Արամ Խաչատուրեան
Արամ Խաչատուրեան (24 Մայիս (6 Յունիս) 1903[1][2], Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն[3][1][2]
Կոջոր, Թիֆլիսի գաւառ, Թիֆլիսի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 1 Մայիս 1978[4][5][6][…], Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն[7][8][1][…]), հայ երգահան, խմբավար, մանկավարժ, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ 1954), ՀԽՍՀ ԳԱ կաճառի անդամ (1963), ռուսական ստեղծագործական դպրոցի եւ հայ դասական երաժշտութեան ներկայացուցիչ, որ ճանչցուած է որպէս համաշխարհային դասական։
Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է ցարական Թիֆլիսի մէջ՝ Կովկասի մշակութային բազմազգ մայրաքաղաքին մէջ, ապա 1921 թուականին տեղափոխուած է Մոսկուա։ Առանց սկզբնական երաժշտական գիտելիքներ ունենալու, ընդունուած է Գնեսինի պետական երաժշտական հիմնարկը, միաժամանակ սորվելով Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ։ Առաջին մեծ գործը եղած է «Դաշնամուրի կոնցերտը» (1936), որմով յայտնի դարձած է ան ԽՍՀՄ սահմաններէն դուրս։ Ժամանակակիցներու խօսքերով՝ Խաչատուրեանի ոճը կը բնութագրուի գունագեղ ներդաշնակութեամբ, թովիչ ռիթմերով, գեղագիտութեամբ եւ զգացական մեղեդիներով։
Խաչատուրեանը 20-րդ դարու ամէնաճանչցուած հայ երգահանն է, ինչպէս նաեւ առաջին հեղինակը հայկական թատերապարի ballet, համերգական, նուագահանդէսի եւ ֆիլմի երաժշտութեան։ Հետեւելով ռուսական երաժշտութեան սովորութիւններուն, ան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ լայնօրէն օգտագործած է հայկական եւ կովկասեան, արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներուն ազգային երաժշտութիւնը։
Կեանքն ու գործունէութիւնը
ԽմբագրելԿեանքի սկզբնական շրջան (1903–1921)
ԽմբագրելԱրամ Խաչատուրեան ծնած է 6 Յունիս 1903-ին (24 Մայիս), Թիֆլիս ( Վրաստան)[9][10]։ Որոշ աղբիւրներ Խաչատուրեանի ծննդավայր կը յիշատակեն Թիֆլիսի մօտ գտնուող Կոջորի արուարձանը[11][12][13] (այժմ կցուած է Վրաստանի Գարդաբանի քաղաքապետարանին)։
Հին Թիֆլիսը հնչուն, երաժշտական քաղաք է. բաւական էր անցնել կենտրոնից քիչ հեռու գտնուող փողոցներով ու նրբանցքներով, որպէսզի մխրճուել ամենատարբեր աղբիւրներից ստեղծուած երաժշտական մթնոլորտի մէջ...[14]։ - Արամ Խաչատուրեան
|
Արամ Խաչատուրեանի ծնողները հինաւուրց Գողթան գաւառէն են, որ պատմահայր Մովսէս Խորենացին գովերգած է իբրեւ շնորհալի երգիչ-երաժիշտներու հայրենիք։ Հայրը՝ Եղիան, ծնած է Օրտուպատի մօտակայքը (ներկայիս Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն, Ազրպէյճան) եւ 13 տարեկանին Թիֆլիս տեղափոխուած է։ 25 տարեկանին կազմարարական աշխատանքներով զբաղուող խանութի տէր կը դառնայ։ Մայրը՝ Ղումաշ Սարգիսովնա, ծնած է Ներքին Ազա գիւղին մէջ։ Խաչատուրեանի ծնողները նշանուած եղած են՝ նախքան զիրար ճանչնալը, երբ դեռ Ղումաշը 9 տարեկան էր, իսկ Եղիան՝ 19 (ժամանակին բաւական ընտանիքներ այս սովորութիւնը ունէին․ փոքր տարիքէն նշանել իրենց զաւակը ծանօթ ընտանիքի զաւակին հետ)։ Անոնք ունեցած են 5 զաւակ՝ մէկ աղջիկ եւ չորս տղայ։
