանր վիճակը շատ կը մտատանջէր ծնողքը, ելքեր կը փնտռէր, որ ան կեանքին մէջ իր տեղ գտնէ, զբաղում մը ունենայ եւ տեսողութեան պատճառով չմնայ տան մէջ փակուած:

 

Կարծես ես քո որդին չէի հարազատ,
Այլոց համար բարի մայր ես գթառատ,
Անգութ աշխարհ, իմ ջիգյարը դաղեցիր,
Դաղեցիր ու վերքերիս աղ շաղեցիր։

 


Անոր հայրը՝ Պարսամ Մարկոսեան, իրենց գիւղին մէջ նշանաւոր երգասաց էր, հեքիաթներ կը պատմէր, հաճելի զրոյցներ կը վարէր: Ժամանակի ընթացքին հայրը նոյն ձիրքը կը նկատէ իր որդիին մէջ եւ կը հասկնայ, որ գուսան ըլլալը ճիշդ այն գործն է, որ կրնայ իր որդին աշխատիլ: Կը ղրկէ որդին դրացի գիւղը՝ աշուղի մը մօտ ուսանելու: Որդին կը սորվի սազ նուագել, աշուղական գործի նրբութիւններուն կը տիրապետէ եւ տասներկու տարեկանին, ընկերակցելով տեղի աշուղներուն, կը շրջագայի գաւառի գիւղերուն մէջ։

Ախալքալաքի մէջ

Խմբագրել

Արմենակին հայրը անձամբ կը ճանչնար Ախալքալաքի մէջ նշանաւոր աշուղ Թիֆիլին (Եղօ Մանուկեան)՝ աշուղ Ջիւանիին ժամանակակիցը եւ դասընկերը. իր որդին կը ղրկէ անոր քով՝ աւելի կատարելագործուելու:

Արմենակը հոն կը մնայ երկու տարի, կ՚ապրի Թիֆիլիի տան մէջ, որդիական կապով կը կապուի Թիֆիլիի կնոջ հետ, որուն իբրեւ մայր կ՚ընդունի, իսկ երկու տարի ետք վարպետը զայն կը հռչակէ աշուղ եւ կը կնքէ Հաւասի անունով, որ ունի ցանկութիւն, տրամադրութիւն, սէր, բայց ոչ՝ եռանդ իմաստները: Թիֆիլին նաեւ Արմենակին իր սազը կը նուիրէ, իսկ այդ մէկը աշուղական աշխարհի մէջ կարեւոր եւ նշանակալից բան մըն է եւ կը փոխէ Հաւասիի կեանքը:

1929 թուականին Հաւասին արդէն ընտանիք կազմած եւ երկու երեխայի հայր, մշտական բնակութիւն կը հաստատէ Ախալքալաքի մէջ։ Հոս երիտասարդ գուսանին համար նոր ասպարէզ մը կը բացուի, ան ելոյթներ կ՚ունենայ տեղի նշանաւոր երաժիշտներ՝ ջութակահար Աշօ Գրիգորեանին եւ տուտուկահար Յարութ Դաւթեանին հետ։

Սազէն զատ Հաւասի նուագած է նաեւ թառ եւ տափ:

Երեւանի մէջ

Խմբագրել

1944 թուականին Հաւասին փոխադրուած է Երեւան, ուր կոյր մարդոց համար հայերէն սորվելու եւ կարդալու աւելի շատ հնարաւորութիւններ կային: Կոյրերու համար նախատեսուած պրայլեան համակարգին միջոցով, շատ կարճ ժամանակի ընթացքին, ան գրել-կարդալ կը սորվի: Իսկ իբրեւ գուսան կը մասնակցի գուսանական մրցոյթներու եւ մրցանակներ կը շահի:

1945-1947 թուականներուն Աշուղ Հաւասին մասնակցած է հանրապետական աշուղական փառատօներուն, 1960-ականներէն՝ նաեւ Պաքու տեղի ունեցող աշուղներու համագումարին:

