Գրական յղում
Գրական յղում, յիշատակումն է գրագէտի մը ու անոր գործին։ Երբեմն յղման համար կը նշուի գործին տիտղոսը` չակերտուած, նոյնիսկ կը նշուին հրատարակութիւնը, գլուխը, էջաթիւը եւ այլն, բայց այս բոլորը պայման չեն։ Իր տեղադրումով յղումը կրնայ դրուիլ ուղղակի բնագիրին մէջ, կամ անջատ ծանօթագրութեան ձեւի տակ։
Երբեմն յղումը գրեթէ կը նոյնանայ ակնարկութեան հետ, ինչպէս՝ Պետրոս Դուրեանին «Թրքուհին» բանաստեղծութեան այն տողը, ուր պարզապէս յիշատակուած են բանաստեղծ Լամարթինը եւ անոր մէկ փոխաբերութիւնը
«Սրտի մեղու, ինչպէս կոչեց Լամարթին,
Որուն ծծած ծաղիկը սիրտ, մեղրն է սէր...»։
Իսկական յղման օրինակ է Սիամանթոյի մէկ նամակին այս տողը.
«Կարդացիք Վերհարնի «Les Villes Tentaculaires»ը։
- Գրական-մշակութային ակնարկութեան կամ յղման մէջ, երբեմն, ուղղակի յիշատակուած չեն ըլլար գրագէտ ու գործ, կը տրուին շրջաբանութեամբ մը։ Այսպէս, ակնարկելով Արտաւազդի բանտարկումի առասպելին, Վ. Թէքէեան պիտի բաւարարուի գրելով.
«Կեր տարէ՛ք Մասեաց այրին առջեւ,
որուն ներսը ծեր,
Հսկայ գամբռներ կ'ոռնան գիշեր եւ ցերեկ...:
Թո՛ղ զօրանան անոնք եւ թո՛ղ վերջապէս կրծեն շղթան բանտարկեալին դարաւոր...»։
Մէջբերումը յղումէն անդին ուղղակի ուրիշ բնագիրէ մը կտոր մը արտագրելն է, միշտ չակերտեալ եւ ընկերակցուած աղբիւր-գործին յղումով։ Այսպէս՝ Րաֆֆի, մէջբերելով Աստուածաշունչէն խօսք մը պիտի գրէ.
«Քահանան բացատրում էր Սուրբ գիրքի այն խօսք իմաստը, թէ ճակատի քրտինքով պէտք է վաստակես քո հացը»։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելԱ. գիրք, «Հայ Կեանք Եւ Գրականութիւն», էջ 16։