Կազմարար Եղիային ընտանիքը կը բնակի Թիֆլիսի Կոջորի արուարձանին մէջ։ Գեղարուեստական պատմութեամբ հարուստ այդ հինաւուրց քաղաքին մէջ ստացած երաժշտական տպաւորութիւնները տան մէջ կ'ամբողջանան քաղցրահնչուն մեղեդիներով։ Արամին եղբայրները նոյնպէս շնորհալի են։ Սուրէն Խաչատուրեան Մոսկուայի մէջ թատերական մեծ գործիչ կը դառնայ, Լեւոնը՝ լաւ պարիթոն եւ յայտնի երգիչ, Վաղինակը՝ յաճախ հանդէս կու գայ սիրողական ներկայացումներով։ Անոնց զաւակները նոյնպէս արուեստով կը զբաղին։ Սուրէնին որդին՝ Կարէն Խաչատուրեանը, Մոսկուայի մէջ անուանի երգահան կը դառնայ, Վաղինակին աղջիկը Լէյլա Խաչատուրեանը՝ դերասանուհի՝ Երեւանի Ռուսական թատրոնին մէջ, Լեւոնի որդին՝ Էմին Խաչատուրեանը, նշանաւոր խմբավար։
Ապագայ երգահանը, նախ կ'ուսանի Ա. Արղութեան-Դոլգորուկովայի վարժարանին մէջ, ուր հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ անուանի գրող Ղազարոս Աղայեանի որդիին՝ Մուշեղ Աղայեանին վարած երգի դասերուն։ 10 տարեկանին, նախնական կրթութիւն ստանալու համար կ'ընդունուի Թիֆլիսի առեւտրական արհեստավարժարանը, ուր փողային նուագախումբին մէջ շեփոր կը նուագէ [15]։ Անյաղթահարելի է պատանի Արամին սէրը երաժշտութէան նկատմամբ։ Անընդհատ կ'երգէ, հանրայայտ մեղեդիներու յանկարծանուագումներ կը կատարէ՝ միշտ զգալով երաժշտական կրթութեան պակասը։ 1921-ի աշնան, արդէն ճանչցուած արուեստագէտ դարձած Սուրէն Խաչատուրեանը, կրտսեր եղբայրը կը տանի Մոսկուա՝ ուսում ստանալու[16][17]։ Հոն, ան բժշկութեան եւ երկրաչափութեան ասպարէզներուն երկընտրանքի միջեւ կը տատանի։
1915 թուականին, թրքական ներխուժման սարսափին տակ, պատանի Արամ Խաչատուրեանին ընտանիքը լքելով ամբողջ իր ունեցուածքը, կը գաղթէ Էկաթերինոտար (Կրասնոտար)՝ Խաչատուրեանին մեծ եղբօր մօտ։ Սակայն թրքական զօրքերը Թիֆլիս չեն ներխուժեր եւ ընտանիքը կը վերադառնայ տուն։
19-րդ դարուն եւ 20-րդ դարու սկիզբը, ամբողջ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ Թիֆլիսը ըլլալով ամէնամեծ քաղաքը, եղած է վարչական կեդրոն եւ հոն զարգացած են տարբեր մշակոյթներ[18]։ Ունեցած է հայկական մեծ համայնք եւ դարձած է հայկական մշակոյթի կեդրոն մինչեւ ռուսական յեղափոխութիւնը։ 1952-ին «Երաժշտութեան մէջ ֆոլք տարրերը իմ գաղափարը» նիւթով, Խաչատուրեան նկարագրած է քաղաքին շրջակայքը եւ անոր ազդեցութիւնը իր ասպարէզին վրայ։
Ես մեծացել եմ մի շրջապատում, որը լի է եղել ժողովրդական երաժշտութեամբ. հանրայայտ ծէսերը, տօները, տօնակատարութիւնները եւ տխուր իրադարձութիւնները մարդկանց կեանքում ուղեկցուել են երաժշտութեամբ, հայկական, ազրպէյճանական եւ վրացական վառ մեղեդիներով եւ պարերով, որոնք կատարում էին աշուղներն ու երաժիշտները, որոնք եղել են այն տպաւորութիւնները, որ խորը հետք են թողել իմ յիշողութեան մէջ, որոնք ուղղորդել են երաժշտական մտածողութիւնս։ Նրանք կերտել են իմ երաժշտական գիտակցութիւնը եւ ընկած են իմ արթիսթիք անհատականութեան հիմքերում։ Վերջին տարիներին ինչ փոփոխութիւններ եւ բարելաւումներ, որ տեղի են ունեցել իմ երաժշտական ճաշակում, ինչպէս նաեւ դեռ մանուկ հասակում մարդկանց հետ շփման միջոցով զարգացած սկզբնական հիմքերում, մշտապէս կը մնան իմ ողջ աշխատանքի սնուցման աղբիւր[19] - Արամ Խաչատուրեան
|
Ա․ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին, տարածաշրջանին մէջ կը կատարուին քաղաքական մեծ փոփոխութիւններ․ 1917 թուականին Ռուսիոյ Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը, Պատմական Հայաստանի արեւելեան մասին թրքական արշաւանքի դիմադրումը, Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումը եւ երկու տարի ետք՝ նորաստեղծ Հայաստանի խորհրդայնացումը։
Խաչատուրեան մշտապէս համայնավարութեան ջատագովը եղած է ու հաւատամքով՝ անաստուած[20]։ Երբ անոր հարցուցած են Վատիկան կատարած այցելութեան մասին, ան պատասխանած է.