Երեւանի մէջ գրողներու եւ երաժշտահաններու միութիւններու անդամ եղած է։ Եզակի աշուղներէն էր, որ ընդունուած էին այդ միութիւններուն մէջ:

Երգչախումբերը կը կատարէին անոր երգերը եւ միշտ դահլիճներուն մէջ սպասուած հիւր էր: Մի քանի անգամ հանդիսաւորութեամբ նշուած են գուսանին յոբելեանները:

Արամ Խաչատուրեան Հաւասին մեծապէս գնահատած է, մանաւանդ մեղեդին եւ բառերը ճշգրիտ կերպով համադրելու անոր ձիրքը: Ան թէ՛ բառերը կը յօրինէր, թէ եղանակը եւ անձամբ ալ յաճախ կ՚երգէր իր երգերը։

Տեսողութենէ զրկուած Հաւասին չէր կրնար նօթագրել իր յօրինած մեղեդիները: Անոր երաժշտութիւնը փոխանցուած է բերնէ-բերան, նօթագրուած ժողովրդական երգարուեստ հաւաքող երաժշտահաններու կողմէ:

Կիրարկած է աշուղական դասական տաղաչափութեան աւելի քան քառասուն ձեւեր, տարբերակած է զանոնք, օգտագործած նաեւ հայ ժողովրդական բանաստեղծութեան չափեր ու ձեւեր:

Հաւասիին յօրինած եղանակները ելեւէջային յատկանիշերով կը բխին գիւղական երգէն եւ ատոնցմէ մի քանին մեր նշանաւոր դասական երաժիշտները մշակած են ձայնի եւ դաշնամուրի, երգչախումբի, ժողովրդական երգի ու պարի խումբի համար:

Մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանն ալ քանի մը անգամ խորհրդակցութիւններ ունեցած է Հաւասիին հետ եւ երաժշտական նշմարներ առած անկէ՝ իր գործերուն մէջ օգտագործելու համար:

1978 թուականին գուսանը կը մահանայ՝ ձգելով հարուստ ժառանգութիւն եւ անմահ անուն մը մեր երգարուեստին մէջ:

Հաւասին գրած է մօտաւորապէս 2000 երգ եւ 1500 քառեակ, 130-ի չափ ալ յօրինած է մեղեդիներ, համերգներու ժամանակ հեքիաթներ պատմած է եւ երգերը համեմած պատմութիւններով: Անոր բոլոր յօրինումները լաւատեսական ոգի ունին եւ երգերը՝ դրական տրամադրութիւն կը բաշխեն մարդոց[1]:

Վրաստանի մէջ

Խմբագրել

Ծննդավայր Վրաստանի մէջ կանգնեցուած է Գուսան Հաւասիին արձանը, անոր մասին գիրքեր գրուած են, կեանքի ընթացքին արժանացած է ժողովրդական արուեստագէտի կոչումին։

Ամէն տարի, Վրաստանի Այազմա գիւղին մէջ, ուր ծնած է Գուսան Հաւասին, տեղի կ՚ունենայ անոր երգերու փառատօնը: Այդ գիւղին մէջ բացուած է անոր անունով հրապարակ մը[2]:

Երկերու մատենագիտութիւն

Խմբագրել

Անոր երգերը հրատարակուած են առանձին գիրքերով՝

  • «Բուրմունք», Երեւան, Հայպետհրատ, 1950, 75 էջ,
  • «Երգեր», Երեւան, Հայպետհրատ, 1958, 168 էջ,
  • «Իմ քնարը» (նօթագրուած), Երեւան, Հայպետհրատ, 1961, 156 էջ,
  • «Քառեակներ», Երեւան, «Հայաստան», 1966, 112 էջ,
  • «Յասմիկ» Երեւան, 1975, 180 էջ,
  • «Երգեր առանց նուագակցութեան», Երեւան, «Սովետական գրող», 1983, 364 էջ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Գուսան Հաւասի | Ջաւախք Մետիա»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-02-04-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-04 
  2. «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-04