Ես աթէիսթ եմ, բայց ես հայ ժողովրդի զաւակն եմ, ովքեր առաջինն են եղել, որ ընդունել են քրիստոնէութիւն, այսպիսով՝ Վատիկան այցելելը իմ պարտքն էր[21][22]։ - Արամ Խաչատուրեան
|
Երաժշտութեան մասնագիտական կրթութեան տարիներ (1922–1936)
Խմբագրել1921 թուականին տասնութամեայ Խաչատուրեան կը տեղափոխուի Մոսկուա՝ աւագ եղբօր Սուրէնի մօտ։ Վերջինս կ'աշխատէր Մոսկուայի արուեստներու թատրոնին մէջ, իբրեւ վարիչ բեմադրող։ Մոսկուայի մէջ եղբօր աշխատանքէն ներշնչուած՝ Խաչատուրեան կը մտնէ երաժշտութեան հրաշալի աշխարհը։ Ան 1922 թուականին կը յաճախէ Կնեսինի պետական երաժշտական գոլէճը՝ միաժամանակ ուսանելով Մոսկուայի համալսարանին մէջ կենսաբանութիւն։ Ան սկիզբը Սերկեյ Պիչքովի, այնուհետեւ Անտրէյ Պորուսեակի մօտ կ'ուսանի թաւ ջութակ։ 1925 թուականին Միխայէլ Կնեսինը հիմնարկին մէջ կը հիմնէ երգահաններու դասարան, որուն կը միանայ նաեւ Խաչատուրեանը։
Խաչատուրեան ուսումը կը շարունակէ Ռայնհոլտ Կլիերէի մօտ։ Միաժամանակ, 1926 թուականին կը գրէ իր առաջին գործերը՝ Dance Suite ջութակի եւ դաշնակի համար (1926) եւ Poem in C Sharp Minor (1927)։ Սկզբնական աշխատանքներուն մէջ արդէն Խաչատուրեանը լայնօրէն կ'օգտագործէ հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն։
1929 թուականին Խաչատուրեանը կ'ընդունուի Մոսկուայի երաժշտանոցը, ուր Նիկոլայ Մյասքովսքիի մօտ երգահանութիւն կ'ուսանի, իսկ Սերկէյ Վասիլենքոյի մօտ՝ խմբավարութիւն։
Երաժշտանոցը կ'աւարտէ 1934 թուականին եւ աւարտական աշխատանքը կը պաշտպանէ 1936 թուականին։
Ասպարէզի Սկիզբ եւ հարուստ ստեղծագործութեան շրջան (1936–1948)
Խմբագրել1935 թուականին Խաչատուրեան Մոսկուայի Երաժշտանոցը կ'աւարտէ ներկայացնելով հայկական ազդեցութեամբ (Առաջին ներդաշնակութիւն ) յօրինումը։ Այս աշխատութիւնը նշանաւոր խմբավարներու ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ շուտով խորհրդային լաւագոյն նուագախումբերուն կողմէ կը կատարուի[18]։ Շոսթաքովիչը կը հիանայ այս ստեղծագործութեամբ[19]։
1936 թուականին, երաժշտանոցը աւարտած[23], կը սկսի Խաչատուրեանի ստեղծագործական աշխոյժ ասպարէզը։ Ան նոյն տարին կը գրէ իր առաջին մեծ գործը՝ «Դաշնամուրի սիմֆոնիքը (Ներդաշնակութիւնը)»[24], որուն յաջողութիւնը զինք կը հաստատէ իբրեւ Խորհրդային Միութեան յարգուած երգահան[10]։ Այս ստեղծագործութիւնը մեծ ճանաչում կը գտնէ Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ալ դուրս,[25] ուր հանրածանօթ կը դառնայ[18]։
1936-1947 թուականներուն Խաչատուրեան կը գրէ թատերական երաժշտութիւն՝ ներկայացումներու եւ ֆիլմերու համար, ինչպէս նաեւ երգեր, եկեղեցական երաժշտութիւն եւ սիրուած «Ջութակի նուագահանդէսը», 1946 թուականին՝ «Երկրորդ սիմֆոնիան», 1943 թուականին՝ «Թաւ ջութակի եւ սիմֆոնիք նուագախումբի համար» նուագահանդէսը, 1946 թուականին՝ «Երրորդ սիմֆոնիան» եւ 1947 թուականին՝ «Բանաստեղծական սիմֆոնիան»։
Ան 1940-ականներուն կը շրջի ամբողջ Խորհրդային Միութիւնը՝ Լենինկրատ (Ս․ Փեթերսպուրկ), Քիեւ, Երեւան, Թիֆլիս, Սոչի, Խարքով։ 1950 թուականին Հռոմէն կը սկսի իր համաշխարհային շրջագայութիւնը։ Յետագայ տարիներուն կը շրջի 42 երկիր։ Իր շրջագայութիւններու ընթացքին ան կը հանդիպի բազմաթիւ հանրածանօթ մշակոյթի գործիչներու՝ Յ. Սիպելիուսի (Jean Sibelius), Է. Հեմինկուէյի (Ernest Miller Hemingway), Չ. Չափլինի (Charles Chaplin), Ս. Տալիի (Salvador Dalí) հետ։
Իր դաշնամուրի նուագահանդէսը եւ յաջորդող երկու այլ նուագահանդէսները՝ Ջութակի նուագահանդէս (1940 թուականին, որուն համար ան կ'արժանանայ պետական մրցանակի - յետագային՝ ստալինեան մրցանակ, որ կը համարուէր Խորհրդային Միութեան ամէնաբարձր պարգեւը[18][24]) եւ թաւ ջութակի նուագահանդէսը (1946)[10], յաճախ՝ մեծ շարք կը համարուին [10]։
«Ջութակի Նուագահանդէսը» կը ստանայ համաշխարհային ճանաչում[25] եւ միջազգային երաժշտացանկին մաս կը կազմէ[18]։ Առաջին անգամ կը կատարուի Տէյվիտ Օյսթրախի կողմէ[18]։
Խաչատուրեան ԽՍՀՄ Երգահաններու միութեան մէջ կը վարէ կարեւոր պաշտօններ․ 1937 թուականին՝ Մոսկուայի բաժինի փոխնախագահ, իսկ 1939-1948 թուականներուն՝ կը ծառայէ իբրեւ կազմակերպչական կոմիտէի նախագահի տեղակալ[12][26]։
1943 թուականին ան կը միանայ Կոմունիստական կուսակցութեան։ 1940-ականներու ընթացքին ան յօգուտ խորհրդային երաժշտութեան կերտման, կ'օգտագործէ այդ պաշտօնը՝ մշտապէս ուշադրութիւն դարձնելով միայն լաւագոյն ստեղծագործութիւններուն վրայ։ Հետեւաբար իբրեւ արգասիք իր յուշագրութիւններուն մէջ կ'արտայայտէ իր հպարտութիւնը՝ ղեկավարելու հիմնարկ մը, որ կը համակարգէ Խորհրդային Միութեան բոլոր պետութիւններուն մէջ երաժշտութեան տարբեր տեսակներու ստեղծագործական աշխատանքները։
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին նախորդող եւ յաջորդող տարիները Խաչատուրեանին համար արդիւնաբեր կ'ըլլան։ 1939 թուականին ան վեցամսեայ ճամբորդութիւն կը կատարէ դէպի Հայաստան՝ իր առաջին թատերապարին համար հայկական ժողովրդական երաժշտութեան խոր հետազօտութեան եւ ժողովրդական երգերու ու պարերու մեղեդիներ գտնելու նպատակով։ Յօրինած պալեթը (թատերապարը) կը կոչուի «Երջանկութիւն»։ Հայաստանի մշակոյթին հետ իր շփումը եւ երաժշտական փորձը, յետագային ինքը համարած է իր երկրորդ երաժշտանոցը։ Ան կը սերտէ, կը լսէ ու կը տեսնէ բազմաթիւ նորութիւններ, միեւնոյն ժամանակ հայերու ճաշակն ու գեղարուեստական պահանջքներուն վերաբերեալ ունենալով ենթադրեալ կարծիք, 1942 թուականին՝ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի թէժ (վառ) պահուն, ան կը վերամշակէ «Գայանէ» պալէթը։ Առաջին անգամ անիկա կը կատարուի Բերմ՝ Քիրովի թատերապարի (այսօր՝ Մարիինսքի թատրոնի պալէթի դահլիճ) բեմին վրայ, երբ Լենինկրատը պաշարման մէջ էր։ Խաչատուրեան մեծ յաջողութիւն կ'ունենայ եւ կ'արժանանայ Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակին[23]։
1943 թուականին ան կը գրէ «Երկրորդ ներդաշնակութիւն»ը, ձօնուած՝ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան 25-րդ տարելիցին։ Միխայիլ Լերմոնտովի «Դիմակահանդէս» ներկայացման հիման վրայ կը գրէ մէկ գործողութիւնով բաղկացած համանուն երաժշտութիւն, ներդաշնակ հաւաքակազմ՝ ռուսական շքեղ դասական երաժշտութեան աւանդոյթներով[24]։ Ե՛ւ «Գայանէ» պալէթը, ե՛ւ «Երկրորդ ներդաշնակութիւն»ը կը յաջողին ու ջերմօրէն կ'ընդունուին Շոստակովիչի կողմէ[10]։ 1944 թուականին Խաչատուրեան կը յօրինէ Հայկական ԽՍՀ օրհներգը։
Քննադատութեան շրջան (1948)
Խմբագրել1947 թուականի Դեկտեմբերի կիսուն շարժման եւ քարոզչութեան բաժինէն (յայտնի որպէս շարժումը տարածելու ջանք եւ ծաւալում) Խորհրդային Միութեան Կոմունիստական կուսակցութեան քարտուղար Անտրէյ Ժտանովին, խորհրդային երաժշտութեան զարգացման գործընթացին թերութիւններուն մասին փաստաթուղթ կը ներկայացնէ։ 1948 թուականի Յունուար 10-3, Քրեմլինի մէջ, ներկայութեամբ 70 երաժիշտներու՝ երգահաններ, նուագախումբի վարիչներ կամ ղեկավարներ եւ այլ գործիչներ, կը կայանայ խորհրդաժողով, ուր ներկաները կը հակասեն Ժտանովին[27]։
Մենք հաշուի կ'առնենք, որ մեր ընկերները եւ մասնաւորապէս՝ Տ. Շոսթաքովիչ, Ս. Փրոքոֆիեւ, Միասքովսքի, Խաչատուրեան, Տ. Քապալեւսքի եւ Շեպալին, ովքեր երաժշտական ուղղութիւններուն առաջատար դեր ունին եւ այդ ուղղութիւններուն կազմաւորողներն են, սակայն այդ ուղղութիւնները արմատապէս սխալ են։ |
Այսպիսով, Խաչատուրեան եւ վերոնշեալ ծանօթ երգահանները Կոմունիստական կուսակցութեան կողմէ կը մեղադրուին իբրեւ երաժշտական ձեւապաշտութեան (formalism) ենթադրեալ հետեւորդներ[10] (երաժշտութեան տեսակ, որ համարուած է հասարակութեան չափէն դուրս ժամանակակից կամ դժուար բաւականութիւն պատճառելու համար)[25], իսկ անոնց երաժշտութիւնը կը կոչուի «հակաժողովրդական»[28]։
1947 թուականին յօրինուած «Ներդաշնակ բանաստեղծութիւն»ը, որ յետագային կը կոչուի «Երրորդ ներդաշնակութիւն», կուսակցութեան շրջանակին մէջ պաշտօնապէս Խաչատուրեանը համբաւի կ'արժանանայ[27][29]։ Իբրեւ հեգնանք՝ ան կը գրէ «Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան» 30-ամեակին նուիրուած գործը[30] եւ կ'ըսէ.
Երաժշտագէտ Պլէյր Ճոնսթըն համոզուած է, որ Խաչատուրեանի երաժշտութիւնը կը պարունակէ շատ քիչ անընդունելի յատկանիշներ, եթէ իսկապէս կը պարունակէ, որոնց կը հանդիպինք իրմէ աւելի արկածախնդիր գործընկերներու երաժշտութիւններուն մէջ։ Թէպետեւ իր երաժշտութիւնը այդպէս չէ, բայց շատ հաւանական է, որ խորհրդային երգահաններու Միութեան մէջ Խաչատուրեանի վարչական դերը ղեկավարութեան կողմէ ընկալուած ըլլայ, իբրեւ քաղաքականապէս սխալ երաժշտութեան հանգրուան, որ 1948 թուականին զինք մտցուց սեւ ցուցակին մէջ[31]։ «Կը պատժեն» զինք Հայաստան[10] ուղարկելով[32]։ 1948 թուականի Մարտ ամսուն[32] Խաչատուրեան Ժտանովի հրամանագրէն ետք, իր գեղարուեստական «սխալներուն» համար ներողութիւն կը խնդրէ, սակայն իր երաժշտական ճաշակը փոփոխութիւններու չենթարկեր[31]։ 1948 թուականի Դեկտեմբերին[32] Լենինի մասին կենսագրական իր ֆիլմին շնորհիւ[24] իրեն ներում կը շնորհուի։
Գործունէութիւն, ստեղծագործութիւն եւ համաշխարհային ճանաչում (1950–1978)
Խմբագրել1950 թուականին «Ստալինկրատի ճակատամարտ»ը The Battle of Stalingrad (1949 թուական) ստեղծագործութեան համար կը պարգեւատրուի ԽՍՀՄ բարձրագոյն «Ստալին» մրցանակով։
Նոյն տարին Խաչատուրեան կը սկսի իր խմբավարական գործունէութիւնը[31]։ Ալմա Մատըրի (մայր կրթօճախ) մէջ կը սկսի դասաւանդել երգահանութեան արուեստը (երգահանութիւն)։ 1951 թուականէն սկսեալ կը դասաւանդէ Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ[12]։ Իր ուսանողներէն շատեր կը դառնան նշանաւոր եւ հանրաճանաչ[11][33][34][35][36][37]։ Համալսարանի ուսուցչապետ աշխատած տարիներուն, Խաչատուրեանը իր ուսանողներուն մօտ կ'ընդգծէ ժողովրդական երաժշտութեան դերը եւ անոնց մէջ կը սերմանէ այն գաղափարը, որ երգահանները պէտք է կատարելագործեն իրենց ազգային երաժշտական ժառանգութիւնը[12]։
1950 թուականին ան կը սկսի աշխատիլ իր երրորդ եւ վերջին թատերապարի՝ «Սպարտակ»ին (1950-1954) վրայ, որ յետագային կը համարուի իբրեւ զինք միջազգային ճանաչումի արժանացուցած վերջին աշխատանքը[10]։ 1954 թուականին կը ստանայ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտի կոչում[24]։ «Սպարտակ» թատերապարը կը վերամշակուի 1968 թվականին[10]։
1956 թուականի Դեկտեմբեր 27-ին Խաչատուրեանի յայտնի «Սպարտակ»ը կը բեմադրուի Կիրովի բեմին վրայ։ Խաչատուրեանի 70-ամեակը պաշտօնապէս կը նշուի Մոսկուայի եւ Երեւանի մէջ։
«Սպարտակ» թատերապարի յաջողութիւններէն ետք, կեանքին մնացեալ տարիները աւելի քիչ կը տրամադրէ երաժշտութիւն գրելու եւ աւելի շատ կը զբաղի դասաւանդելով, ճամբորդելով, դիւանակալութեամբ եւ կազմակերպչական աշխատանքներով[19]։ Ան, 1958 թուականէն Լատին Ամերիկայի երկիրներուն հետ բարեկամութեան եւ մշակութային համագործակցութեան խորհրդային ընկերութեան նախագահի պաշտօնին վրայ կը ծառայէ եւ 1962 թուականէն՝ խորհրդային խաղաղութեան կոմիտէի անդամ[12]։
Խաչատուրեան իր սեփական ստեղծագործութիւնները ընդգրկող համերգներով կը շրջագայի աւելի քան 30 երկիրներ, որոնց մէջ ներառեալ են արեւելեան դաշինքի պետութիւնները՝ Իտալիա (1950), Մեծն Բրիտանիա (1955, 1977), Լատին Ամերիկա (1957), Միացեալ նահանգներ (1960, 1968)[19][25] եւ Յունաստան[38], Հոլանտա եւ եւրոպական այլ երկիրներ։ 1968 թուականին մշակութային նշանակալի ուղեւորութիւն կ'ունենայ դէպի Ուաշինկթըն՝ ղեկավարելով ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը՝ իր իսկ ստեղծագործութիւններէն բաղկացած կտորներով[31]։
1957 թուականէն մինչեւ մահը, Խաչատուրեան կրկին կը շարունակէ ծառայել որպէս ԽՍՀՄ Երգահաններու քարտուղար[12]։ Ան նաեւ պատգամաւոր է Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին 5-րդ գումարման (1958–1962)[39]։ Իր կեանքի վերջին քսան տարիներուն Խաչատուրեան գրած է երեք համերգային «ռապսոդիա»՝ ջութակի համար (1961-1962), թաւ ջութակի համար (1963), դաշնամուրի համար (1965)[30] եւ մեներգ «սոնաթներ» (sonata) հատանուագներ կամ նուագերգութիւններ՝ թաւ ջութակի, ջութակի եւ ալթոյի նուագակցութեան համար (1970-ականներ)[10]։ Իր վերջին ստեղծագործութիւնները յաճախ կը քննադատուին իբրեւ կրկնուող եւ ելեկտրական[24]։
Խաչատուրեան նկատի ունէր գրելու թատերգրութիւն մը նուիրուած աշուղ Սայաթ-Նովային, սակայն մահը վրայ կը հասնի 75-րդ տարեդարձէն ամիս մը առաջ։ [40]
Խաչատուրեան կը մահանայ Մոսկուա, 1978 թուականի Մայիս 1-ին՝ իր 75 ամեակի շեմին[30]։ Ան թաղուած է Մայիս 6-ին, Երեւան՝ «Կոմիտասի անուան պանթէոն»՝ հայազգի այլ մեծերու՝ Կոմիտասի, Ա. Իսահակեանի, Մ. Սարեանի կողքին։ Ան ապրած է իր որդիի՝ Կարէնի, դուստր՝ Նունէի[17], եւ եղբօրորդի՝ Կարէն Խաչատուրեանի հետ, որ նաեւ երգահան է[10]։
Անձնական կեանք
ԽմբագրելԱմուսնացած է երկու անգամ։ Առաջին կնոջ հետ Արամ Խաչատուրեան կը ծանօթանայ 1920-ական թուականներու վերջը․ անոր հետ կնքած ամուսնութենէն կը ծնի դուստրը՝ Նունէն։ Կ'ամուսնալուծուի իր կնոջմէն, որպէսզի 1933[41] թուականին ամուսնանայ Մյասքովսքիի խումբին մէջ աշակերտակից Նինա Մաքարովայի հետ։ 1940-ին կը ծնի որդին՝ Կարէնը[42]։
Երաժշտութիւնը
ԽմբագրելԽաչատուրեանի աշխատանքները կ'ընդգրկեն թատերապարեր, սիմֆոնիաներ, նուագահանդէսներ, ֆիլմերու երաժշտութիւններ եւ այլն։ Երաժշտական քննադատ Էդուարդ Կրինֆիլտն այն կարծիքը յայտնած է, որ Խաչատուրեան նշանակալի կերպով կը փայլի խորհրդային ժամանակակիցներու շրջանին, ստեղծելով յստակօրէն ճանաչելի ոճ․ բան մը, որ իր նախորդները ի վիճակի չեղան կատարելու[19]:
Ան իր ստեղծագործութիւններուն մեծ մասը ստեղծած է 10 տարուան ընթացքին՝ 1936-1946 թուականներուն, երկրորդ համաշխարհային պատերազմի նախորդող եւ յաջորդող տարիներուն։ 1948 թուականի դատապարտումէն եւ իր պաշտօնական վերականգնումէն ետք, Խաչատուրեան կեանքին վերջին 30 տարիներու ընթացքին արժանացած է միջազգային ճանաչման[18]:
Ըստ Ճէյմս Պաքսթի՝ Խաչատուրեան կը զատորոշուի մնացեալ խորհրդային երգահաններէն: Անոր մշակած երաժշտութիւնը ազգային, հայկական, ձայնային եւ գործիքային ժամանակակից նուագախմբային հմտութիւններու միախառնումն է։ Խաչատուրեանի երաժշտութիւնը կը բնութագրուի աշխոյժ կշռական զարգացմամբ, որ արդիւնքն է հիմնական բանաձեւի սոսկ կրկնութեան եւ կամ այս բանաձեւի ծիրին մէջ շեշտի խաղին[43]:
Ստեղծագործութիւններ
ԽմբագրելԹատերապարեր
ԽմբագրելԽաչատուրեան միջազգային ճանաչում ստացած է թատերապարի ballet երաժշտութեան համար: Անոր երկրորդ թատերապարը՝ «Գայանէ»ն, հիմնովին վերամշակուած է բաղդատաբար «Երջանկութիւն» թատերապարին[29][44]: Ըստ Ռ. Ատալեանի՝ Գայանէն եւ Սպարտակը անոր ամէնայաջող ստեղծագործութիւններն են[45]: Ըստ Ճոնաթան ՄաքՔոլլումի եւ Էնտի Ներսէսեանի՝ Խաչատուրեանի երաժշտութիւնը այս երկու թատերապարերուն համար կրնայ դասուիլ հանրածանօթ դասական երաժշտութիւններու շարքին. փաստ, որ ասոնք հաւանաբար միակ գործերն են, որոնց միջոցով աշխարհը իսկապէս կը տեղեկանայ հայկական երաժշտութեան մասին[46]: Էն Հասքինսը «LA Weekly» շաբաթաթերթին մէջ, այն կարծիքը յայտնած է որ Խաչատուրեան իր անջնջելի հետքը ձգած է աշխարհի թատերապարին վրայ[47]:
«Սպարտակը» ճանչցուեցաւ այն ժամանակ, երբ 1970-ականներուն BBC հեռատեսիլի կայանը օգտագործեց իր կողմէ նկարահանուած թատերագրութեան հաղորդաշարերուն մէջ[30]: Անոր գագաթնահայեցութիւնը օգտագործուած է նաեւ «Կալիկուլա» (1979)[48] եւ «Սառցէ Դարաշրջանը. Հալոցք» (2006) շարժանկարներուն մէջ[49]:
Ճոէլ Քոէնի «The Hudsucker Proxy» («Հատսաքըրի Փոխանորդը», 1994) շարժանկարին մէջ նոյնպէս հնչած են «Սպարտակի» եւ «Գայանէ»ի (նաեւ «Սուրերով Պարը») երաժշտութիւնները[49]: «Գայանէ»ի «Ատաճիոն» օգտագործուած է Սթենլի Քուպրիքի մէջ 1968 թուականին «2001 Թուականի Տիեզերական Ոդիսականը» շարժանկարին մէջ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ շարժանկարներու մէջ[50]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 Հայկական համառոտ հանրագիտարան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 2.
- ↑ 3,0 3,1 3,2 Хачатурян Арам Ильич // Хачатурян Арам Ильич / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
- ↑ 4,0 4,1 4,2 filmportal.de — 2005.
- ↑ 5,0 5,1 5,2 Բրոքհաուզի հանրագիտարան
- ↑ 6,0 6,1 6,2 Gran Enciclopèdia Catalana — Grup Enciclopèdia, 1968.
- ↑ 7,0 7,1 7,2 http://www.independent.co.uk/arts-entertainment/obituary-anatol-vieru-1181072.html
- ↑ 8,0 8,1 8,2 http://www.musicweb-international.com/classrev/2007/Aug07/Khachaturian_3932292.htm
- ↑ Փրոմիթ Դուտտա (18 նոյեմբեր 2013)։ «Արամ Խաչատրյան»։ Բրիտանիկա հանրագիտարան։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 13 մարտ 2014-ին
- ↑ 10,00 10,01 10,02 10,03 10,04 10,05 10,06 10,07 10,08 10,09 10,10 Հարվարդի երաժշտական կենսագրական բառարան։
- ↑ 11,0 11,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
- ↑ 12,0 12,1 12,2 12,3 12,4 12,5 «Արամ Իլիչ Խաչատրյան» (Ռուսերէն)։ Մոսկուայի կոնսերվատորիա։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 21 օգոստոս 2014-ին
- ↑ Քրեմեր, Ալֆրեդ, Վ., խմբգր․ (2009)։ 20-րդ դարի երաժիշտներ և կոմպոզիտորներ, 3-րդ հատոր։ Salem հրատարակչություն։ էջ 766։ ISBN 9781587655159։ «Արամ Խաչատրյանը ծնվել է 1903 թվականի հունիսի 6-ին, Թբիլիսիի Խոնջորի արվարձանում»
- ↑ Արամ Խաչատրյանի կենսագրությունը
- ↑ Թոմոֆ, 2006, էջ 34
- ↑ «Արամ Խաչատրյանի տուն թանգարան»։ Արամ Խաչատրյանի թանգարան։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2 Փետրուար 2014-ին
- ↑ 17,0 17,1 «Տոհմածառ»։ Արամ Խաչատրյանի վիրտուալ թանգարան։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 11 Փետրուար 2014-ին
- ↑ 18,0 18,1 18,2 18,3 18,4 18,5 18,6 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
- ↑ 19,0 19,1 19,2 19,3 19,4 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
- ↑ Համալիան Լեո (1980)։ As others see us: the Armenian image in literature։ New York: Ararat Press։ էջ 46։ ISBN 978-0933706170։ «Aram Khachaturian ... Besides his being an atheist, his Armenian descent...»
- ↑ Վոլկով Սոլոմոն։ «Они сократили целых 4 такта моей музыки!»։ The New Times (Russia) (Ռուսերէն) (Երեւան)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 22 օգոստոս 2014-ին։ «По поводу поездки в Рим композитор отметил: “Я — атеист, но являюсь сыном народа, первым в истории официально принявшим христианство, и потому посещение Ватикана было моим долгом”.»
- ↑ Առաքելով Սերգեյ (ապրիլ 2006)։ «Воспоминания о маэстро»։ Noev Kovcheg Magazine (Ռուսերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 27 դեկտեմբեր 2014-ին
- ↑ 23,0 23,1 «Биография Арама Хачатуряна» (Ռուսերէն)։ RIA Novosti։ 6 հունիս 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 13 մարտ 2014-ին
- ↑ 24,0 24,1 24,2 24,3 24,4 24,5 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
- ↑ 25,0 25,1 25,2 25,3 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
- ↑ Շվարց Բորիս (1980)։ «Արամ Խաչատրյան»։ The New Grove Dictionary of Music and Musicians (Լոնտոն: Օքսֆորդի համալսարանի հրատարակչություն)
- ↑ 27,0 27,1 Ֆեյ Լոուրել Է. (2005)։ Շոստակովիչ. կյանքը։ Նյու Յորք: Օքսֆորդ համալսարանի հրատարակչություն։ էջեր 155–157, 160։ ISBN 9780195182514
- ↑ Մազուլո Մարկ (2010)։ Շոստակովիչի նախերգերն ու ֆուգաները. համատեքստը, ոճը, կատարումը։ Նյու Հեվն, Կոնեկտիկուտ: Յեյլ համալսարանի հրատարակչություն։ էջ 14։ ISBN 9780300149432
- ↑ 29,0 29,1 Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedGreene's
- ↑ 30,0 30,1 30,2 30,3 Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedThe Musical Times 1978
- ↑ 31,0 31,1 31,2 31,3 Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedՋոնսթոն, AllMusic 2005
- ↑ 32,0 32,1 32,2 Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedԸնթացիկ կենսագրություն
- ↑ «Aziz El-Shawan»։ OVGuide։ արտագրուած է՝ 1 Փետրուար 2014
- ↑ «Музыку Люблю Даже Больше, Чем Себя»։ Նովայա գազետա (Ռուսերէն)։ 17 մարտ 2003։ արտագրուած է՝ 1 Փետրուար 2014
- ↑ Վասյանին Անդրեյ (16 հուլիս 2010)։ «Авось, все будет хорошо» (Ռուսերէն)։ արտագրուած է՝ 1 Փետրուար 2014
- ↑ «Европейскую классическую музыку лучше всех теперь пишут сыны Востока»։ pravda.ru (Ռուսերէն)։ 10 մայիս 2006։ արտագրուած է՝ 1 Փետրուար 2014
- ↑ «Арам Ильич Хачатурян и его ученики» (Ռուսերէն)։ Պ. Չայկովսկու անվան Մոսկուայի պետական կոնսերվատորիա։ 16 հունիս 2013։ արտագրուած է՝ 2 Փետրուար 2014
- ↑ 5-րդ նկար՝ Արամ Խաչատրեանին Յունաստանի Ազատ Օր օրաթերթին խմբագրատունը այցելութենէն․ հարցազրոյց վարողը՝ թերթին կամաւոր յօդուածագիր, վարչական պատասխանատու ընկ․ Կարօ Մինասեան https://azator.gr/?page_id=498
- ↑ Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedysu
- ↑ Արմենիքա յունալեզու պարբերաթերթ, հայ երաժիշտներ բաժին, Արամ Խաչատրեան http://armenika.gr/prosopa/117-mousikoi/398-aram-xatsantourian
- ↑ Արամ Խաչատրյանի կյանքն ու գործունէութիւնը
- ↑ Больше, чем любовь. Арам Хачатурян и Нина Макарова
- ↑ «Хачатурян, Арам Ильич» (Ռուսերէն)։ Krugosvet։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-08-21-ին։ արտագրուած է՝ 2015-12-05։ «Характернейшим качеством музыки Хачатуряна является активное ритмическое развитие, достигающееся часто простым повторением основной формулы (остинато) или игрой акцентов внутри этой формулы.»
- ↑ Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedlaphil
- ↑ Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedԱդալյան
- ↑ McCollum, Ներսեսյան, էջեր 95-96
- ↑ Հասկինս Էն (11 օգոստոս 2008)։ «Media City Ballet-ը հարգանքի տուրք է մատուցում Արամ Խաչատրյանին»։ LA Weekly։ արտագրուած է՝ 15 սեպտեմբեր 2012
- ↑ Սպենսեր Քրիսթոֆեր (2008)։ Ֆիլմերի և հեռուստատեսության համար երաժշտություն, 1950-1979: Քննադատական հետազոտություն ըստ ժանրերի։ ՄկՖարլանդ և ընկերներ։ էջ 125։ ISBN 9780786452286
- ↑ 49,0 49,1 «Արամ Խաչատրյան»։ Internet Movie Database։ արտագրուած է՝ 6 հուլիս 2014
- ↑ «Ինչու եմ ես սիրում. երաժշտությունը 2001 թվականին. մոլորակի ոդիսական»։ The Daily Telegraph։ 4 հունիս 2010։ արտագրուած է՝ 21 մարտ 2014